ԷՍԱԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բուն Բարեկենդանին առթիւ Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Հայերէնի եւ գծագրութեան ուսուցիչներու հսկողութեամբ մշակուած էր ծրագիրը։ Դպրոցի սրահի երդիքին տակ Ս. Վարդանանց տօնին ու խորհուրդին շուրջ աշակերտներու գիտելիքները թարմացուեցան, նաեւ հաճելի մրցոյթի ձեւաչափին մէջ անոնք ենթարկուեցան քննութեան։ Հանդէսի երկրորդ բաժնին մէջ տղաքը դիմակներ ստեղծագործեցին եւ անոնցմով հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ Բարեկենդանի խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ։

Միւս կողմէ, դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած՝ «Իսթանպուլը երեխաներուն կը հարցնէ» խորագրեալ ձեռնարկը։ Թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ միջնակարգի սաները մասնակցեցան այս ծրագրին, որ կեանքի կոչուեցաւ 25 հոգիէ բաղկացեալ աշխատանոցի մը ձեւաչափին մէջ։ Տղաքը ներկայացուցին առաջարկներ։ Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած Իսթանպուլի քարտէսն ալ հետաքրքրութիւն յառաջացուց անոնց մօտ։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022