ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԷՐԸ ՍՊԵՂԱՆԻ

Թոռը մեծնալով օր մը կու գայ իր մեծ հօր մօտ, որ յայտնի է իր իմաստութեամբ, ու կը յայտարարէ.

-Մեծ հայրիկ, գիտես հիանալի աղջիկ մը գտած եմ: Վստահաբար շատ պիտի հաւնիս:

Մեծ հայրը լուռ ու մունջ, թուղթի մը վրայ զերօ կը գրէ: Թոռը կը շարունակէ.

-Գիտես ան շատ խելացի է:

-Զերօ,- կ՚ըսէ եւ թուղթին վրայ երկրորդ զերոն կ՚աւելցնէ մեծ հայրը:

-Բաց աստի, բաւական գեղեցիկ է:

-Զերօ:

-Անոր ընտանիքը մեծ համբաւ կը վայելէ հասարակութեան մէջ:

-Զերօ:

-Ան առաքինի ու աւանդապաշտ երիտասարդուհի մըն է:

-Զերօ:

-Աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու մէջ ուսանած է: Ունի լաւ աշխատանք:

Հերթական զերոն կ՚աւելնայ թուղթին վրայ:

-Մեծ հայր, ան գիտէ մեծերը յարգել, պատուել եւ սիրել փոքրերը:

Զերոներու քանակը կը շարունակէ աւելնալ:

-Բաւական հայրենասէր, նուիրեալ դուստր մըն է իր ընտանիքի համար:

-Զերօ:

-Ան կը սիրէ հոգ տանիլ կենդանիներու, բնութեան, շրջակայ միջավայրի մասին: Բաւական եռանդուն կերպով ընդգրկուած է զանազան հասարակական ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մէջ: Կը զբաղի բարեգործութեամբ: Իր աշխատավարձէն մաս մը ամէն ամիս կը յատկացնէ կարիքաւոր ընտանիքի մը: Մէկ խօսքով, ոսկի աղջիկ մը գտած եմ մեծ հայր: Անոր նման երկրորդը չկայ՝ չես գտներ:

-Միեւնոյնն է զերօ,- ծանր շունչ մը քաշելով ըսաւ ու թուղթի վրայ գրեց մեծ հայրը:

-Մոռցայ, նշեմ նաեւ, որ ան մեր Հայ Առաքելական Եկեղեցիի հետեւորդներէն է: Ամէն կիրակի կը մասնակցի պատարագներու: Կ՚ապրի աղօթքով ու կը փառաբանէ Տէրը:

Այս անգամ մեծ հայրը բոլոր զերոներու դիմաց աւելցուց մէկ մը:

-Նայէ որդիս, քու բոլոր թուած առաւելութիւնները, բնաւորութեան գովերգելի գիծերը առանց ճշմարիտ հաւատքի, առանց Աստուծոյ սիրոյ հաւասար են զերոյի: Իսկ Աստուծոյ սիրով այդ բոլոր գովերգելի յատկանիշները կը բազմապատկուին ու կը հաւասարին միլիառի:

Կեցցե՛ս թոռնիկս: Ուրախ եմ քեզի համար: Այժմ դուն եւ քու սերունդները ապահով ձեռքերու մէջ էք: Իսկ ես այլեւս հանգիստ կրնամ աւանդել իմ հոգին, առանց խոկումի կրնամ սպասել իմ ժամուն,- անկեղծ ժպիտով, ակնածալից ու խաղաղ հայեացքով, գոհունակութեամբ իր սրտի խօսքը յայտնեց իմաստուն, ալեհեր ծերունին:

Այո՛, յիրաւի հաւատքով ու երկիւղածութեամբ ապրիլը՝ զԱստուած սիրելը, Տիրոջ կամքը կատարելը աւելին է, քան իւրաքանչիւր շնորհ կամ երկրային փուճ ու ժամանակաւոր գայթակղութիւն, հրճուանք, հարստութիւն: Ամէն բան իմաստ կ՚առնէ, կը բազմապատկուի Աստուածային սիրոյ առկայութեան պարագային:

Ուստի, քանի մեր որդիները կը մեծնան, անոնց մէջ մանկուց պէտք է դաստիարակենք գեղեցկութեան չափանիշը: Այսօր շատ երիտասարդներու համար գեղեցկութեան չափանիշը՝ սիրուն աղջիկն է, սիրուն ոտքերը, ցանկալի մարմինը ու նման շօշափելի բաներ: Թէ՛ հեռատեսիլի, թէ՛ շարժանկարներու զանազան հաղորդաշարերու, ծրագրերու մէջ նոյնպէս կը քարոզեն այս: Այնինչ կինը իր արտաքին տեսքով, իր հագ ու կապով ոչ թէ ցանկութիւն պէտք է յառաջացնէ հակառակ սեռի մօտ, այլ հիացմունք՝ լի գեղեցիկի նկատմամբ սիրով ու ջերմութեամբ, խորին ակնածանքով: Դժուա՞ր է... Ամենեւին: Պարզապէս մեզի կը  մատուցուի հակառակը:

Այդ իսկ պատճառաւ երեխաները ուրկէ՞ պիտի գիտնան, որ այս չափանիշ չէ: Առաւել եւս, այս չափանիշը տուն բերելու բան չէ: Եթէ աղջիկը կը ցուցադրէ իր մերկութեան մէկ մասը, կարծես անլեզու կը պոռայ. «Նայէ՛, ես ինչ լաւն եմ, որքան ցանկալի եմ: Ասիկա է իմ արժէքի մէկ մասը, կամ ալ ամբողջ արժէքը»:

Մինչդեռ իրական գեղեցկութիւնը սրտի խոնարհութիւնն է, ընտանիք կազմելու պատրաստակամութիւնը: Ընտանեկան դժուարութիւններուն համբերելու եւ դիմանալու կարողութիւնը: Գեղեցիկը գեղեցիկ: Սակայն եթէ ըլլայ հպարտ, եսասէր ու ինքնահաւան, մենք մեր տունը բռնութիւն կը բերենք: Ուստի, մանուկ հասակէն սկսեալ պէտք է կանխենք բռնութիւնը:

Մեր հոգեւոր հայրերէն մին կը յաւելէ. «Զաւակիդ բարեպաշտութեան օրինակ թող, այլ ոչ հարստութիւն: Աղքատներու երամին ըրած գթութեամբ, զաւակիդ վերակացու թող Տիրոջ անսահման գթութիւնը եւ ոչ փայլատակող ոսկին:

Սորվեցուր ողորմութեան բարիքը եւ ոչ տմարդութեան չարիքը: Սորվեցուր Աստուած պաշտել եւ ոչ մամոնայ: Սորվեցուր ցանկալ երկնաւոր բաներ եւ ոչ երկրաւոր»:

Ո՜հ, ինչպիսի գեղեցիկ, բուրաւէտ, առինքնող փունջ մը, զոր իւրաքանչիւր մանուկ արժանի է ստանալու: Սակայն, աւա՜ղ, մեր փոքրիկ հրեշտակներու նուէրները կը սահմանափակուին քանի մը խաղալիքներով, անհաղորդ խրատներով ու խորհուրդներով:

Փակեցէք ձեր աչքերը ու պահ մը հակառակը պատկերացուցէք: Քսան-երեսուն տարի անց ինչպիսի հիւթեղ ու օրհնեալ պտուղներ քաղելու պատիւ պիտի ունենանք:

Բարին ու չարը մշտապէս մեզի հետ կը քայլեն քով քովի: Սակայն մենք, չենք գիտեր ինչո՞ւ՝ միշտ կը նախընտրենք չարը՝ քօղարկուած բարիութեան կեղծ շղարշով:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022