ՈՍՏԱՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ, 13 փետրուարին, Ս. Սարգիսի մասունքակիր աջը շրջեցաւ Մասեացոտնի թեմի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ, որոնք ընծայուած են Ս. Սարգիսին։ Գետազատ, Ոստան եւ Արգաւանդ գիւղերու համայնքները այս առիթով մաս եւ բաժին ստացան տօնական մթնոլորտէն։ Երեք եկեղեցիներէն Գետազատն ու Ոստանը բաւականին փոքր ըլլալով կազմակերպման ընթացքի մէջ են, իսկ Արգաւանդը բաղդատմամբ միւս երկուքին՝ առաւել եւս կազմակերպուած։

Հայաստանի տարբեր գիւղերուն մէջ կան եկեղեցիներ, որոնց մէջ արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան տարուան որոշ ժամանակներուն։ Անոնցմէ մին է Ոստան գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցին, որուն մէջ առայժմ միայն Ս. Սարգիսի տօնին Ս. Պատարագ կը մատուցուի եւ հետեւաբար եկեղեցին մշտապէս գործօն չէ։

Երբեմն բարեզարդութեան կարօտ սրբավայրերու մէջ եւս արարողութեան մասնակցիլը տարբեր զգացումներով կը պարուրէ շատերս։ Մտախոհուն մեր նայուածքով կը մտածենք սրբավայրի պատմականին մասին եւ ակամայ հոգեւոր ապրումները առաւել եւս ի յայտ կու գան։ Ահա, իր մէջ Ս. Պատարագ մատուցած սրբավայրը՝ Ոստան գիւղի եկեղեցին եւս կը պարզէր նման երեւոյթ մը։

Ոստանի Ս. Սարգիս եկեղեցին կը գտնուի Արարատեան մարզին մէջ եւ ներկայիս իրաւասութեան սահմաններուն մէջ է Մասեացոտնի թեմին։ Հիմնադրուած է 1833-ին անմշակ քարերէ, փայտեայ եւ եղէգնեայ ծածկով: Ժամանակօք խոնարհած է իր զանգակատունը եւ եկեղեցւոյ համալիրը մեծաւ մասամբ բարեզարդման կարիքը ունեցած է։ Իսկ ներկայիս եկեղեցին արդէն իսկ վերանորոգութեան ընթացքի մէջ է եւ երբ աշխատութիւնները իրենց աւարտին հասնին՝ պիտի արժանայ վերաօծման ու առաւել եւս պիտի դառնայ հիմնականին գործող եկեղեցիի մը։ Իսկ միւս կողմէ առաջնորդ Գէորգ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Տ. Միքայէլ Քահանայի ջանքերով վերակազմակերպման ընթացքը սկիզբ առած է։

Եկեղեցին սրահի մը կառուցուածքով սարքուած է, առանց կաթողիկէի։ Ունի երկու մուտքեր, որոնցմէ մին հարաւային, իսկ միւսը արեւմտեան կողմերէ։ Հարաւային մուտքը բաւականին լաւ տեսք ունէր, եկեղեցւոյ պատուհաններն ու մուտքի փայտեայ դուռը գեղատեսիլ էին։ Եկեղեցի մտնելէ յետոյ տեսայ արեւմտեան դուռը, որ գեղեցկօրէն սարքուած էր, սակայն իր վրայ պատուհան չըլլալուն դուրսի ցուրտը բոլորովին ներս կը խուժէր։ Արարողութեան համար պատրաստութիւնները լաւագոյնս կատարուած էին եւ եկեղեցին մաքրուած էր։ Իսկ միւս կողմէ արարողութեան համար յատուկ ձեւով տեղադրուած էին նստարաններ։ Եկեղեցւոյ սիւները լաւագոյնս ամրացուած էին։ Սակայն եւ այնպէս, շրջակայքը տակաւին կարիքն ունէր կանոնաւորման ու բարեզարդման։ Անցեալին աւելի վատ է եղեր եկեղեցւոյ համալիրը, իսկ ներկայիս դրական իմաստով արդէն իսկ բաղդատման եզր իսկ չունի։

Երբ ուղղուեցայ դէպի Ս. Խորան, արդէն իսկ յայտնի կը դառնար, թէ զգայացունց արարողութիւն մը պիտի ըլլար։ Ս. Խորանին ճակատը կար նորակերտ խաչքար մը, իսկ եկեղեցին Ս. Սեղան գոյութիւն չունէր։ Ս. Պատարագի համար դրուած էր պարզ ու խոնարհ ճաշասեղան մը, հանդերձ իր գոգնոցով։ Խորհրդանոցները տակաւին քայքայուած ըլլլալուն գործածութեան հնարաւորութիւնը չկար։ Իսկ արեւելեան պատի մէջ գործուած պատուհանէն կը ճառագայթէր արեւու լոյսը։ Վարագոյր իսկ չկար եւ արարողութեան մէն մի պահը կը սփռուէր ամբողջ էութեամբ։ Բաց աստի, խորանի շրջակայքը եղածին պէս քարեղէն էր։ Իսկ միւս կողմէ եկեղեցւոյ ձախակողմեան մատուռը կը գործածուէր որպէս սարկաւագատուն։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ եկեղեցւոյ մէջ ջերմութեան համար ժամանակաւոր միջոցներ ապահովուած ըլլալով հանդերձ, զգալի էր ցուրտը։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱԿԻՐՃ ԽՈԿՈՒՄ

Տարիներ առաջ Մուսա լերան մէջ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւս կը պարզէր նման երեւոյթ մը եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ջանքերով ու առաջնորդութեամբ եկեղեցին բարեզարդուած ըլլալով ներկայիս կը գործէ իր արդի վիճակով։ Այդտեղ տեսած էի նախկին վիճակը եկեղեցւոյ, ուր եղէգնեայ ձեղունը ամենէն յատկանշական պատկերն էր։ Տարիներ շարունակ խոնարհած եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններ տեղի կ՚ունենային եւ այդ խոնարհ վայրը կը վերածուէր Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքին սարքուած «Վերնատուն»ին։

Երբ այս եկեղեցիէն ներս մտայ, արդէն իսկ առաջին հերթին Վաքըֆլըգիւղի նկարը վերյիշեցի եւ ակամայ մտածեցի այն հոգեւոր հովիւներուն մասին, որոնք դժուարին ֆիզիքական պայմաններու մէջ իսկ Ս. Պատարագ մատուցանելու համար որպէս սրբատեղի օգտագործեր էին նման եկեղեցիները։ Ահա, երբ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէի այս եկեղեցւոյ մէջ, աւելի լաւ կը զգայի ի հոգեւորս յաղթանակ շահելու համար դժուարութիւնները ի Յիսուս հաւատքով ու յոյսով յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը։

Ահաւասիկ, որպէս պատարագիչ զգեստաւորման ընթացքին իսկ ցուրտը զգալի է, սակայն միւս կողմէ հաւատացեալ դպրուհիներու կողմէ երգուած «Խորհուրդ շորին»ը արդէն իսկ կը ջերմացնէ մթնոլորտը։ Ս. Պատարագի սկիզբը աւետող կոչնակը իսկ չկայ այստեղ եւ սակայն ամէն ոք գիտէ, թէ ե՛րբ եւ ինչու պէտք է յաճախէ այս եկեղեցին։ Այսպէս բարձրացայ դէպի Ս. Խորան եւ այդ խոնարհ սակայն միեւնոյն ժամանակ իմաստալից ճաշասեղանին վրայ Ս. Պատարագ մատուցանելու բախտն ու փորձառութիւնը վայելեցի։ Կողքիս կանգնած երիտասարդ դպիրներով ու Տէր Միքայէլի եւս մասնակցութեամբ արդէն իսկ պատճառ եղած էինք, որ հաւատացեալներ եւս իրենց մասնակցութիւնը բերէին արարողութեան։ Իսկ կոկիկ թիւով ուխտաւորներ տէր հօր մօտեցան մեծ խանդավարութեամբ, երբ Ս. Սարգիսի աջը հասաւ եկեղեցի։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ մասունքի կողքին կանգնած աղօթենք բոլորս առ Հայր։

Օրուան ամենէն ոգեւորիչ պահերէն մին կը համարեմ Ս. Սարգիսի մասունքակիր աջը ի ձեռին ունենալով օրհնութիւն փոխանցելը եւ յանուն ժողովրդեան բարեմաղթական աղօթք վերառաքելը առ Յիսուս։ Ստորեւ արդէն իսկ կը յիշուի նաեւ օրուան քարոզը։ Այլապէս արարողութիւնը երբ աւարտին հասաւ, արդէն հոգեպէս լիցքաւորուած ըլլալով կը բաժնուէինք եկեղեցիէն։

«Օրհնեալ եղերուք» աղօթքէն յետոյ, բոլոր գոյքերը, որոնք արարողութեան համար բերուած էին, Ս. Սարգիս եկեղեցի, վերստին փոխադրուեցան Ս. Յակոբ եկեղեցին եւ Ոստան գիւղի խորանը վերստին մնաց իր խոնարհ ճաշասեղանով։ Առ այդ, երբ ուխտաւորներս դուրս կ՚ելլենք եկեղեցիէն, մեզի կը մնայ մաղթել, որ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ աշխատութիւնները իրենց աւարտին հասնին եւ եկեղեցին նախ տիրանայ իր մշտական Ս. Սեղանին, որուն վրայ բարձրանայ Ս. Աստուածամօր եւ Մանուկ Յիսուսի սրբապատկերը, Ս. Խաչը եւ Ս. Աւետարանը ու յաջորդիւ կատարելապէս բարեզարդուած եկեղեցին որպէս Ս. Սարգիսի բարեխօսարան ստանայ գործունեայ բնոյթ մը։

ՔԱՐՈԶ՝ Ս. ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՕՍՈՒԱԾ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԵՄԷՆ

«Ամենասուրբ երրորդութեանն ընտրեալ ծառայ եւ հաւատարիմ…»
(Օրհնութեան շարական՝ Ս. Սարգիս զօրավարի)

ՄԱՍՈՒՆՔԱԿԻՐ ԱՋՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Նախքան հոգեւոր խորհրդածութիւնը, եկէ՛ք մեր մօտն ունենալով Ս. Սարգիսի մասունքակիր աջը, միասնաբար մեր սրտերուն խորքէն բարեխօսութեանը դիմենք Ս. Սարգիս զօրավարին։

«Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց, Քրիստոս Աստուած մեր, բարեխօսութեամբ Ս. Սարգսի զօրավարին, պահեա, պահպանեա եւ օրհնեա, զազգս Հայոց, զեկեղեցին Հայաստանեայցս եւ հաւատացեալ ժողովուրդն մեր, ընդ հովանեաւ Սուրբ եւ պատուական խաչիւդ քով ի խաղաղութեան. Փրկեա՛, ազատեա՛, յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն, ի փորձանաց, արկածից, հիւանդութեանց եւ ամենայն չար պատահարաց, եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա՛։ Արժանաւորեա՛ գոհութեամբ փառաւորել զՔեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սրբոյ Հոգւոյդ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»:

Ո՜վ Ս. Սարգիս զօրավար, այստեղ այս եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի կանգնած հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքները լսէ՛ եւ բարձրացո՛ւր Խաչեալ Քրիստոսին։ Դուն որ մարմնիդ մէջ կրեցիր խաչելութեան նշանն ու իմաստը, այնպէս մեր նեղութեան պահերուն, մեր յուզումներուն, աւելի լաւ պիտի զգաս մեր ցաւն ու վիշտը։ Դուն ես այսօր մեր բարեխօսը։ Քու սուրբ մասունքովդ պահապան եղիր մեր ժողովուրդին։ Դուն յատկապէս քու մասունքով օրհնէ մեր սիրելի Հայ Եկեղեցին եւ ի մասնաւորի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, օրհնէ Տէր ազգիս Վեհափառ Հայրապետը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառը, միաբանութիւնը Մայր Աթոռոյ։

Այս թեմի իրականութեան մէջ, օրհնէ՛ Տէր, Մասեացոտնի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տ. Գէորգ Սրբազան Եպիսկոպոսը, օրհնէ՛ Տէր այս թեմի մէջ ծառայող բոլոր հոգեւոր սպասաւորները, օրհնէ՛ Տէր, այս թեմի հաւատացեալ բոլոր ժողովուրդը։ Եւ իրենց սիրտերուն համաձայն հատուցանէ եւ դարձիր որպէս օրհնութիւն ու խրախուսանք քու ժողովուրդին։ Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս, յաւիտենից. ամէն։    

ԾԱՌԱՅ ԴԱՌՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

Այսօր հոգեւոր մեծ ուրախութիւն է բոլորիս համար, որովհետեւ Ս. Սարգիսի տօնակատարութեան յաջորդող կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, օրհնութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ փափաքովն ու խնդրանքովը՝ Մասեացոտնի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձատունէն դուրս բերուած է Ս. Սարգիսի սրբազան մասունքը եւ հասած՝ Ոստանի Ս. Սարգիս եկեղեցին, որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդը խոնարհի սուրբի մասունքին առջեւ, սրտերուն մէջէն երկրպագութիւն կատարէ սուրբի յիշատակին առջեւ, համբուրէ, ողջունէ, իր յուզմունքը արտայայտէ։ Այս առումով փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս եկեղեցւոյ մէջ ներկայ հաւատացեալներ ականատեսներն ու վկաները կը դառնան այս դէպքին։ 

Ս. Սարգիս զօրավարի մասին տօնական մթնոլորտին մէջ լսելի դարձաւ սուրբի վարքը։ Իսկ, կիրակնօրեայ աւետարանական խորհուրդը եւս կու գայ ամբողջացնել ու ներկայացնել Ս. Սարգիսի ակնկալիքը Աստուծմէ։ Ո՞վ էր Ս. Սարգիս։ Պատասխանը հետեւեալն է, զօրավար մը։ Ո՞վ էր Ս. Սարգիս։ Ո՛չ թէ միայն զօրավար մը, այլ՝ հաւատացեալ քրիստոնեայ մը, որ խօսքով եւ գործով Յիսուս Քրիստոսի անունը քարոզեց ամէնուրեք։ Հանդէպ Քրիստոսի՝ յոյսն ու հաւատքը, ամէնուրեք, նոյնիսկ դժուարին պահերուն չթողուց, այլ՝ ընդհակարակը երբ նեղութիւն մը տեսաւ, իր մէջ բոցավառուեցաւ քրիստոնէական հաւատքը եւ առաւել եւս մեծ տենչանքով, յոյսով ու հաւատքով Քրիստոսի անունը փառաւորեց, ուր որ գտնուեցաւ։ Եւ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան շարականագիրը, այս պատճառաւ կը ներբողէ Ս. Սարգիսը, կոչելով զայն՝ «Ամենասուրբ Երրորդութեան ընտրեալ ծառայ», եւ ոչ միայն ծառայ, այլ՝ ընտրեալ եւ հաւատարիմ ծառայ։

Սուրբին վերապահուած ածականները կարեւոր են։ Ծառայութիւնը, երբեմն կրնայ ընկալուիլ նուաստացուցիչ անուն մը։ Ծառայել՝ ծառայ դառնալ։ Հետեւաբար ամէն անձ չէ, որ կրնայ ծառայել ուրիշներուն։ Մարդ արարածը որովհետեւ իր բնաւորութեամբ այնպէս մը ծնունդ կ՚առնէ, որ նախ պէտք է ծառայէ իր անձին։ Իւրաքանչիւր անհատ իր մանկութենէն ի վեր այսպէս կը մեծնայ ու կը դաստիարակուի։ Ծառայել նախ մեզի՝ յետոյ ուրիշներուն։ Ծառայել մեզի՝ յետոյ Աստուծոյ։ Նախ մենք, յետոյ ուրիշները։ Հետեւաբար ծառայութեան գաղափարը այսպէս կը մօտենայ մեր մանկութեան շրջանէն սկսեալ։ Սակայն քրիստոնէական հաւատքով, Աստուածային սիրով օծուն մանուկ մը, պատանի մը, երիտասարդ մը, տարեց մը, այլ խօսքով անհատ մը, այս նշանաբանը կը փոխէ, ըստ հետեւեալի. Ծառայել՝ նախ Աստուծոյ, յետոյ մեր անձերուն։ Ծառայել Աստուծոյ՝ այնպէս մը ծառայել, որ ի պահանջել հարկին ուրիշներուն ծառայել եւ յետոյ մենք զմեզ ծառայել։ Քրիստոնէական ծառայական գաղափարը այս է եւ դժբախտաբար աշխարհի հետ ալ շատ հաշտ չէ սովորաբար։

Սակայն Ս. Սարգիսը իր վարքագրութեամբ ցոյց կու տայ, որ քրիստոնեայ հատաւացեալը, իւրաքանչիւր քրիստոնեան ընտրեալ է։ Այլ խօսքով, միայն Ս. Սարգիսը չէ, որ քրիստոնէութեան կոչուած է։ Միայն Ս. Սարգիսը չէ, որ նեղութեան ու դժուարութեան պահուն Աստուծոյ մօտենալու կանչուած է։ Իւրաքանչիւրս, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ կանգնած ենք, պէտք է լաւ գիտնանք, թէ մենք եւս ընտրուածներ ենք։

Օրինակ տալ կ՚ուզեմ Ոստանի Ս. Սարգիս եկեղեցի ժամանած ուխտաւորներէն։ Կիրակի առաւօտեան նախաճաշի ժամուն, ընտանիքով ժամանցի պահուն, եկած են այս եկեղեցին։ Այս մէկը ընտրութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ լաւը ընտրուած է։ Հաւատացեալներ ընտրեր են օրհնութիւնը։ Տաք բոյնի մը մէջ աւելի հանգիստ ժամանակ անցընելու փոխարէն, ընտրեր են դժուարը՝ մի քիչ ցուրտ, սակայն օրհնութեամբ լի եկեղեցին յաճախելով։ Սա ընտրանք մըն է։ Հետեւաբար մենք ընտրանքներով կը դառնանք ծառաներ։ Հաւատացեալներ եկած են եկեղեցի, նախ եւ առաջ Աստուծոյ առջեւ ծառայական պարտքը մատուցանելու, ըսելու համար հետեւեալը. Մենք նախ ծառաներն ենք Աստուծոյ, աղախիններն ենք Քրիստոսի եւ իրմէ ստացուած պատգամով պիտի ուղարկուինք աշխարհ։ Շաբաթասկիզբը մեր գործերուն պիտի սկսինք իրմէ ստացուած պատգամով ու այնպէս պիտի շարունակենք մեր առօրեան։ Հետեւաբար մենք ընտրե՛նք լաւը։

ԸՆՏՐԵԱԼ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աստուած իւրաքանչիւրս ընտած է, որպէսզի մենք Աստուծոյ ծառայենք, ինչպէս իւրաքանչիւր Ս. Պատարագի սկիզբը կը կրկնենք. «Աղաղակեցէք առ Տէր, ամենայն երկիր. ծառայեցէք Տեառն ուրախութեամբ» (Սղմ 99.1)։ Ուրախութեամբ ծառայել Տիրոջ եւ այդ ուրախութեան աղբիւրն է սիրել զՔրիստոս, սիրել զԱստուած։ Առ այդ, մէկը որ կատարելապէս սէր չունի առ Աստուած, զոհողութիւնը արդէն իսկ յանձն չի կրնար առնել։ Եւ կամ եթէ մէկը կատարելապէս կապուած չէ Քրիստոսի, դժուարութեան պահուն կրնայ խախտիլ իր հաւատքը։ Հետեւաբար հաւատարիմ ածականը կու գայ ամբողջացնել այս պարագան։ Այնպէս հաւատարիմ, այնպէս կապուած՝ որ թէ՛ երջանկութեան եւ թէ՛ նեղութեան պահերուն Քրիստոսի ծառայելու կոչումէն չհեռանայ։ Այնպէս մը հաւատարմութիւն՝ որ երբ փորձիչը կը մօտենայ աշխարհի պէս-պէս զօրութիւններով, չհեռանայ Աստուծմէ։ Իսկ, այս բոլորը մեր առօրեային մէջ տեւական կը կրկնուին, երբեմն նոյնիսկ չզգանք։ Աշխարհը կը փորձէ մեր հաւատարմութիւնը հանդէպ Քրիստոսի։ Այնպէս փորձութիւններ երբեմն մեր առօրեային մէջ կը յայտ-նըւին՝ նիւթական, բարոյական, ընկերային, այնպէս մեծ նեղութիւններ՝ որ մեր  հաւատարմութիւնը կը փորձուի։ Այս աշխարհը այնպէս կը մօտենայ, որպէսզի մենք մեր առ Աստուած բարձրացուցած ձեռքերը վար առնենք ու ըմբոստանանք Աստուծոյ՝ ըսելով. Տէր իմ այս չարութիւնները ինչո՞ւ միշտ զիս կը գտնեն, արդեօք ինչո՞ւ այսպէս վատ կը վերաբերուիս ինծի հետ։

Երբեմն չե՞նք մտածեր այսպէս։ Կամայ եւ ակամայ կը մտածենք, բոլորս ալ ներառեալ, որովհետեւ մարդկային մեծագոյն փորձութիւններէն մին է սա։ Այս աշխարհը կը միտի, որ մեր հաւատարմութիւնը քանդուի։ Ճիշդ է, թէ երբեմն կամայ եւ ակամայ կ՚իյնանք մեղքի կոյուղիին մէջ եւ Աստուածային կապը կը փրթի յանկարծ, որովհետեւ հաւատարմութեան կապը խզուած է։ Սակայն, Քրիստոս այնքան սիրով կը մօտենայ մեզի յիշեցնելով, թէ այդ կապը նոյնիսկ եթէ փրթած է կրնանք նորոգել, ամրացնել եւ շարունակել մեր հաւատախառն կեցուածքը առ Քրիստոս։

ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԸՆՏՐԵԼ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԸ

Այսու եկէ՛ք, Ս. Սարգիսի օրինակէն պատշաճ պատգամները ստանանք։ Մեծ զօրավար մը եւ իր խօսքին կը հետեւէին տասնեակ զինուորներ։ Եւ իր առջեւ երկընտրանքի ճանապարհ մը բացուեցաւ յանկարծ։ Հեռանալ Քրիստոսէն՝ դառնալով ուրացող քրիստոնեայ եւ կամ շարունակել որպէս քրիստոնեայ՝ պատուոյ փառքէն մերկանալով։ Ս. Սարգիս ընտրեց երկրորդը եւ հեռացաւ իր զօրաւոր դիրքէն։ Հասաւ Հայկական թագաւորութիւն եւ ապա՝ Պարսկաստան, ուր եւս գտաւ վերըս-տին զօրութիւն՝ դառնալով զօրավար։ Սակայն յաջորդիւ Շապուհ թագաւոր իրմէ պահանջեց հեռանալ իր քրիստոնէական հաւատքէն ու հրամայեց զրադաշտական դառնալ ու կրակը պաշտել։ Կրկին երկընտրանք մը կանգնած էր իր առջեւ, թողուլ քրիստոնէութիւնը եւ կամ մնալ ճշմարիտ ու հաւատարիմ քրիստոնեայ՝ ընտրեալ ծառայ Քրիստոսի։ Ս. Սարգիս վերստին ընթացաւ երկրորդ ուղիէն, ըսելով. Ո՜վ թագաւոր, ես կրակի առջեւ ծունկի չեմ գար, որովհետեւ նոյնինքն կրակը արարած է եւ ստեղծուած՝ ճշմարիտ Աստուծոյ կողմէ։ Եթէ ունիմ Քրիստոս, ինչո՞ւ իր առջեւ երկրպագեմ։ Նոյնիսկ եթէ զիս մեռցնելու գաղափարականը պարուրած է քու միտքդ, լաւ իմացիր, ես ետ չեմ դառնար։ Այս բոլորին մէջ կու գայ աւելի ծանր փորձութիւն մը եւս, որովհետեւ Ս. Սարգիսը իր մօտ ունէր զաւակը՝ Մարտիրոս պատանին։

Տարիքով մեծեր աւելի լաւ կ՚իմանան, թէ որքան ծանր փորձութիւն մըն է սա։ Նման ընտրանք մը մեր առջեւ դրուի, չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կը պատասխանենք։ Զաւկի մը ընտանիքին առջեւ նահատակութեան գաղափարը որքա՜ն ծանր ըլլալու է։ Դժուար է պատասխանել եւ ըսել, թէ նոյն ձեւով կը շարժէինք, որովհետեւ դժուարին ընտրանք մըն է։ Սակայն Ս. Սարգիս այս ընթացքին մէջ նախ տեսաւ իր զաւկին նահատակութիւնը, իր աչքերուն առջեւ։ Յաջորդաբար այս դառն ապրումէն յետոյ կրկին իրեն հարցուցին, վերջին անգամ։ Ան չհեռացաւ իր ուղղափառ ուղիէն։ Ս. Սարգիս, ի տես այս հարցումին պատասխանեց, ըսելով. Ես ծառան եմ Քրիստոսի։ Ճիշդ է, թէ ընտանիք ունիմ, զաւակ ունիմ, փառք ունիմ, սակայն նախ եւ առաջ ունիմ Տէր մը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որմէ չեմ կրնար հեռանալ։ Մեծ վիշտ մը, զոր որքա՜ն մեծ իմաստութեամբ կը դիմագրաւէ սուրբը։ Հետեւաբար պէտք է յիշել, թէ սուրբերը պարզապէս անցեալի մէջ ապրած, դիւցազնական թուող կերպարը չունին։ Անոնք զուտ հոգեւոր պատգամներով լի են։ Ուստի, կը մաղթեմ, որ այս հոգեւոր պատգամը իւրաքանչիւրիս թո՛ղ խօսի։

Ս. ՍԱՐԳԻՍԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՕՐԻՆԱԿ ԲՈԼՈՐԻՍ

Ս. Սարգիսը իւրաքանչիւրիս առջեւ որպէս լաւ օրինակ  կը ներկայանայ իր կերպարով։ Պատասխանը գտնենք հաւատարիմ ծառան ըլլալու եւ մնալու Քրիստոսի։ Որովհետեւ Քրիստոս կիրակնօրեայ աւետարանի գծով կը խոստանայ՝ ըսելով, թէ ընտրեալ ծառաները, հաւատարիմ զաւակները երբ հաւատքով կը հետեւին Քրիստոսի, պիտի արժանանան կեանքի հացին եւ անօթի պիտի չմնան։ Թէկուզ միայն այս պատճառաւ հաւատարիմ մնա՛նք Քրիստոսին։

Այս պատմական եւ հոգեւոր պատգամը ստանալով՝ եկէ՛ք շարունակենք մեր աղօթքները, որպէսզի տկար չիյնանք ի հոգեւորս ի Յիսուս Քրիստոս։ Մեր շրջակայքին մէջ մեր տուներէն ներս Ս. Աւետարանը, քրիստոնէական աւանդութիւնները չտկարանան։ Առ այդ ունինք երկու պատգամ։ Առաջին՝ թարմացնենք մենք զմեզ, որուն համար Ս. Պատարագը լաւ առիթ է, իսկ երկրորդ՝ մեր բարեկամներուն յիշեցնենք Ս. Սարգիսը, որուն ճամբով մատնանշենք, թէ ան եղաւ ճաշակողը կեանքի հացին, գտնելով կեանքի աղբիւրը՝ երբեք անօթի չմնաց։ Մենք որպէս ժողովուրդ դարեր առաջ գտեր ենք կեանքի հացին աղբիւրը, դառնալով քրիստոնեայ ժողովուրդ եւ ազգ, հետեւաբար չկորսցնենք այս աղբիւրը, որ միշտ պիտի սնուցանէ բոլորս։

Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ յիշենք կարիքաւորները, մեր ժողովուրդը, մեր եկեղեցին, այլ խօսքով՝ յիշենք այն բոլոր զօրութիւններն ու արժէքները, որոնք մեզ քրիստոնէական ոգիով կը համախմբեն։ Տէրը ընդունէ բոլորիս աղօթքները. ամէն։    

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

14 փետրուար 2022, երկուշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022