ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ ԵՐԷԿ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ քաղաքական օրակարգը զբաղեցնել առաջնահերթօրէն, Անգարա աշխատանքները յառաջ կը տանի թրքահայ համայնքային շրջանակները իրադարձութիւններէն տեղեակ պահելով եւ անոնց տրամադրութիւնները շօշափելով։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս ամբողջին մէջ երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Իրեն ընկերացաւ Արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի պատասխանատու Այշէ Ուզէր։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Զրոյցի ընթացքին Սերտար Քըլըչ գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ ունեցած առաջին հանդիպման կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնեց, թէ երկու երկիրներու տեսակէտէ դրական զարգացումներու գետին պիտի պատրաստուի բնականոնացման գործընթացի փոխադարձ առողջ քայլերով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար ու մաղթեց, որ յաջողութեամբ պսակուի Սերտար Քըլըչի ստանձնած դիւանագիտական առաքելութիւնը։ Ան հերթական անգամ նշեց, որ կը քաջալերէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Նորին Ամենապտուութիւնը համոզուած է, թէ բարիդրացիական յարաբերութիւնները պիտի չսահմանափակուին երկու երկիրներով ու անոնց քաղաքացիներով, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ անդորրութեան մթնոլորտի մը ձեւաւորման, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացումներու համար դուռ պիտի բանան։

Հուսկ, Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ դեսպան Սերտար Քըլըչ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ ունեցած զրոյցին համար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022