ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ տակաւին կը շարունակուի տնտեսական ծանր վիճակը եւ երկիրը կը շարունակէ ելմտատնտեսական պաշարման մէջ մնալ։ «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան թէ՛ ներկայացուց երկրի առկայ իրավիճակը եւ թէ բացատրութիւններ տուաւ հայ համայնքին վիճակած դժուարութիւններուն շուրջ։ Արդարեւ, Լիբանանի տագնապի ազդեցութիւնը մեծ է հայ համայնքին վրայ։ Լիբանանահայ կրթօճախներն ու տեղական կառոյցները դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնացած են։

«Երկրէն ներս ընկերային, տնտեսական ծանր պայմաններ կան։ Թանկացումները ամէնուր են։ Առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները կան, սակայն, գիները մատչելի չեն ու սա պատճառ կը դառնայ տագնապի։ Գործազրկութիւնը, սղաճը, Լիբանանի արժոյթի կտրուկ անկումը լուրջ խնդիրներ ստեղծած են։ Այս բոլորը ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ հայ համայնքին վրայ։ Լիբանանահայութեան օրակարգը ամբողջութեամբ փոխուած է։ Առաջնահերթութիւն դարձած է կարիքաւորներուն օգնելը», նշած է Շահան Գանտահարեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան նշած է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանը, համայնքի քաղաքական կուսակցութիւնները, անոնց առընթեր բարեսիրական կառոյցները կը փորձեն առաւել կարիքաւորներուն կենսական օժանդակութիւն տրամադրել։ Աջակցութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ այն նախկին լիբանանահայերը, որոնք քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ գաղթած են դէպի այլ երկիրներ։ Լիբանանահայ համայնքի օրակարգին վրայ կը գտնուին ստեղծուած ճգնաժամի յաղթահարումը, կարիքաւորներուն աջակցութիւն ցուցաբերելը եւ հակաճգնաժամային ծրագրերու իրականացումը։ «Այս բոլորին վրայ գումարուած է նաեւ համավարակը։ Ի հարկէ, այս պահու դրութեամբ բժշկական հաստատութիւնները յագեցած չեն, սակայն պետութեան միջոցները սուղ են եւ աջակցման ծրագրերը ընդգրկուն չեն։ Այս բոլորը պատճառ կը դառնայ ծանր վիճակի», շարունակած է Շահան Գանտահարեան։

Բացի ընկերային խնդիրներէն, լիբանանահայութիւնը կանգնած է տեղական կառոյցներու, մամուլի, ազգային հաստատութիւններու գործունէութիւնը կայուն պահելու դժուարութեան դէմ յանդիման։ «Կայ հայկական կրթօճախները պահելու խնդիր։ Ընկերատնտեսական հարցերով պայմանաւորուած՝ ծնողները պարզապէս վճարունակ չեն։ Տարբեր երկիրներէ հայ համայնքներու կառոյցներ եւս կը փորձեն օժանդակել։ Մամուլը եւս դժուարութեան առջեւ է։ Ծնողազուրկ երեխաներու հաստատութիւնը, բուժարանները պահելու դժուարութիւն կայ եւ ելմտական միջոցները կը բացակային», ընդգծած է Շահան Գանտահարեան։

Այս բոլորով պայմանաւորուած ծանր մթնոլորտին մէջ տագնապը դժգոհութիւններու ալիքի մը ծնունդ տուած է հասարակութեան մօտ։ Տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր՝ տարեսկիզբին պատահածներուն նման։ Հանրային փոխադրումներու ոլորտի ներկայացուցիչները եռօրեայ ցոյց մը ըրած էին՝ պահանջելով վառելանիւթի սակագիներու վերատեսութեան ենթարկուիլը։ Ատեն-ատեն բողոքի ցոյցեր կ՚ըլլան նաեւ դրամատուներու, պետական կառոյցներու դէմ, սակայն, անոնք զանգուածային բնոյթ չեն կրեր։ «Կարծես՝ մարդիկ յուսահատած են։ Մայիսին նախատեսուած են խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Կան պահանջներ, որպէսզի Լիբանանի համայնքներու համակարգը վերափոխուի քաղաքացիական պետութեան։ Կը կարծեմ՝ սա կտրուկ պիտի չըլլայ։ Համայնքներու համակարգը արմատաւորուած է եւ անոր փոփոխութեան ենթարկուիլը ցնցումներու պատճառ կրնայ դառնալ։ Պիտի ըլլայ համաձայնեցուած, փուլային տարբերակով։ Շուտով Լիբանանը այս պայմաններու մէջ կը մտնէ ընտրարշաւային փուլ», դիտել տուած է Շահան Գանտահարեան։

Անդրադառնալով լիբանանահայ շրջանակներէն ներս երկրէն դուրս գալու տրամադրութիւններուն՝ Գանտահարեան դիտել տուած է, որ նման միտում մը կայ, պարզապէս մարդիկ զրկուած են իրենց դրամատնային միջոցներէն օգտուելու հնարաւորութենէն, գումարները սառեցուած են։ «Սա է տեղաշարժուելու հիմնական խոչընդոտը։ Երկրէն դուրս գալու համատեսքին մէջ հեռանկարային առումով շատերը կը դիտարկեն նաեւ Հայաստանը», եզրակացուցած է Շահան Գանտահարեան։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022