ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԲՈԼՈՐԱԾ Է ՀԲԸՄ-Ի ՂԵԿԻՆ՝ ԴԱՌՆԱԼՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԸ, ՈՐ ՀԵՏՔ ԹՈՂԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԱՏԱՐԱԾ ԱՅՍ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն 20 տարին բոլորեց իր պաշտօնին գլուխը։ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն ներս երկար աշխատանք տարած Պերճ Սեդրակեան 20 տարի առաջ, 22 փետրուարին կազմակերպութեան գլուխը անցած էր՝ յաջորդելով Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնին։ Այդ ժամանակահատուածին Պերճ Սեդրակեան հանդէս եկաւ որպէս իսկական առաջնորդ, հեղինակաւոր ղեկավար։ Ան մէկ կողմէ տեւականացուց ՀԲԸՄ-ի խոր աւանդութիւնները, հաւատարիմ մնաց անոր առանցքային սկզբունքներուն, իսկ միւս կողմէ կազմակերպութեան գործունէութիւնը նոր հունի մը մէջ դրաւ՝ արդի ժամանակներու կարիքներուն ու մարտահրաւէրներուն համահունչ։ Պերճ Սեդրակեանի հաւասարակշռուած ղեկավարութիւնը ապահովեց, որ ՀԲԸՄ-ի հայ իրականութենէն ներս համազգային դերակատարութիւնը ամրապնդուի եւ այնպիսի ուղղութիւններով երանգաւորուի, որ ան կարողանայ նոր հորիզոններ ուրուագծել Հայաստանի եւ սփիւռքի առջեւ՝ աշխարհատարած այս կառոյցի հնարաւորութիւններու նպատակասլաց արժեւորումով։
Պերճ Սեդրակեանի կողմէ նախագահի պաշտօնի ստանձնման 20-ամեակի յոբելեանին առթիւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան յատուկ յայտարարութիւնով մը։ Կառոյցի ղեկավարութիւնը այս առթիւ ընդգծեց իր երախտագիտութիւնը՝ շնորհաւորելով թէ՛ Պերճ Սեդրակեանի կեանքի եւ թէ ՀԲԸՄ-ի պատմութեան տեսակէտէ այս նշանակալի իրադարձութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ երկու տասնամեակ առաջ Պերճ Սեդրակեան արժանաւորապէս ստանձնած էր աշխարհի մեծագոյն հայկական ոչ-շահամէտ, բարենպատակ կազմակերպութեան ղեկը։ Թէ՛ որպէս Կեդրոնական վարչութեան նախագահ եւ թէ որպէս անդամ՝ Պերճ Սեդրակեանի ծաւալած 45-ամեայ գործունէութիւնը կու գայ աներկբայօրէն հաստատել, թէ ՀԲԸՄ-ի պատմութեան մէջ ան ունի իր մնայուն հետքը՝ որպէս ապագայատեսիլ ու լայնահորիզոն ղեկավար, որու պարագային պատասխանատուութեան զգացումը եղած է կոչում, քան ընտրանք։ «Բոլոր անոնք, որոնք իր հետ աշխատելու բախտաւորութիւնը ունեցած են՝ աւելի քան դարէ մը ի վեր ազգի ծառայութեան նուիրուած աշխարհատարած մեր կազմակերպութիւնը ղեկավարելու ծանր յանձնառութեան մէջ, կրնան հաստատել, թէ հակառակ իր ասպարէզին մէջ ձեռք բերած փայլուն յաջողութեան ու համբաւին, ան իր կենսանպատակի մարմնաւորումը գտած է ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան մէջ», նշուած է Կեդրոնական վարչութեան յայտարարութեան մէջ, նաեւ շեշտուած է, որ Պերճ Սեդրակեան եղած է ջերմ ջատագովը ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրներու «Միութիւնը զօրութիւն է» պատգամին։
«Հայ ժողովուրդի հզօրացման ուղղեալ իր ճիգերը ան կեդրոնացուցած է տարբեր աշխարհահայեացքներ ու սերունդներ կամրջելու եւ ընդհանրական նպատակներ ու տեսլականներ ձեւաւորելու գործին։ Այս ուղղութեամբ ան յանդուգն աշխատանքներ կատարած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մեր ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը ամրապնդելու համար՝ այն խոր համոզումով, թէ սփիւռքի եւ հայրենիքի ճակատագիրները միահիւսուած են։ Ան նաեւ հաստատակամ ու անխախտ զօրակցութիւն ցուցաբերած է Հայ Եկեղեցիին՝ զայն դաւանելով որպէս հայ ազգի կռուանը։ Առ այդ, ան գլխաւորած է բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ՝ նպատակ ունենալով այժմէականացնել Եկեղեցւոյ դերը եւ հոգեւոր կամ պատմական առումով զայն մաս դարձնել հայ ժողովուրդի առօրեային», շեշտուած է Կեդրոնական վարչութեան յայտարարութեան մէջ։
Նոյն առթիւ մատնանշուած է, որ Սեդրակեան առաջնորդ մըն է իր բնատուր խառնուածքով։ Ան խանդավառ աջակցութիւն ցուցաբերած է երիտասարդներու անհատական կամ արհեստավարժ կարողութիւններու մշակումին։ ՀԲԸՄ-ի պատմութեան մէջ ան եղած է Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած առաջին երիտասարդներէն մին։ Աւելի վերջ ալ շարունակած է քաջալերել երիտասարդ առաջնորդներու պատրաստութիւնը։ Խրախուսած է, որ անոնք ղեկավարի իրենց ձիրքերով եւ ինքնավստահութեամբ սպասաւորութիւն բերեն հայ ժողովուրդին։
Կեդրոնական վարչութեան յայտարարութեան մէջ դիտել տրուած է, որ Պերճ Սեդրակեան ՀԲԸՄ-ի նախագահ դարձած է համաշխարհայնացումի եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու բարդ խնդիրներով բնորոշուած ժամանակաշրջանի մը ընդառաջ։ «Մեր կառոյցներն ու գործելաոճը վերակազմակերպելու աշխատանքին լծուած է՝ միշտ հետամուտ նպատակասլաց գործունէութիւնով ու ծրագրերով զօրացնելու ինքնութեան եւ ժառանգութեան գիտակցութիւնը ազգի ծառայութեան առաքելութեան մէջ։ Արհեստագիտական եւ հաղորդակցական միջոցներու արագընթաց զարգացման հետ քայլ պահելու առընթեր, ան միշտ կարեւորած է ուղղակի հանդիպումներով անձնական կապեր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ Հետեւաբար, մեր աշխարհատարած շրջանակներուն եւ մասնաճիւղերուն տուած իր շարունակական այցելութիւններով ան մօտէն ծանօթացած է անոնց առանձնայատկութիւններուն, ակնկալութիւններուն եւ նախապատուութիւններուն՝ լաւագոյնս եւ արդարօրէն բաշխելու համար միութեան միջոցները կեանքեր բարելաւելու ի խնդիր», դիտել տրուած է յայտարարութեան մէջ։
Սեդրակեանի լծակիցները վկայած են, թէ ան միշտ եղած է պատրաստ՝ դիմակայելու ամենածանր մարտահրաւէրները։ Բաց աստի, ընդգծուած է, որ Սեդրակեան ունի խորաթափանց աշխարհընկալում, իր նախորդներու վաստակին կապակցութեամբ խոր գիտակցութիւն եւ 20 տարիներ առաջ նախագահի պաշտօնը ստանձնած է՝ որպէս ճի՛շդ ղեկավար, ճի՛շդ ժամանակին։
Հուսկ, Կեդրոնական վարչութիւնը անկեղծօրէն ողջունած է Պերճ Սեդրակեանը՝ վեհ առաքելութեան շնորհիւ բոլորը համախմբած ըլլալու բերումով։ Սեդրակեանի լծակից ընկերները ողջունած են նաեւ կեանքի ընթացքին անոր ձեռք բերած իմաստութիւնը, հայեացքը եւ ՀԲԸՄ-ի համար ներդրած ժամանակը։ Շնորհաւորական յայտարարութեան մէջ բարձր գնահատանքով մատնանշուած է նաեւ Պերճ Սեդրակեանի կողակցին՝ Վերա Սեդրակեանի սերտ գործակցութիւնը։ Արդարեւ, Սեդրակեանները տարիներ առաջ ձեռնարկած են այս նպատակասլաց ուղեւորութեան՝ որպէս ՀԲԸՄ-ի ջերմեռանդ նուիրեալներ։