ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յա­ճախ կը հար­ցուի, թէ Աս­տուած ին­չո՞ւ ստեղ­ծեց «չար»ը, կամ ին­չո՞ւ ար­տօ­նեց չա­րու­թեան։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ անդ­րա­դար­ձած էինք, թէ Աս­տուած չէ՛ ստեղ­ծած «չար»ը, քա­նի որ «չ­»ա­րա­րած է, այ­սինքն ստե­ծուած չէ։ Այլ բո­լոր մար­դիկ նե­րա­ռուած են Ա­դա­մին մեղ­քին մէջ. «Անհ­նա­զան­դու­թեամբ մէկ մար­դու՝ բո­լոր մար­դիկ մե­ղա­ւոր դար­ձաս» (ՀՌՈՄ. Ե 19)։ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի այս վար­դա­պե­տու­թեան հա­մա­ձայն՝ մար­դոց վրայ ճնշող խեղ­ճու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ «չար»ին ու մա­հուան հան­դէպ ա­նոնց հա­կու­մը կա­րե­լի չէ հասկ­նալ ա­ռանց ա­նոնց Ա­դա­մի մեղ­քին հետ ու­նե­ցած կա­պին եւ այն ի­րո­ղու­թեան, թէ Ա­դամ հա­մայն մարդ­կու­թեան փո­խան­ցեց մեղք մը, որ­մէ բո­լոր մար­դիկ ա­րա­տա­ւո­րուած կը ծնին՝ որ մա՛հն է հո­գիին։ Եւ այս «սկզբնա­կան մեղք»ին պատ­ճա­ռով, «չար»ը գո­յա­ցաւ եւ «սա­տա­նայ»ն ո­րոշ տի­րա­պե­տու­թիւն մը ձեռք ձգեց մար­դուն վրայ, թէ­պէտ եւ այս վեր­ջի­նը կը շա­րու­նա­կէ ա­զատ մնալ։

Ան­գի­տա­նալ, թէ մար­դը դէ­պի չա­րը հա­կած վի­րա­ւոր բնու­թիւն մը ու­նի, ա­սի­կա դաս­տիա­րա­կու­թեան, ամ­բողջ ըն­կե­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան եւ բար­քե­րու մար­զե­րէն ներս ծնա­րակ­շիռ սխալ­նե­րու տե­ղի կու տայ։

Ու­րեմն այս «աշ­խար­հի մեղք»ին (ՅՈՎՀ. Ա 29) հե­տե­ւանքն է «չար»ը եւ ո՛չ ա­րա­րած, այլ չ­-ա­րա­րած։

Աս­տուած ին­չո՞ւ կ՚ար­տօ­նէ «չար»ին գոր­ծու­նէու­թեան, քա­նի որ «չար»ը՝ հե­տե­ւանքն է «սկզբնա­կան մեղք»ին, եւ «մեղք»ն ալ բնա­կան հե­տե­ւանքն է «ա­զատ կամք»ին, ու­րեմն «չար»ն ալ այդ «ա­զատ կամք»ին հե­տե­ւանքն է, եւ քա­նի որ Աս­տուած մար­դուն տուած է ա­զատ կամք, ար­տօ­նած է ա­նոր ա­զատ կամ­քով գոր­ծել, ա­պա ու­րեմն ա­զատ կամ­քի հե­տե­ւան­քով գո­յա­ցած «չար»ին ալ պի­տի ար­տօ­նէր բնա­կա­նա­բար։ Եւ այս ի­րո­ղու­թիւնն է, որ մար­դուս կեան­քը վե­րա­ծած է «պայ­քար»ի մը։

Ուս­տի չա­րին զօ­րու­թիւն­նե­րուն դէմ կը ծա­ւա­լի, կը տա­րա­ծուի ա­նո­ղոք պայ­քար մը, պայ­քար մը՝ ծնած սկիզ­բէն իսկ, եւ որ պի­տի տե­ւէ մին­չեւ վեր­ջին օ­րը։ Մարդ պար­տա­ւոր է ան­դա­դար պայ­քա­րե­լու եւ մա­քա­ռե­լու՝ որ­պէս­զի յա­րի բա­րիին։ Մարդ իր ներ­քին միու­թիւ­նը եւ ներ­դաշ­նակ վի­ճա­կը ա­պա­հո­վե­լու եւ ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար պար­տա­ւոր է պայ­քա­րե­լու չա­րին դէմ, քա­նի որ չա­րը իր ա­զատ կամ­քին հե­տե­ւանքն է եւ պէ՛տք է տու­ժէ պայ­քար մղե­լով։

Բայց Աս­տուած միշտ հա­ւա­տա­րի՛մ է իր ա­րա­րած­նե­րուն նկատ­մամբ, ուս­տի Ան եր­բեք չէ լքած մար­դը նոյն­սիկ իր ան­կու­մէն ետքն ալ։ Աս­տուած կան­չեց մար­դը եւ ա­ւե­տեց ա­նոր յաղ­թա­նա­կը չա­րին դէմ եւ վե­րա­կանգ­նու­մը իր ան­կու­մէն՝ որ կը կո­չուի՝ «նա­խա­ւե­տա­րան» այս ա­ւե­տու­մը։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս կեր­պով՝ Քրիս­տո­սի ան­հուն եւ ան­պա­տում շնորհ­քով տրուե­ցաւ ա­ւե­լի լաւ բա­րիք­ներ, քան ի՛նչ որ չա­րը ա­ռած էր իր­մէ։

Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի կ՚ը­սէ. Ո՛չ մէկ բան կը հա­կադ­րուի թէ մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը մեղ­քէն ետք ա­ւե­լի գե­րա­կայ վախ­ճա­նի մը սահ­մա­նուե­ցաւ։ Ար­դա­րեւ, Աս­տուած թոյլ կու տայ որ չա­րի­քը գոր­ծուի, չա­րը գոր­ծէ՝ որ­պէս­զի ան­կէ շատ ա­ւե­լի մեծ բա­րիք մը քա­ղէ»։ Ա­հա նաեւ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի խօս­քը, թէ՝ հոն ուր մեղ­քը ա­ռա­տա­ցաւ, շնորհքն ալ ա­ւե­լի՛ ա­ռա­տա­ցաւ (ՀՌՈՄ. Ե 20)։ Այս կեր­պով՝ ե­րա­նե­լի՜ է յան­ցան­քը, այ­սինքն չա­րը, որ մեծ Փրկի­չի մը ար­ժա­նա­ցաւ»։

­Պահ մը խոր­հինք, սի­րե­լի­նե՜ր, ե­թէ չա­րը գո­յու­թիւն չու­նե­նար, մենք պի­տի վա­յե­լէի՞նք Յի­սու­սը՝ որ չա­րէն փրկե­լու ե­կաւ մարդ­կու­թիւ­նը…։

Ար­դա­րեւ «չար»ը եւ «մահ»ը Աս­տու­ծոյ գոր­ծը չէ՛, Աս­տուած եր­բեք չ՚ու­րա­խա­նար կեն­դա­նի էակ­նե­րու կո­րուս­տով։ Սա­տա­նա­յին նա­խան­ձէն է որ չա­րը եւ մա­հը աշ­խարհ մտաւ։ Ուս­տի «չար»ը չա­րու­թիւն ը­նե­լով կ՚ու­րա­խա­նայ եւ իր նեն­գու­թիւն­նե­րո­վը կը ցնծայ։ Չար ո­գի­ներ՝ ան­կեալ բա­րի­ներ են, ո­րոնք ի­րենց «ա­զատ կամք»ով մեր­ժած են ծա­ռա­յել Աս­տու­ծոյ եւ հա­ւա­տա­րիմ մնալ Ա­նոր ծրագ­րին։

Եւ սկզբնա­կան մեղ­քի հե­տե­ւանք «չար»ը կը գո­յա­տե­ւէ, քա­նի որ սկզբնա­կան մեղ­քը կը փո­խան­ցուի մարդ­կա­յին բնու­թեան՝ ոչ թէ «նմա­նու­թեամբ» այլ «փո­խան­ցում»ով եւ այս պատ­ճա­ռով ան յա­տուկ է իւր­աքան­չիւ­րին՝ ա­մէն մէկ ան­հա­տի։

Փոր­ձենք ակ­նարկ մը նե­տել Սուրբ Գիր­քին՝ ուր պի­տի նկա­տենք «չար»ի մա­սին ը­սուած­նե­րը։

Չա­րը՝ շնորհ­քի մէջ ա­ճե­լու ա­մե­նա­մեծ ար­գե՛լքն է, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պետ­րոս Ա­քա­ռեալ.

«Հե­տե­ւա­բար մէկ­դի՛ ձգե­ցէք ա­մէն տե­սա­կի չար մտա­ծում­ներ եւ նեն­գու­թիւն, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, նա­խանձ եւ ա­մէն տե­սա­կի չա­րա­խօ­սու­թիւն։ Որ­պէս­զի հա­ւատ­քի նո­րա­ծին մա­նուկ­նե­րու պէս ըլ­լանք՝ Աս­տու­ծոյ խօս­քին ան­խար­դախ կա­թին փա­փա­քող­ներ, եւ ա­նով կա­րե­լի ըլ­լայ ա­ճիլ եւ փրկու­թեան հաս­նիլ» (Ա. ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԻ. Բ 1-2)։ Ուս­տի ար­գիլուած է չա­րին հե­տե­ւիլ եւ չա­րա­գոր­ծել։

«Եղ­բայր­նե՛ր, միտ­քով ե­րե­խայ մի՛ ըլ­լաք. ե­րե­խա­նե­րու պէս ե­ղէք միա՛յն չա­րիք խոր­հե­լու մէջ, իսկ ան­կէ դուրս՝ հա­սուն մար­դու պէս խոր­հե­ցէք» (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԴ 20)։ Եւ դար­ձեալ, նոյն ի­մաս­տով ը­սուած. «Բայց հի­մա ձեզ­մէ դուրս նե­տե­ցէք այդ բո­լո­րը. բար­կու­թիւ­նը, զայ­րոյ­թը, չա­րու­թիւ­նը։ Ձեր բե­րա­նէն ո­րե­ւէ հայ­հո­յու­թիւն կամ լկտի խօսք չլսուի» (ԿՈ­ՂՈՍ. Գ 8)։ Չա­րու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­յին պաշ­տա­մունք­նե­րու հա­մըն­թաց՝ եր­թա­լու հա­մար յար­մար չէ։ Ան որ չար է, ան­կեղծ պաշ­տա­մունք չի կրնար կա­տա­րել։ «Չա­րու­թեան հին խմո­րը դուրս նե­տե­ցէ՛ք ձեզ­մէ, որ­պէս­զի ամ­բող­ջու­թեամբ նոր եւ անխ­մոր զան­գուած մը ըլ­լաք, ինչ­պէս որ էք ար­դէն, քա­նի որ Քրիս­տոս՝ մեր Զա­տի­կին Գառ­նու­կը մորթուե­ցաւ (Ա. ԿՈՐՆԹ. Ե 7), «ուս­տի Զա­տի­կը տօ­նենք՝ ո՛չ թէ հին խմո­րով, այ­սինքն՝ ո՛չ թէ չա­րու­թեան եւ անզ­գա­մու­թեան խմո­րը պա­հե­լով մեր մէջ, այլ՝ ա­ռանց թթխմո­րի, այ­սինքն՝ ան­կեղ­ծու­թեան ո­գիով եւ ճշմար­տու­թեամբ» (Ա. ԿՈՐՆԹ. Ե 8)։ Ա­հա­ւա­սիկ կը տես­նուի, թէ ան­կեղ­ծու­թեան ո­գին ո՜ր­քան կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ ա­մէն յա­րա­բե­րու­թեան մէջ, ինչ­պէս մարդ­կա­յին եւ նաեւ՝ մար­դուն Աս­տու­ծոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ մա­նա­ւանդ։ Ան­կեղ­ծու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է լաւ եւ ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թեան մը մշակ­ման հա­մար։

Քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան հա­մա­ձայն, ա­զա­տու­թիւ­նը՝ «ա­զատ կամք»ը պէտք չէ՛ որ ար­դա­րա­ցում մը կամ պա-տըրւակ մը ըլ­լայ չա­րին եւ չա­րու­թեան։ Այս ուղ­ղու­թեամբ է, որ Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ իր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ. «Ա­զատ մար­դոց պէս ե­ղէք, բայց՝ իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­ներ։ Ձեր ա­զա­տու­թիւ­նը չա­րիք գոր­ծե­լու պատ­րուակ թող չըլ­լա՛յ» (Ա. ՊԵՏ­ՐՈՍ. Բ 16)։ Ա­զա­տու­թեան գա­ղա­փա­րը աս­կէ ա­ւե­լի յստակ կեր­պով կա­րե­լի՞ է բա­ցատ­րել։

Ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նը կը վեր­ջա­նայ հոն՝ ուր կը սկսի չա­րի­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս, 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015