ԱՄՐԱԳՐԵԼ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹՈՎ

Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս ամբողջին մէջ ներկայ փուլին առանցքային նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկաթուղիի վերագործարկման սկսիլը։ Այդ երկաթուղին ուրիշ բազում երկիրներ ալ իրարու կը միացնէ, հետեւաբար անոր վերագործարկումը ունի տարածաշրջանային նշանակութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնը երկաթուղիի վերագործարկման խնդիրներուն հետամուտ ըլլալու նպատակով ստեղծած է աշխատանքային խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի վարչապետի խորհրդականներէն Արտաշէս Թումանեան, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Իրանի մէջ դեսպանի պաշտօն կը վարէր։ Խնդրոյ առարկայ երկաթուղին որոշ մասով գոյութիւն ունի, իսկ որոշ մասերն ալ պէտք է կառուցուին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին շրջանի բոլոր շփումներու արձագանգներուն մէջ այս նիւթը առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ։ Այս մթնոլորտին մէջ Արտաշէս Թումանեան յայտնեց, որ երկաթուղիի կառուցումը պիտի սկսի, եթէ պայմանաւորուածութիւնները արձանագրուին փաստաթուղթով մը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Արտաշէս Թումանեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Վարչապետի որոշումով ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի զբաղի կամ արդէն կը զբաղուի երկաթուղիի յայտնի հատուածի Հայաստանի տեղամասերու վերականգնման աշխատանքներու կառավարումով։ Երասխի 1 քիլօմեթրէ աւելի հատուածին եւ Մեղրիի 45 քիլօմերթ երկարութեամբ հատուածին կը վերաբերի խօսքը։ Աշխատանքային խումբը սկսած է աշխատիլ»։ Ան աւելցուց, որ շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին մասնագիտական խումբ մը պիտի գործուղղուի երկաթուղիի յիշեալ երկու հատուածները ուսումնասիրելու համար։ Յատկապէս Մեղրիի հատուածը խնդրայարոյց է, ուստի տեղւոյն վրայ մանրամասն հետազօտութիւններ կը նախատեսուին։

Հարցազրոյցի ընթացքին Արտաշէս Թումանեանին յիշեցուեցաւ վարչապետի վերջին օրերու յայտարարութիւնը, ըստ որու երկաթուղիի վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները պէտք է թուղթին յանձնուին։ Արդեօք համաձայնագի՞ր մը պիտի ստորագրուի։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Արտաշէս Թումանեան ըսաւ. «Բարձր մակարդակի համաձայնութիւններ կան։ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սոչիի մէջ, ուր յայտարարուեցաւ այս մօտեցումներուն մասին։ Աւելի վերջ երեք երկիրներու փոխ-վարչապետները հաւաքուեցան Մոսկուայի մէջ, բաւական լաւատես յայտարարութիւն եղաւ։ Ապա Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում եղաւ եւ այնտեղ յայտարարուեցաւ, որ ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցերը քննարկուած են եւ երկաթուղիի ծրագիրը այն իսկ ծրագիրն է, որու շուրջ կայ առաւելագոյն փոխըմբռնում։ Բայց այսպիսի ծաւալով աշխատանքներու սկսիլը հայկական կողմին համար ընդունելի է, եթէ անոնք ամրագրուին փաստաթղթային որեւէ ձեւաչափով»։

Հարցազրոյցի ընթացքին հաղորդավարը յայտնած է, թէ ենթադրաբար երկկողմանի համաձայնագրի մը մասին ըլլայ խօսքը։ Արտաշէս Թումանեան այս կապակցութեամբ նշած է հետեւեալը. «Երկկողմանի, որեւէ երրորդ կողմ ալ կրնայ ըլլալ, բայց առնուազն երկու կողմերը պէտք է պարտաւորուին ընելու, որովհետեւ այդ ենթակառուցուածքները յետոյ միանան, պէտք է միանան, միասին պէտք է աշխատին։ Այսինքն՝ համագործակցութեան եւ համատեղ աշխատանքի տիրոյթներ ալ կան»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022