ԱՏԱՆԱՅԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սթենֆրտի համալսարանի հրատարակչութենէն լոյս տեսած է յայտնի պատմաբան Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի «Ատանայի արհաւիրքը» գիրքը։ «Էրեբունի» կայքէջի հաղորդումներով, բազմալեզու տասնհինգ արխիւներէ ներս շուրջ տասնամեակ մը տեւած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը կը հանդիսանայ այս հատորը, որ ձօնուած է աւելի քան 22 հազար զոհ խլած 1909-ի Ատանայի ջարդերուն։

Պետրոս Տէր-Մաթոսեան, որ Երուսաղէմ ծնած է եւ երկար տարիներէ ի վեր գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ներկայիս Նեպրասքայի համալսարանի Լինքըլնի մասնաճիւղի պատմութեան բաժնի դասախօսներէն է ու փոխ-վարիչը՝ անոր Միջին Արեւելքի պատմութեան ենթաբաժանմունքին։ Միեւնոյն ժամանակ, Պետրոս Տէր-Մաթոսեան ներկայիս Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն ներս հաստատուած Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետի պաշտօնը կը վարէ։ Անգլերէնով լոյս տեսած իր այս վերջին գիրքը կը կոչուի «The Horrors of Adana: Revolution and Violence in the Early Twentieth Century»։

Գիրքը կարելի է ապահովել առցանց վաճառքի միջոցաւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022