ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսման համար կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Արեւիկ Պապայեանի կողմէ։ Արի Քենտիրլի-Արեւիկ Պապայեան ամոլի Երեւանի բնակարանին մէջ ան օրհնեց Բուն բարեկենդանի առթիւ սարքուած սեղանը։ Հայր սուրբը մասնաւորապէս գուրգուրանքի առարկայ դարձուց տան փոքրիկները՝ Զաւէնն ու Դանիէլը։

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ յայտնի պարուսոյց Յակոբ Արի Կիւլէչ, որ եւս վերջին տարիներուն գործի բերումով հաստատուած է Երեւան եւ մտերիմ ընկերն է մեր աշխատակցի ամուսնոյն՝ Արի Քենտիրլիի։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022