ՓԱՔԻՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ՝ ԵՂԲԱՅՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐ

Փաքիստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Քամար Ճաւիտ Պաժվա Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Ներքին գործոց նախարար Ահմատ Վահիտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան աշխարհառազմավարական իրավիճակը՝ մանաւանդ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ կացութիւնն ու երկկողմանի համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ու անվտանգութեան բնագաւառի մէջ։

Փաքիստանի բանակի հրամանատարը յայտնեց, որ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնումը կարեւոր է տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան համար։ Ան Իրանն ու Փաքիստանը որակեց եղբայրական հարեւաններ։ Բաց աստի, ան Փաքիստան-Իրան սահմանը անուանեց խաղաղութեան ու բարեկամութեան սահման եւ ընդգծեց հաւաքական ջանքերու անհրաժեշտութիւնը՝ երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ սադրանքները կանխելու համար։

Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին Փաքիստանի զօրքերը աջակցած էին Ատրպէյճանի բանակին։ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Փաքիստան առանցքին վրայ վերջին շրջանին հետզհետէ կ՚աշխուժանայ ռազմական համագործակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022