ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»ի հայերէն տպագրութեան համար շնորհանդէս մը։ Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեան հովանաւորեց այս գինեձօնը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ համալիրի սրահին մէջ։ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի մասնաճիւղին կողմէ հրատարակուած էր այս գիրքը՝ մասնաւորապէս անոր ընդհանուր քարտուղարին՝ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի ջանքերով։

Ձեռնարկի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տ. Արտակ Քհնյ. Քեհիաեան։ Ապա արտայայտուեցաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի ուսուցիչներէն Ճորճ Արապաթլեան։ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի սրտի խօսքէն վերջ արտայայտուեցաւ Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեան, որ բարձր գնահատանքով ընդգծեց տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը։

Հուսկ, աւանդական գինեձօնի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, գիրքերը մակագրուեցան եւ ձեռնարկը աւարտին հասաւ հիւրասիրութիւնով։ 

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022