ՀՅԴ ԴԱՐՁԱՒ PES-Ի ԱՆԴԱՄ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) դարձաւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան (PES) անդամ։ Կը հաղորդուի, որ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած PES-ի 10-րդ համագումարին ընթացքին հաստատուած է ՀՅԴ-ի անդամակցութիւնը՝ դիտորդի կարգավիճակով։ Հարկ է նշել, որ Եւրոմիութեան անդամ կամ անդամակցութեան թեկնածու չեղող երկիրներու կուսակցութիւնները այլ կարգավիճակ չեն կրնար ունենալ PES-ի մօտ։
Նոյն համագումարին ընթացքին կուսակցութեան դիւանին առաջարկով հաստատուած է նաեւ անդամակցութիւնը Վրաստանէն, Եգիպտոսէն, Մարոքէն եւ Իտալիայէն կուսակցութիւններու։
ՀՅԴ-ի պիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Եւրոպական Ընկերվարականներու կուսակցութեան անդամակցութիւնը նոր կարելիութիւններ կու տայ ՀՅԴ-ին՝ եւրոպական քաղաքական այդ ընտանիքի անդամներուն հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն մը հաստատելու տեսանկիւնէն»։
Հարկ է նշել, որ ՀՅԴ կ՚անդամակցի նաեւ Սոցիալիստ Էնթէրնասիոնալին։