Ե՞ՐԲ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆՔ

Մենք՝ երեք գումարած եօթ միլիոննոց ազգը պարտուեցանք այն ժամանակ, երբ մեր ուղեղի մէջ դրոշմեցին հՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ զգացումը: Երբեւէ բացա՞ծ էք բառարան եւ կարդացած, թէ այդ սոսկալի բառի դիմաց ինչպիսի հոմանիշներ շարուած են՝ ամբարտաւան, գոռոզ, պարծենկոտ, սնապարծ, խրոխտ, մեծամիտ, ինքնակարծ, ինքնահաւան, բարձրամիտ, վեհ, սէգ, հպարտամիտ, գոռոզամիտ, անձնապաստան, անձնագով, անձնագոհ, ինքնագով, ինքնապաստան, անձնահաւան, անձնահաճ, բարձրավիզ, բարձրասէգ, բարձրահոն, կոկոզամիտ, կոկոզավիզ, հպարտախոհ, հպարտասիրտ, խրոխտ, յոխորտ: Կրնա՞ք գուշակել, թէ ո՛ր իմաստով մեզ անդադար կը կոչէին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հՊԱՐՏ քաղաքացիներ: Այսօր դժուար չէ գուշակել: Եւ սա ամէնը չէ:

Մենք պարտուեցանք այն ժամանակ, երբ նախաճաշը դարձաւ լանչ:

Մենք պարտուեցանք այն ժամանակ, երբ հայ ըսելով աշխարհը հասկցաւ Քիմ Քարտաշեան:

Մեր հայկական աւանդական Ամանորեայ սեղանը դարձաւ հին ու ամօթալի:

Երբ արցախցի ըսած ատեն ծամածռուեցանք ու ծամածռեցինք մեր ճակատագիրը:

Երբ այնքան ցածցանք, որ թոյլ տուինք, անտարբեր անցանք, երբ խումբ մը մոլորեալներ համարձակեցան ձայն ու ձեռք բարձրացնել, յերիւրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Երբ անարգել սկսան ցեխ շպրտելու ու կը շարունակեն շպրտել մեր հոգեւոր առաջնորդներու, հոգեւոր հայրերու, ինչպէս նաեւ եկեղեցիի հասցէին: Եւ ոչ մէկ պարագային մեզմէ՝ հանրութենէ, ազգի սերուցքէն ապտակի մը անգամ չարժանացան: Այդ դիւահարները չեն գիտակցիր իրենց մեղքի ծանրութեան: Չեն հասկնար, որ հասարակ մահկանացուն, երբ կը համարձակի դատապարտել հոգեւոր սպասաւորները, աքացի տալով կը խփէ եկեղեցիին՝ իրեն ու իր զաւակներու գոյաբանութեան երաշխաւորին, երբ կը գտնուի շրջապատուած թշնամիներու կողմէ՝ երեք միլիոննոց փոքրիկ երկրի մը մէջ, ինքնըստինքեան կը ստորագրէ իր հՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ տակ:

Պարտուեցանք, երբ Առաջաւոր Ասիայի մէջ մենք մեզ երեւակայեցինք յառաջադէմ եւրոպացի եւ ծուլացանք ապրիլ խաղի մեր կանոններով:

Պարտուեցանք, երբ հայկական աւանդական հաց ու պանիրը, որով մեր նախնիք ապրեցան հարիւր տարի՝ չհաւնուեցաւ ու համարուեցաւ անառողջ:

Պարտուեցանք, երբ հայապահպան կառոյց եկեղեցին սկսաւ ընկալուիլ ոչ թէ որպէս ճեմարան, այլեւ՝ լաւ ու վատ հոգեւորականներէ բաղկացեալ շինութիւն մը: Եւ հենց այդ ժամանակ մենք պարտուեցանք: Մենք հեռացանք միակ ճշմարիտ Աստուծմէ եւ մօտեցանք աստուածներուն: Եւ շարունակեցինք Տիրոջմէ բաղձալ կրակ՝ մեր մէջի հայկական կրակը այլեւս մարած:

Մենք պարտուեցանք, երբ հեռացանք Նարեկէն, կաթոլիկավատիկանաբար արձանացուցինք Նարեկացին: Ան սրբադասելու փոխարէն, չնչին հոնորարի դիմաց, օտարներէ ներմուծեցինք ցածորակ ուսմունք՝ նէոլիպերալ թեքնոլոժիներու ազդեցութեան տակ, սկսանք իյնալ այդ տափակ թրենտներու ետեւէն: Եւ չհասկցանք, որ ուրիշներու ուսմունքը ուրիշներու փրկութիւնն է պարզապէս, սակայն ոչ երբեք մեր, քանզի մենք Աստուծոյ ընտրեալ ազգն ենք, այլ ոչ՝ Քրիշնայի:

Որ մերը խոտակեր փիղը չէ, մերը՝ լեռնցին է, որու յօշոտուելուն ժանիքները սրած չորս կողմէն կը սպասէ սատանան՝ վագրն է:

Մենք գիշատիչէն դարձանք բուսակեր, հումակեր, խոտակեր:

Մենք պարտուեցանք, երբ եոկան դարձաւ նորաձեւ, նիհարնալը գերնպատակ:

Պարտուեցանք, երբ մերժեցինք մեր առաքելութիւնը՝ տէր ըլլալ Տիրոջ պատգամին՝ պահպանել ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը, միակը՝ առաքելականը:

Պարտուեցանք, երբ շփոթեցինք աղանդաւոր ու հաւատացեալ բառերու իմաստները ու նէոլիպերալներու ներմուծած աղանդաւորները սկսանք անուանել «հաւատացեալ»:

Երբ անկիրթը յաղթեց կիրթին՝ հաւանումներու քանակով...

Երբ չկրթուեցանք այնքան, որպէսզի հասկնանք, թէ մեր ազգային արժանապատուութիւնն է պաշտպանել եկեղեցիի սպասաւորը՝ առանց զայն անձնաւորելու: Առանց նախապայմանի, որ մենք ու եկեղեցին մարմին մըն ենք: Որ մեր պատիւն է անոր ըսածը համարել օրէնք: Այդպէս կը վարուին հրեաները: Այս է գոյատեւելու միակ գրաւականը: Իսկ մենք... մենք...

Մենք պարտուեցանք, որովհետեւ մենք ենք, որ կանք: Հինգ հազարամեայ այդ ազգը՝ կործանուող, սակայն ուշքի չեկող, ինքն է, որ կայ:

Այդ ազգը:

Պարտուեցանք, երբ կիսագրագէտ միջակութիւն մը ինքզինք յայտարարեց արհեստավարժ միմիայն նէոլիպերալներու ստեղծած դիմատետրի շնորհիւ: Ինքզինքին համար քանի մը հարիւր կամ հազար անուղեղներ ժողվելով սկսաւ հաւանումներ հաւաքել: Մեծամտանալով սկսաւ սորվեցնել՝ տակաւին չսորված:

Երբ հայրենի իմաստասէրի անունը անգամ չսորված սկսաւ մեզ սորվեցնել հնդիկ երկրպագել:

Պարտուեցանք, քանզի եոկան աւելի լաւն է, քան Նարեկը, որով կը բուժեն եոկերը:

Պարտուեցանք, երբ առանց հասկնալու Քրիստոսը փոխեցինք Քրիշնայի հետ:

Մենք պարտուեցանք, երբ դարձանք ոչ-արհեստավարժներու երկիր:

Պարտուեցանք, երբ դադրեցանք գրել ճշմարտութիւնը, որովհետեւ մեզ վախցուցին:

Պարտուեցանք, երբ հարիսան սկսանք խառնել ու հարիչով լափ սարքել: Մեր հարիսան: Եւ այդ ժամանակուընէ ամէն բան իրարու խառնեցինք:

Երբ հայկական Դեմիրճեան տեսակի խնձորը խրթխրթոցով խածնելու փոխարէն հիւթաքամիչով հիւթ սարքեցինք:

Պարտուեցանք, քանզի ոչ մէկը իր տեղն է:

Պարտուեցանք, քանզի զգացմունքը շփոթեցինք բնաւորութեան հետ, նկրտումն ու մեծամտութիւնը՝ արհեստավարժութեան հետ:

Պարտուեցանք, քանզի ոչ մէկ բնագաւառի մէջ ունինք վարպետներ՝ արհեստավարժ վարպետներ:

Պարտուեցանք, քանզի Առաջաւոր Ասիայի մէջ ինքզինքնիս երեւակայեցինք յառաջադէմ եւրոպացի, մինչդեռ հրեան հասկցաւ, որ ինքը հրեայ է:

Որովհետեւ երեք միլիոնը իրաւունք չունի դիմատետր ունենալու, ինսթակրամի մէջ ժամանակ անցընելու... Երեք միլիոնը պէտք է գիշերուզօր ներշնչուի ազգային հայեցակարգով: Ծնած օրուընէ ճանչնայ Նժդեհ, ամէն օր Օրհներգի հնչիւններու ներքոյ մտնէ դասարան եւ աղօթէ: Այդպէս կ՚ընեն պարսիկները՝ զտարիւն արեւելցի մնալով Արեւմտեան Ասիայի մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022