ԱՆԴՈՒՆԴԻ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ
Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը վերջերս արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի՝ անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգին։ Թերթի անցեալ յունուարի 22-ի համարին մէջ այս առթիւ զօրակցութեան հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ «Զարթօնք»ի Երեւանի աշխատակից Քրիստինա Աղալարեանի կողմէ կատարուած հեռավար հարցազրոյց մըն էր այս մէկը։ Զօրակցութեան տրամադրութիւնով կատարուած այս հարցազրոյցին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք թէ՛ Քրիստինա Աղալարեանին եւ թէ մեր պաշտօնակից օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին։ Ստորեւ կը հրատարակենք «Զարթօնք»ի նիւթը։
*
Պոլսոյ մէջ հրատարակուող ամենահին հայկական օրաթերթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ իր 114-ամեակը նշեց տխուր խմբագրականով: Թերթը կ՚ահազանգէ՝ ֆինանսական դժուարին կացութեան մէջ է եւ փակման վտանգի առջեւ կանգնած է: Վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ խորացող տնտեսական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ տպագիր մամուլի հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումը բացասաբար անդրադարձած են թերթի գործունէութեան վրայ:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին թերթի միջոցները հետզհետէ պակսած են։ Նշենք, որ պարբերականի ֆինանսական միջոցները կը ձեւաւորուին բացառապէս Թուրքիոյ հայութեան միջոցներով եւ այդ իսկ եկամուտներու նուազումը յանգեցուցած է նման ցաւալի իրավիճակի:
Նիւթին վերաբերեալ «Զարթօնք», զօրակցելով իր պաշտօնակիցին՝ զրուցեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։
-Պարոն Գօչունեան, խնդրեմ կը ներկայացնէ՞ք այն խնդիրները, որոնց պատճառով ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը յայտնուած է տագնապալի վիճակի մէջ։ Այսօր ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է ամենահին հայկական օրաթերթը։
-ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, տակաւին, հայ իրականութեան մէջ հրատարակուող ամենահին հայկական թերթն է։ Մենք նախորդ տարի թերթի 114-ամեակը նշեցինք ցաւալի խմբագրականով՝ ահազանգելով թերթի օրհասական վիճակի մասին։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը յայտնուած է անդունդի եզրին։ Անցեալ մէկ տարուան մէջ եղան զօրակցական շարժումներ, բայց, ի վերջոյ, չկարողացանք որեւէ յստակ լուծում գտնել եւ յայտնուեցանք այսօրուայ փակուղային վիճակի մէջ։ Այսօր գերմարդկային ջանքերով կը փորձենք իրավիճակը կառավարել։
-Պատճառներու մասին կը խօսի՞ք։ Արդեօք կա՞յ քաղաքական որեւէ խնդիր, որու հետեւանքով թերթը յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ։
-Քաղաքական որեւէ խնդիր չկայ։ Հիմնականին մէջ երեք պատճառ կայ։ Վստահաբար, դուք գիտէք, որ մօտաւոր անցեալին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երկարատեւ ու մշտական ճգնաժամի մէջ կը գտնուէր։ Փակուղի մտած պատրիարքական ընտրութիւնները յառաջացուցին բեւեռացումներ ու պառակտումներ, որոնց հետեւանքով անմիաբանութեան մթնոլորտը ա՛լ աւելի խորացաւ։ Որոշ ուղղութիւններով, ցաւօք սրտի, սկսած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի թիրախաւորման գործողութիւններ։ Թերեւս, մենք բազմիցս թերթին մէջ զգուշացուցած ենք, որ նման գործելաոճը անընդունելի է, որմէ յետոյ բոլորը սկսան արդարացումներ որոնել։ Մենք բացատրած ենք, որ այդ բեւեռներէն ոչ մէկը իրաւունք ունի սեփական հայեացքներէն ելնելով միւսը ծունկի բերել, այդ կերպով հարցեր լուծելու համար։ Մենք բացատրած ենք, որ որեւէ խնդրի լուծումը փոխադարձաբար համաձայնեցուած քննարկումներու մէջ է։ Մարդիկ չեն ուզած հասկնալ այս բանը։ Երբ այդ շրջանակները սկսան խնդիր ունենալ համայնքի առջեւ արդարանալու տեսանկիւնէն, սկսան իրարու նկատմամբ պիտակաւորումներու եւ թիրախաւորումներու արատաւոր երեւոյթները։ Անոնցմէ անմասն չմնաց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։ Անոնք տեսան, որ բեւեռներէն ոչ մէկը կը յաջողի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր կողմը քաշել, այս բանին զուգահեռ մեր անաչառ լրատուամիջոցը կը մերկացնէ իրենք ժողովուրդի մօտ, սկսան թիրախաւորել թերթը՝ սեղմել կոճակը, որպէսզի թերթը դժուարութիւններու առջեւ կանգնի եւ ի վերջոյ փակուի, այդ կերպով ցանկանալով լռեցնել մեզ։ Սա պատճառներէն մէկն է, ի հարկէ եւ հիմնականը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, ի տարբերութիւն Պոլսոյ մէջ գործող հայկական միւս թերթերէ, վարձակալած տարածքէ ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Մենք համացանցէ թեքստեր կրկնօրինակող թերթ չենք։ Մեր թերթին մէջ ամէն օր հեղինակային կը հրապարակուին յօդուածներ, որոնք իրենց գինը ունին։
Նշեմ եւս երկու խնդիր՝ աւելի ընդհանրական բնոյթով։ Անոնցմէ մէկը սփիւռքի համատարած ուծացումն է, որ Պոլսոյ հայկական համայնքի պարագային ունի աւելի առանձնայատուկ դրսեւորում։ Ըստ էութեան, այստեղ կայ հայկական դպրոցներու ցանց, որ ունի մօտ 3 հազար աշակերտ։ Հայոց լեզուն ու հայկական ինքնութիւնը պահպանելու տեսանկիւնէն այդ դպրոցներու աշխատանքը անբաւարար է։ Անոնց ղեկավարները անտարբեր են այդ իրավիճակի նկատմամբ։ Մայրենի լեզուի չակերտաւոր ուսուցիչներ կան, որոնք հայկական մամուլին չեն ալ հետեւիր։ Ինչու չէ նաեւ այդ մարդոց տեսանկիւնէն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը աչքի փուշ դարձած է։ Եւ սա այն իմաստով, որ ամէն օր մեր թերթի լոյս աշխարհ գալը ինչ-որ ձեւով կը մերկացնէ իրենց ցանցային ձախողումը։ Օրինակ. իրենց աշակերտները չեն կարողանար հայերէնով հաղորդակցիլ եւ այլն։
Երրորդ խնդիրը պայմանաւորուած է քորոնաժահրի համավարակի ժամանակաշրջանով։ Տնտեսական ծանր վիճակը անմիջականօրէն անդրադարձաւ մեր համայնքային կառոյցներու եկամուտներու վրայ։ Իսկ այդ ֆինանսական միջոցները հիմնականին կը գոյանային պատմական Պոլսոյ փոքր կեդրոնէն ներս գտնուող եկեղեցապատկան կալուածներու վարձակալութենէն։ Ֆինանսական հոսքերը հիմա անհամեմատ կրճատուած են, քանի որ նախապէս այդ անշարժ գոյքը վարձակալութեան կը տրուէր զբօսաշրջութեան ոլորտին սպասարկող ձեռներէցներուն։ Իսկ քանի որ համավարակի շրջանին զբօսաշրջութիւնը ամենատուժող ոլորտը դարձաւ, այդպիսով մեր համայնքային կառոյցներու եկամուտները եւս նուազեցան։ Անհատական հարթութեան վրայ եւս անկումներ եղան։ Այժմ համայնքային կեանքի ամենակարեւոր ծրագիրները դարձած են ընկերային հարցերը, իրարու զօրակցիլը, օգնելը եւ այլն։ Եթէ մեր դէմ նշածս թիրախաւորումները չըլլային, այս վերը թուարկածս խնդիրները կերպով մը կը կարողանայինք կառավարել։ Բայց այս բոլորը իրարու վրայ գումարուեցաւ եւ թերթը յայտնուեցաւ այս ծանր կացութեան մէջ։
-Պարոն Գօչունեան, դուք նշեցիք, որ երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ահազանգէք թերթի ծանր կացութեան մասին։ Աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու, կառոյցներու, անհատներու, գործընկեր լրատուամիջոցներու արձագանգը ինչպէ՞ս եղած է։
-Ես կ՚ուզեմ իմ ամենախորին երախտագիտութիւնը յայտնել հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն, որոնք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համար, բառի բուն իմաստով, զօրակցութեան մեծ ալիք ստեղծած են։ Ցաւօք սրտի, այս ալիքէն դուրս մնացած են Պոլսոյ հայկական լրատուամիջոցները։ Սա, ինչպէս ըսի, ներքին պառակտումներու ու բեւեռացումներու տրամաբանական շարունակութիւնն է։ Պոլիսէն դուրս աշխարհի բոլոր մայրցամաքներու հայկական լրատուամիջոցները ամենայն կարեկցանքով ու մտահոգութեամբ արձագանգած են թերթի այս տագնապալի վիճակին։ Այս ընթացքին շատեր ինծի հետ կապ հաստատած, փորձած են ինչ-որ բանով օգնել։ Կ՚ուզեմ երախտագիտութեամբ նշել, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւս իր հայրական զօրակցութիւնը արտայայտած է ու մաղթած, որ այս տագնապը շուտափոյթ յաղթահարենք։ Պէտք է նաեւ նշեմ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պետական շրջանակներէն եւս ունինք արձագանգներ։ Մարդիկ կը փորձեն հետաքրքրուիլ ու հասկնալ, թէ ինչո՞ւ այսքան կայացած ու խոր արմատներ ունեցող լրատուամիջոցը հասած է այս վիճակին։
-Ո՞րն է ձեր ուղերձը կամ ահազանգը եւ որո՞ւ ուղղուած է այն։ Ունի՞ք իրավիճակէն դուրս գալու ճանապարհային քարտէս։
-Մեր ուղերձը ուղղուած է համայն հայութեան, յստակ հասցէատէր չկայ։ Մինչ մեր ուղերձի մասին խօսիլը, կ՚ուզեմ շեշտել՝ հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն ու միտումնաւոր թիրախաւորումներուն, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մինչեւ այս պահը գործուէնութիւն ծաւալած է առանց որեւէ մէկուն նկատմամբ ֆինանսական պարտաւորութիւն կուտակելու։ Նաեւ նշեմ, որ թերթի այս իրավիճակը պայմանաւորուած չէ ֆինանսներու սխալ կառավարմամբ կամ այլ կառավարչական խնդիրներով։
Կ՚ուզեմ շեշտել հանգամանք մը եւս։ Մենք չենք ըսեր, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը պէտք է գոյատեւէ յանուն իր անցեալին, մենք կ՚ըսենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը պէտք է գոյատեւէ յանուն ապագայի։ Այս լրատուամիջոցը համայն աշխարհի համար սկզբնաղբիւրի դեր ունի՝ գտնուելով Պոլսոյ մէջ, ամբողջ արեւմտահայ ժառանգութեան զարկերակի վրայ եւ համարուելով այդ զարկերակի կենսունակութեան խորհրդանշաններէն մէկը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, հակառակ նիւթական դժուարութիւններուն, առաքելութիւնը աւարտած կառոյց չէ։ Մեր նպատակը այս ձեւով գոյատեւելը չէ։ Մենք կ՚ըսենք, որ կ՚ուզենք նոր ժամանակներուն ու մարտահրաւէրուն համահունչ ճկունութիւն ապահովել այս լրատուամիջոցին համար, որպէսզի ան կարողանայ գոյատեւել այս նոր իրականութենէն ներս։ Սա է մեր պայքարի նպատակը։ Այս թերթը դեռ իր ճանապարհը ունի անցնելու, ինչ որ նաեւ պայմանաւորուած է պոլսահայութեան առանձնայատկութիւններով։
Մեզի համար շատ ցաւալի է, որ այս ահազանգը համայն հայութեան համար նման բարդ իրավիճակի մէջ կը հնչեցնենք։ Մենք կը հասկնանք, որ 44-օրեայ պատերազմի ծանր հետեւանքները Հայաստանի ու Արցախի համար շատ լուրջ կարիքներ ստեղծած են։ Մենք համամիտ ենք, որ հայ իրականութեան մէջ համազգային ներուժի առիւծի բաժինը պէտք է տրամադրուի այդ կարիքներուն։ Մենք կը հասկնանք՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեր աւանդական հայկական սփիւռքի վիճակը եւս ծանր է։ Մեզի համար ցաւալի է այս ահազանգը հնչեցնել նման իրավիճակի մէջ։ Բայց մենք կ՚ուզենք, որ այս ահազանգը գտնէ ամենալայն արձագանգը՝ յոյս փայփայելով, թէ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը գնահատեն մեր այս ահազանգը։ Մենք այս պահուն ունինք միայն տեսական յենարան։ Չունինք որեւէ յստակ հասցէատէր, որուն կրնանք ուղղել մեր ուղերձը։ Մենք այսօր փակուղիի մէջ ենք՝ նոյնիսկ մեր ցաւը բաժնելու ու դարման ակնկալելու հարցին մէջ։
-Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի՝ արդէն չորրորդ սերունդի խմբագիր Արա Գօչունեան յոյս յայտնեց, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դեռ հարիւրամեակներով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։