ՄՈՆԹՐԷՕԻ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակէ բնորոշել համաշխարհային օրակարգը։ Ռուսական զօրքերը Ուքրայնայի ամենամեծ քաղաքներէն Խարքովի մէջ սաստիկ յարձակումներ կ՚իրականացնեն՝ յառաջխաղացում արձանագրելու համար։ Ռուսաստանի բանակը այս շրջանին կը թիրախաւորէ նաեւ մայրաքաղաք Քիեւը, որու կեդրոնը թէեւ բաւական մօտեցած է, սակայն, անսպասելի դիմադրութեան դէմ յանդիման կը մնայ, ինչ որ իրադարձութիւններու շարունակութիւնը ուղղակիօրէն պայմանաւորելիք գործօն մըն է։ Այս իրավիճակին մէջ, պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ երէկ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն միջեւ։ Սպիտակ Ռուսիոյ հիւրընկալմամբ մէկտեղուեցան Մոսկուայի եւ Քիեւի ներկայացուցիչները, որոնց ծաւալած քննարկումները տեւեցին շուրջ վեց ժամ։ Պատուիրակութիւնները աւելի վերջ իրենց մայրաքաղաքները վերադարձան՝ նախագահներուն հետ խորհրդակցելու համար։ Կը հաղորդուի, որ անոնք որոշած են շարունակել բանակցութիւնները։ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ այդ բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ։

Թուրքիա եւս անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն՝ ըլլալով տարածաշրջանի ազդու դերակատարներէն մին։ Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական շփման մէջ մնալ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, կառավարութեան երէկուան ժողովի ընթացքին ալ պատերազմական իրադարձութիւնները քննարկուեցան առաջնահերթօրէն։ Նախագահ Էրտողան նիստէն վերջ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Թուրքիա տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան կը ձգտի եւ երկխօսութեան կոչ կ՚ուղղէ բոլորին։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը վճռական է Մոնթէօի համաձայնութենէն բխած բոլոր իրաւասութիւնները ամենաթափանցիկ ձեւով կեանքի կոչելու։ Նեղուցներէ նաւերու երթեւեկը կանոնակարգելու իրաւասութիւնը այնպէս մը պիտի օգտագործուի, որ լարուածութիւնը չհրահրուի։ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կը գնահատէ Ուքրայնայի ղեկավարութեան ու ժողովուրդին կողմէ տրուած պայքարը։ «Բնականաբար, մեր շահերէն պիտի չզիջինք։ Ո՛չ Ռուսաստանէն, ո՛չ Ուքրայնայէն պիտի հրաժարինք», ըսաւ Էրտողան։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիա ցայսօր բծախնդրօրէն հետեւած է Մոնթրէօի համաձայնութեան։ Կառավարութեան երէկուան նիստէն վերջ նախարարը տեղեկացուց, որ ո՛չ Ռուսաստանէն եւ ոչ ալ Ուքրայնայէն որեւէ պահանջ չէ ներկայացուած նեղուցներէն անցքի համար։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ հերթական հեռախօսազրոյցը ունեցաւ Ուքրայնայի Պաշտպանութեան նախարար Ալեքսի Ռեզնիքովի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022