ԱԼԻԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊԱՅՐԱՔԹԱՐ» ՀՈԼՏԻՆԿԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հիւրընկալեց «Պայրաքթար» հոլտինկի ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարն ու թեքնոլոժիի գծով ղեկավար Սելչուք Պայրաքթարը, որոնք այցելեցին Պաքու։ Ծանօթ է, որ Սելչուք Պայրաքթար Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի փեսան է։

Յառաջիկայ մայիսի 26-29-ին Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած է «ԹԵՔՆՕՖԵՍՏ Ատրպէյճան»ը, որու ծանօթացման համար Հալուք եւ Սելչուք Պայրաքթարները այցելեցին Պաքու եւ նոյն շրջանակին մէջ ընդունուեցան Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Սելչուք Պայրաքթար հանդիպումէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ պարոն Իլհամ Ալիեւին երախտապարտ ենք իր նրբանկատ ընդունելութեան համար։ Յաղթանակի կը հասնին անոնք, որոնք կը համբերեն», նշուած է իր գրառման մէջ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հալուք Պայրաքթար եւ Սելչուք Պայրաքթար Պաքուի մէջ այցելեցին նաեւ Պատերազմական աւարներու այգին, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն վերջ։

Այս հոլտինկին կողմէ արտադրուած համանուն անօդաչու թռչող սարքերը 44-օրեայ պատերազմի ճակատագիրը վճռած էին՝ անհամեմատ առաւելութիւն ապահովելով Ատրպէյճանի բանակին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022