ՊԱՀԵՐԷ ԱՆԴԻՆ…
Ամէն ինչ բաժիններէ եւ ենթաբաժիններէ բաղկացած է։ Ամէն ամբողջ, որքան ալ մեծ ըլլայ, ունի մասեր։ Մարդկային մարմինը բջիջներու ամբողջ մըն է։ Երկնաքերերը ունին յարկաբաժիններ, որոնք ալ, իրենց հերթին, սենեակներ։ Հասարակութիւնը անհատներու համախմբում մը չէ՞…
Կեանքն ալ թէեւ երկար ժամանակաշրջան մը կ՚ենթադրէ, սակայն, ունի ենթաբաժիններ։ Այո՛, խօսքը առաջին հայեացքով կը վերաբերի տարիներու, ամիսներու, շաբաթներու, օրերու, ժամերու, վայրկեաններու, երկվայրկեաններու, րոպէներու, եւ այլն… Խորքին մէջ, բայց, կեանքը կը բաղկանայ պահերէ։ Եթէ կեանքը նաեւ մարդկային զգացումներու ամբողջ մըն է, ապա անոր ենթաբաժիններն ալ յատկանշական պահերն են. պահեր, զորս բաժնելով մարդ կ՚ունենայ ապրումներ, որոնք ալ զինքը զգացումներու ամբողջի մը կը հասցնեն։
Այդ բաժնուածը մեքենայականութեան, օրինաչափութեան պարագաներէ բոլորովին դուրս է՝ իր առթած զգացումներով ու ներգործութեամբ։ Դժուար է սահմանել այդ աստիճանի խտութեան արդիւնքը։ Հարցը միայն ամբողջ մը բաղկացնելը չէ այստեղ, այլեւ լիարժէք դառնալը կամ դարձնելը։
«Մենք իրարու համար ոչինչ պիտի ըլլայինք, բայց, իրարու ամէն ինչը եղանք», կ՚ըսէ Կէօթէ։