CCAF-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Փարիզի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան աւանդական ընթրիքը։ Անցեալ տարի համավարակի հետեւանքով ակամայ ջնջուած այս հաւաքոյթով շարունակութիւն գտաւ սոյն տարեկան ընթրիքի կազմակերպման աւանդութիւնը։ CCAF-ի այս նախաձեռնութիւնով կը ստեղծուի կարեւոր հարթակ մը, ուր պարբերաբար ի մի կու գան ֆրանսահայ համայնքին վերնախաւը, ֆրանսական պետական աւագանին եւ քաղաքական շրջանակները։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս հաւաքոյթին պատուոյ հիւրը կ՚ըլլայ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը։ Յամենայնդէպս, այս տարի բացառութիւն մը եղած է այս առումով։ Արդարեւ, նախագահ Մաքրոն չէ կրցած մասնակցիլ CCAF-ի տարեկան ընթրիքին՝ Ուքրայնայի տագնապին զուգահեռ դէպի Մոսկուա, Քիեւ եւ Պերլին ձեռնարկած ուղեւորութեան պատճառով։

Կը հաղորդուի, որ հաւաքոյթին ներկայ գտնուած են Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ, վարչապետ Ժան Քասթեքս, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, խորհրդարանականներ, օրէնսդիր իշխանութենէն պաշտօնատարներ, շրջանային կառոյցներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ այլք։ Ֆրանսահայութեան յառաջատար դէմքերուն առընթեր, երեկոյթին մասնակցած է նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։ Երեկոյթի մասնակիցները հիւրընկալուած են CCAF-ի համանախագահներուն՝ Մուրատ Փափազեանի եւ Արամ Թորանեանի կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ այս տարի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններ նախատեսուած են Ֆրանսայի մէջ, CCAF-ի ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ նախագահական զանազան թեկնածուներ։

Երեկոյթի հիմնական ատենախօսը եղած է Ֆրանսայի վարչապետ Ժան Քասթեքս, որ, ըստ էութեան, նախագահ Մաքրոնի պատգամները փոխանցած է՝ մասնաւորապէս Հայաստանի, հայկական օրակարգի եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան վերաբերեալ հարցերուն, հեռանկարներուն շուրջ։

Շաբաթ, Փետրուար 12, 2022