ՄԿՐՏԻՉ ԱՂԱՒՆՈՒՆԻ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ

1941 թուականի օգոստոսին սաղիմահայ կառոյցները կը գուժէին մահը Տ. Մկրտիչ Ս. Արք. Աղաւնունիին (պատրիարքական փոխանորդ Ս. Աթոռոյ): Մահախօսականին կ՚ուղեկցէր սրբազանին կենսագրականը, որմէ կը տեղեկանանք, որ ծնած է 1863 թուականին, Պարտիզակ, աշակերտած է տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանը, Եղիշէ Դուրեան Վարդապետի տեսչութեան օրով, յետոյ կրօնի եւ թրքերէնի օգնական ուսուցիչ եղած է նոյն վարժարանին մէջ: Սարկաւագութեան ընթացքին, ուսուցիչ եղած է Ատափազար եւ Նիկոմիդիա, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ Նիկոմիդիոյ, վերաշինել տուած է Չէնկիլէրի Ս. Մինաս եկեղեցին, ժողովրդային նպաստներով: Եղած է առաջնորդ Քէօթահիայի եւ Աֆիոն-Գարահիսարի (1895-1905թթ.), իր այս պաշտօնավարութեան ընթացքին կառուցանել տուած է Էսքիշէհիրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ օծումը կատարած: 1905-1912 թուականներու միջեւ եղած է Եգիպտոսի առաջնորդ:

1910 թուականին եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ետք, կը հրաժարի Եգիպտոսի առաջնորդութենէն եւ Պոլիս վերադառնալով, անդամ կ՚ընտրուի Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին: 1012-1914 թուականներուն քննիչ կը նշանակուի Պանտըրմայի ընտրական գործոց եւ կը վարէ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ քարոզչութիւնը: Պատերազմի ընթացքին, 1916 թուականին, ընդհանուր ուրիշ վեց եկեղեցականներու հետ, Պոլիսէն կը տարագրուի Ս. Յակոբայ վանքը: 1921 թուականին Միաբանական ժողովի որոշմամբ, միաբան կ՚ընտրուի, կը նախագահէ Դուրեան պատրիարքը ընտրող Միաբանական ընդհանուր ժողովին, եւ Ս. Յակոբայ եկեղեցւոյ մէջ Դուրեանի գահակալութեան առթիւ անոր կը մատուցանէ պատրիարքական ասան, եւ յանուն Միաբանական ընդհանուր ժողովի, ուղերձով կը շնորհաւորէ նորընտիր պատրիարքը:

1921-էն մինչեւ իր մահը վարած է պատրիարքական փոխանորդի պաշտօն, անդամակցելով նոյն ատեն Տնօրէն ժողովի: 1920-1933 թուականներուն դասախօսած է Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ՝ կրօնագիտական, եկեղեցակագիտական, բարոյագիտական եւ պատմական նիւթերու շուրջ: Իր յօդուածները սովորաբար տպագրուած են «Սիոն»ի մէջ:

Այսքան մանրամասն ուշադրութիւն չէինք դարձներ այս հոգեւորական գործիչի կենսագրութեան, եթէ անգամ մը եւս չթերթէինք անոր գրական գործերէն մէկը՝ «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ Երկրին մէջ» գիրքը, հրատարակուած 1931 թուականին, Երուսաղէմ: Սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն ունեցող այս հարուստ աշխատութեան կողքին նոյն հեղինակէն հրատարակուած են նաեւ «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի» (1929) եւ «Սուրբ Երկրին սրբավայրերու աւանդութիւնները» (1936) հատորները: Նոյն մահախօսականէն կը տեղեկանանք, որ ունի նաեւ անտիպ գործեր, որոնք նոյնպէս, խորագիրներէն դատելով, հայագիտական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ են:

«Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ սուրբ երկրին մէջ» աշխատութենէն ներկայացուող «Էլ-Պիրէն գիւղի Հայոց եկեղեցին Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ» հատուածը կը պատմէ Էլ-Պիրէհ վանքին մասին:

Ո՞ՒՐ Է ԷԼ-ՊԻՐԷՀ

Էլ-Պիրէհ Նապլուսի ճամբուն վրայ, Երուսաղէմէն դէպի հիւսիս, 16 քիլօմեթր հեռու գիւղ մըն է. Հին Կտակարանի Պէրօթն է ան, Բենիամինի ցեղին քաղաքներէն մին (Յեսու Թ. 17): Այս գիւղին մօտ, Ռամայի եւ Բեթելի մէջ, Դեբովրա մարգարէուհին կը դատէր Իսրայէլի ժողովուրդը (Դատ. Դ. 4): Մարինոս կը կարծէ, թէ («Պատմ. Ս. Երկրի» հայ. թարգմ. Ա. հտր. էջ 395) Էլ-Պիրէհ գիւղը Մաքմասն է, որ տարբեր գիւղ մըն է, դէպի արեւելք: Ըստ իր ասութեան, Յերոնիմոս կը յիշատակէ զայն իր «Տեղիք Եբրայեցւոց» անուամբ գրքին մէջ, իբր մեծ գիւղաքաղաք մը: Այժմ Էլ-Պիրէհ հազար բնակչօք գիւղ մըն է, եւ շինուած ժայռոտ բլուրի մը գագաթ, որուն ստորոտը կը գտնուի, ճանապարհին մօտիկ, առատահոս աղբիւր մը՝ որուն վրայ կառուցուած է մզկիթ մը:

Բայց Էլ-Պիրէհ պատմական աւելի մեծ հռչակ մը ստացած է ա՛յն աւանդութեան համաձայն, թէ ան եղած է այն տեղը, ուր Ս. Կոյսը կը կարծէր թէ Յիսուս Մանուկը, Զատկի տօնը Երուսաղէմի մէջ կատարելէ յետոյ, ուրիշ ուղեկիցներուն հետ մեկնած էր. հո՛ն ծանօթներուն եւ դրացիներուն մէջ փնտռուեցաւ ան, բայց չգտնուելով՝ իր ծնողք դարձան Երուսաղէմ (Ղկս. Բ. 42-51): Էլ- Պիրէհ առաջին կայանն էր Երուսաղէմի մօտիկ. Զատիկի առթիւ ուխտի եկող Հրէայք հո՛ն կը հաւաքուէին եւ կը միանային խմբովին ճամբորդելու համար. հո՛ն կար նաեւ իջեւան մը, Սամարիա եւ Գալիլիա մեկնողներուն համար: Դ. դարուն քրիստոնեայ ջերմեռանդութիւնը հաւանաբար եկեղեցի մը հիմնած էր հոն, յանուն Տիրամօր Ս. Կուսին, մշտնջենաւորելու համար աւետարանական այդ դրուագը: Ըստ Յերոնիմոսի, Հեղինէ թագուհին է նոյն եկեղեցւոյ առաջին հիմնադիրը:

ԷԼ-ՊԻՐԷՀ ԽԱՉԱԿՐԱՑ ԺԱՄԱՆԱԿ

Ս. Գերեզմանին լատին Յիշատակագիրքէն կ՚իմացուի, թէ Առաջին Խաչակրաց առաջնորդը Կոտըֆրօայ տը Պուիյիոն Երուսաղէմի գրաւումէն յետոյ, Ս. Գերեզմանի սեպհականութեան համար 21 գիւղեր շնորհած էր. Էլ-Պիրէհ այդ գիւղերէն մին էր, որուն հետ կային մերձակայ Էր-Րամ, Քալանտրէ, Պէյթ-Լիճճէ եւ Սուպիէ գիւղերը, Ռամալլակի արեւմտեան կողմը: Յիշատակագիրքը Էլ-Պիրէհը կը կոչեն Պէրրա կամ լատիներէն Mahomerie: Առաջին Խաչակրութեան տարիներուն, հոս կը բնակէին քաղքենի ազնուականներ, գլխաւորաբար Ֆռանկներ, ինչպէս ցոյց կու տայ մեզի Ս. Գերեզմանի Յիշատակագրոց 131 թիւը: Այս քաղաքացիները ունէին երդուեալներու ատեան մը, ուր երբեմն կը գումարուէին բոլոր անդամներով. անոնք հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կ՚երդուէին ո՛չ թէ իշխանի մը կամ կոմսի մը, այլ կ՚ուխտէին հաւատարիմ մնալ Ս. Գերեզմանի վանքին, որուն ներկայացուցիչն էր մատակարար մը, որ կ՚ապրէր Էլ-Պիրէհի ժողովրդապետին եւ պաշտօնէութեան հետ. անոնք ամէնքն ալ հնազանդ էին Ս. Գերեզմանի, այնպէս որ առանց հաւանութեան մեծաւորին, չէին կրնար վաճառել իրենց այգիներն, եւ եթէ վաճառումը տեղի ունենար, արդիւնքին կէսը կրնար ծախել Տաճարականաց եւ կամ ուրիշ եկեղեցիի մը. նոր այգիները պարտաւոր էին տնկել Ս. Գերեզմանի հողերուն վրայ. նոյն քաղաքացիներէն շատերը տեղւոյն հասարակութեան կը յատկացնէին իրենց անձը եւ ստացուածքը: Ս. Գերեզմանը՝ հողերէ եւ տուներէ զատ, Էլ-Պիրէհի մէջ, ո՛չ միայն գերիշխանութեան ուժով, այլ ուղղակի կը ժառանգէր դղեակ մը, եկեղեցի մը եւ աւազան մը. գիւղն օժտուած էր նաեւ հիւանդանոցով մը, ուխտաւորներու յատուկ հիւրանոցով մը, որ տեղւոյն սեպհականութիւնն էր. եկեղեցին կը կրէր Ս. Կուսին անունը, անոր ստացուածոց մատակարարութիւնը ստանձնած էր Ս. Գերեզմանի կողմէն կարգուած անձը: Եկեղեցիին մօտ տնկած էին քարէ խաչ մը, եօթն աստիճան պատուանդանի մը վրայ, ուրկէ ուխտաւորք կրնային նշմարել Երուսաղէմի Դաւթի աշտարակը:

ԷԼ-ՊԻՐԷՀԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ ՀՆԱԽՕՍԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Նոյն եկեղեցւոյն հնախօսական քննութիւնը առաջին անգամ կատարած է Կոմս Մելքիոր տը Վօկիւէ (1829-1916), եւ իր քննութեան արդիւնքը հրատարակած է իր մէկ գրքին մէջ, (Les Eglises de la Terre Sainte, էջ 338-39), ուր կը գրէ, թէ անձամբ այցելած է Էլ-Պիրէհի եկեղեցին, զոր շինած են առաջին Խաչակիրք: Անոր կառուցուածքը նման է Երուսաղէմի Ս. Յովակիմ-Աննա եկեղեցւոյն ճարտարապետութեան, քառակուսի մըն է, 31 մեթր երկայն եւ 18 մեթր լայն, ունի երեք բաժանումներ. եկեղեցին կամարակապ էր Ս. Յովակիմ-Աննա եկեղեցւոյն նման. կրկնակամարներն կը հանգչին քառակուսի սիւներուն վրայ, կամարներ որ կ՚ընդհատուէին գետինը հասնելէ յառաջ, եւ ծնօտներով (saillie) կը կապուէին պատերուն: Եկեղեցւոյն հիւսիսային պատը եւ կոզակը (abside) տակաւին անվնաս մնացած են, բաց աստի, եկեղեցւոյն աւերակաց մէջ տեսնուած է կամարաշէն տապանաքար մը, որ հաւանաբար գերեզմանն է Խաչակիր ասպետի մը:

Երկրորդ հետազօտութիւնը կ՚ընեն անգղիացի երկու հնախօս երկրաչափներ՝ Կօնտէր եւ Քիչնէր. 1874 յունուար 24-ին կը քննեն աւերակները, կը պատրաստեն անոնց յատակագիծը, ըստ Պաղեստինի Հնագիտական ընկերութեան, եւ իրենց քննութեան արդիւնքը կը տեղեկագրեն հետեւեալ կերպով. «այս գիւղի աւերեալ եկեղեցին պահպանուելու լաւագոյն վիճակ մը ունեցած է. երկու թեւերու սիւները եւ արեւմտեան պատը փլած են: Այն կը վերաբերէր Ս. Գերեզմանին եւ աւարտած էր 1146-ին:

Նոյն եկեղեցւոյն քովը կար հիւանդանոց մը: Պատերը խիստ հաստ են, հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն հաստութիւնը 9 ոտք է, արեւմտեան պատին երկարութիւնը դրսէն 72 ոտք, հիւսիսայինը՝ 110 ոտք, եկեղեցւոյն ատեանը 14 ոտք տրամագիծ ունի, եւ կողմնակի մասերը՝ 7 ոտք: Նեցուկները՝ որ կապուած են սիւներուն հետ, ներսի կողմէն կը մնան պատերուն վրայ: Եկեղեցին երկու կողմին վրայ ունի չորս չորս պատուհան. հարաւային կողմը կայ կողմնակի դուռ մը, արեւմտեան կողմէն, երկրորդ պատուհանին քով: Ներսի որմնաքարերը գեղեցկօրէն յարդարուած են չափաւոր մեծութեամբ. քարերուն վրայ կը տեսնուին որմնադիրներու տեսակ մը նշաններ, որ յաճախակի կրկնուած են քարերուն վրայ: Արտաքին որմնադրութիւնը շատ կոշտօրէն յարդարուած է, քարերը ողորկ չեն, անոնց կցուածքները խիճերով բռնուած են, իսկ պատերուն ներսի կողմի քարերը տաշուած են: Պատուհանները կամարաձեւ են, սիւներուն խոյակները զանազան ձեւեր ունին: Արեւելեան պատերն ամբողջ են. կողմնակի մասերը կը մնան: Եկեղեցին՝ համաձայն իր շինութեան ժամանակին, կը թուի թէ իր նաւին (nef) վրայ ունէր դստիկոն մը. կամարներուն աղեղները սրածայր եղած են. արեւելեան պատուհանները՝ կողմնակի պատերուն նման կամարաձեւ են: Սիւներուն խոյակներուն վրայ, պատուհաններուն տակէն, պատերուն շուրջը շինուած է քիւ մը»։

ԷԼ-ՊԻՐԷՀԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Է

Ինչպէս որ տեսանք, եւրոպացի քննիչներ Էլ-Պիրէհի եկեղեցւոյն շինութիւնը կը վերագրեն Խաչակրաց. բայց մենք պիտի կարողանանք հաստատել, թէ այդ եկեղեցին հայկական է, որ Ս. Երկրին մէջ շինուած էին հայ բարեպաշտներէն: Թէեւ հնագոյն վաւերագիր մը երեւան չէ եկած դեռ այդ մասին, բայց յետնագոյն դարու ձեռագիր յիշատակարան մը, զոր յառաջ պիտի բերենք, պիտի հաստատէ, թէ Էլ-Պիրէհի եկեղեցին հայկական էր եւ մինչեւ ԺԷ. դար կանգուն մնալէ յետոյ կործանուած է:

Այդ յիշատակարանէն առաջ հոս կ՚ամփոփեմ այն տեղեկագրութիւնը, զոր 1875-ին հրատարակած է Մուրատեան Մելքիսեդեկ Վրդ. (ապա եպիսկոպոս) Սիոնի մէջ, որու խմբագրապետն էր: Մուրատեան լսելով որ Էլ-Պիրէհ գիւղին մէջ հայկական եկեղեցի մը կը գտնուի, քանի մը միաբաններով կ՚այցելէ հոն եւ հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ իր տեսածները. «… եկեղեցւոյ երեք խորանները մինչեւ ցկամարն եւ հիւսիսային ու հարաւային պատերն տակաւին կանգուն են, իսկ արեւմտեան կողմն, ուր գտնուած է նախագաւիթն, բոլորովին քակուած է եւ նոր ժամանակներս բանջարեղինաց պարտիզի հասարակ պատով պատուած: Եկեղեցին գրեթէ քառակուսի ձեւ ունի, 34 մեթր երկայնութեամբ եւ 20 մեթր լայնութեամբ: Սեղաններու եւ հարաւային ու հիւսիսային կանգուն մնացած պատերու քարերէն կ՚երեւի յայտնապէս, որ եկեղեցին շինուած է խիստ ընտիր ճաշակաւ, ընտիր տեւական եւ սրբատաշ քարերով, սիւներով եւ խոյակներով, ունեցած է երկու ցած գմբէթ երկու փոքր խորաններու վերայ: Թէեւ թուական չկայ, բայց հնագիտական հետազօտութիւնն ցոյց կը տայ, որ աւելի քան ութ կամ եօթն հարիւր տարուան շէնք է, եւ եթէ ոչ յառաջ, անշուշտ մեր Ռուբինեան թագաւորական հարստութեան ժամանակ շինուած է: … Հարաւային պատին վերայ, ուր նռնենի մը յեցած է, կայ արձանագիր, մեծաւ մասամբ անվերծանելի երկու հարիւր տարի յառաջ փորագրուած: Պետրոս անուն վարդապետի ձեռամբ…: Աւագ խորանին կամարակապ կիսագօտւոյն վերայ եւս հայկական գրերու հետքեր կը նշմարուին, բայց եղծուած լինելով չեն կարդացուիր: … Ով որ Հայաստանի մէջ շրջագայած է եւ կիսաւեր վանքերն ու եկեղեցիները տեսած, առաջին նայուածքով կարող է վկայել որ Էլ-Պիրէհ գիւղի եկեղեցին հայկական եկեղեցի է եւ Պաղեստինի մէջ նշանաւոր հայկական հնութիւն…: Զարմանալի է որ Պ. Վոկէ, իւր «Եկեղեցիք Ս. Երկրի» անուն տեղեկագրական գործոյն մէջ, առանց որեւիցէ հաւանական փաստի, յիշեալ եկեղեցւոյ շինութիւնն Խաչակրաց կ՚ընծայէ, գոնէ չնկատելով, որ եկեղեցին բնաւ լատինական ձեւ չունի» (Սիոն, 1875, յունիս, էջ 136-37): Մենք իրաւունք կու տանք Մուրատեան Վարդապետի շիտակ դիտողութեան, նկատի առնելով Կոնտէրի եւ Քիչնէրի գծագրած յատակագիծը, անոր սիւներուն եւ խոյակներուն գծագրութիւններն, ընդհանուր շէնքին ճարտարապետական կառուցուածքը եւ հայեցի արձանագրութեանց հետքերը, որք բացարձակ կերպով կը հերքեն Տը Վոկիւէի եւ այլոց կարծիքները: Ինչպէս տեսանք վերեւ, Տը Վոկիւէ ինքն է որ կը գրէ թէ՝ Էլ-Պիրէհի եկեղեցին շինուած է Պրոպատիկէի Ս. Յովակիմ-Աննա եկեղեցիին նմանութեամբ եւ ճարտարապետութեամբ. վկայութիւն մըն է այս իրեն աննպաստ, վասնզի Պրոպատիկէի եկեղեցին ի սկզբանէ հայկական եղած է, ըստ ցուցակի Անաստաս Վրդ.ի «եւ ի ներս քաղաքն Արշակունեաց վանքն, ի Սուրբ Պրոպատիկէ կողմանն». եւ մենք այս պարագան հաստատած ենք այլ ապացոյցներով եւս (տե՛ս «Տարեցոյց» Ս. Գափամաճեան, 1926): Փաստ մը չէ որ Ֆռանկները, առաջին Խաչակրաց ժամանակ, տիրացած են անոր. եւ Երուսաղէմի լատին առաջին ինքնակալը՝ նոյն եկեղեցին Էլ-Պիրէհ գիւղովը, Ս. Գերեզմանին կալուած արձանագրած է. նմանօրինակ դէպք մըն ալ, նոյն միջոցներուն, պատահած է Երուսաղէմի Ասորիներուն, որոնց մէկ եկեղեցին, պարտէզներով կը գրաւէ Կոտըֆրօայի զէնքի ընկերներէն Ժէօֆրօա, որուն պատճառաւ, շատ տարիներ, բանտարկուած կը մնայ Գահիրէի մէջ, եւ Երուսաղէմի հայ եպիսկոպոսին միջնորդութեամբն է որ ան կ՚ազատի հայազգի Վահրամին շնորհիւ:

Վերեւի բացատրութեանց հաստատութեան համար կը թարգմանենք Camille Enlartի "Les Monuments des Croisés, dans le Royaume de Jérusalem" հոյակապ գործին մէջ զետեղած (Բ. հատ., էջ 276) Էլ-Պիրէհի Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէկ նկարագրութիւնը, կրօնական հնախօսութեան մանագէտ եւ ԺԹ. դարու կիսուն Էլ-Պիրէհի եկեղեցին այցելող Պարոն Taylor-ի (Անգլիացի ընտանիքէ ծնած, ի Պրուքսէլ, 1789-1879) կարեւոր մէջբերումներով.

«Եկեղեցին 43 մ. երկարութիւն եւ 22 լայնութիւն ունէր. իր ոճը լաւ կը համապատասխանէ 1146-ին՝ որ անոր աւարտումի թուականը կը նկատուի»: Սակայն, Պարոն Taylor-ի մէկ դիտողութիւնը կը հաստատէ այն աւանդութիւնը՝ որուն համաձայն եկեղեցին կառուցուած էր նախնական սրբավայրի մը տեղւոյն վրայ. «հիւսիսային կողմը, կ՚ըսէ, մեծ մասամբ առաջին մայր եկեղեցիին խոշոր քարերովը շինուած է»: Ամբողջ մեծ եկեղեցիներու նման, լեցուած քարերու միջուկի մը վրայ՝ խիտ կապերով բռնուած՝ տաշուած քարեր կը զարդարեն:

Յատկագիծը՝ բացի երեք կոզակներէ, որուն կեդրոնինը նեղ դաս մը ունի, կը պարունակէ նաեւ նաւ (nef) մը եւ կողմնաթեւեր՝ որոնց չորս գերանամէջերը (travé es) առաւել կամ նուազ պահուած են հիւսիսային կողմը. եկեղեցին խաչաձեւ չէ: Կողմնաթեւերը ունին գեղեցիկ ցցուած կամարներ՝ որ կը բարձրանան մինչեւ մոյթերը մայր կամարին:

Այս վերջինը ամբողջութեամբ անհետացած է. չի գիտցուիր թէ՝ ան որրանաձե՞ւ էր թէ ցցուն կամար. բայց Պարոն Taylor տակաւին կրնայ հաստատել թէ «նաւին ստորին սիւները կը սկսին կրկնակամարները կրող խոյակին տակ գտնուած վիմաշարի մը դարեւանդով (encorbellement)»: Նաւին հիւսիսային պատը կը կենար այն ատեն հիւսիսային կողմնաթեւին հետ, որուն արտաքին պատին քարերը փրցուած էին եւ երեք կոզակները, հարաւային կողմնաթեւի կիսակործան մնաց որդները միայն կը մնային աւերակներու վերջին վիճակին մէջ:

Աղեղները եւ կրկնակամարները կրկնակոր եւ խիստ ցցուն էին կոզակներու պատուհանները՝ առանց ոեւէ զարդի, պորտի քարին (clef) հետ ունէին խիստ բարակ բեկուածի մը աղեղը, կողմնաթեւերն ու աղեղները ունէին կրկին շրջանակում, մին՝ ներքին եւ շեղ, միւսն՝ առանց շեղութեան, եւ զարդարուած կրունկի ձեւով ցցուակի մը (moulure) նման: Գլխաւոր կոզակը ունէր երկու որմածակ իրարու վրայ:

Մոյթերը ուղղանկիւն էին եւ հաստատուած չորս սիւներով միեւնոյն յատակագիծով կիսամոյթեր կողմնաթեւերուն պատերուն կը յենուէին: Չեմ կրնար գիտնալ թէ այս խիստ թանձր պատերը որմայեցեր (contreforts) ունէի՞ն: Ռեմլէի եւ Թորթոզի նման, մոյթերը ունէին խոյակներ, բայց ասոնք իրենց զարդերովը աւելի կարճ էին նմանօրինակ յիշատակարանաց մէջ գտնուածներէն:

Այս խոյակները ունէին խոյօղեր (volutes) եւ երկկարգ կարճ պարզ տերեւներ, կորածայր ձեւով: Անոնք չունին ոչ կոճղիզաւոր զամբղաձեւ զարդ եւ ոչ ալ փորածոյ թակաղաղ: Հիւսիսային կողմնաթեւը զետեղուած սիւն մը կէս բարձրութեամբը կտրուած էր, ինչպէս Թորթոզի եկեղեցիին մէջ: Կողմնաթեւերու պատուհաններուն եւ մեծ կոզակին բարձր պատուհանին յենարանին տակէն անցնող եւ սիւնաշարքերուն ու կողակներուն մոյթը կազմող շարունակական լարով մը բոլոր թակաղաղները կապուած էին: Ինչպէս Ռեմէլի եւ Կազայի եկեղեցիներուն մէջ, յենարաններու երկրորդ կարգ մը կար նաւին եւ գլխաւոր կոզակին մէջ եւ կը պսակուէր շարունակական երկրորդ լարով մը: Այս հորիզոնական ցցուածներու կտրածը (profil), ինչպէս Թորթոզի եկեղեցիին մէջ, միակերպօրէն բաղկացած է տեսակ մը հակադարձ ատտիկայարկէ (attique), բայց հոս կտրածը, ինչպէս խոյակները, աւելի ծանր են քան Թորթոզի եկեղեցիին մէջ, ինչ որ կը հաստատէ այս վերջին եկեղեցիին աւելի յառաջացեալ թուականը:

Պարոն Taylor տեսած է նաեւ վանական շէնքերու մնացորդներ, զորս կը նկարագրէ այսպէս.

«Խաչակիրներու թուականին ուրիշ շէնք մը՝ որ կը կապէ եկեղեցին հարաւի կողմէն, կը թուի ըլլալ հին վանք մը: Հոն կը տեսնուի պատին մէջ ագուցուած տապանաքար մը եւ որուն զարդարանքը կը ներկայացնէ խիստ գեղեցիկ փոքր կամարներու յօրինուածք մը»:

Այս հեղինակաւոր տողերը բաւական են հաստատելու, թէ այս եկեղեցին Խաչակրաց յատուկ հիմնարկութիւն մը չէր, այլ հինէն մնացած Մայր Տաճար մը, գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ շինուած: Խաչակիրք պատրաստ կը գտնեն զայն եւ կը կատարեն նորոգութիւններ համաձայն իրենց ճաշակին:

Տարակոյս չկայ որ 1187-ին, Խաչակրաց վերջնական մեկնումէն յետոյ, մերայինք դարձեալ տիրացան Էլ-Պիրէհի եկեղեցւոյն, եւ ըստ մեր յիշատակարանին, մինչեւ 1696 թուականն սեպհականութիւնն էր Հայոց:

Այն յիշատակարանը՝ զոր վերեւ յիշեցինք, գրուած է Ճառընտրի մը մէջ, (Թ. 985, Մայր ցուցակ հայ. ձեռագրաց Մխիթ. մատ. Վենետիկի, Բ. հտ. էջ 132-33). նոյն Ճառընտիրը հաւանաբար ընդօրինակուած է Ս. Յակոբայ վանքին մէջ, ԺԳ. դարուն. գրիչն է Կիւրեղ կրօնաւոր. ստացող եղած են Պօղոս երէց, անոր մեռնելէն յետոյ, իր կինը Մելիքա, եւ ապա Աննա խաթուն: Նոյն ձեռագիրը, 1696-ին, անտարակոյս կը գտնուէր Էլ-Պիրէհի Ս. Կուսի եկեղեցւոյսն մէջ, Երուսաղէմի ճանապարհին վրայ, ուր կը հանդիպի Ծայրեցի (Արձախ) Աթանաս, եւ յիշատակարան մը կը գրէ նոյն ձեռագիր Ճառընտրին մէջ. կը հասկցուի, թէ Աթանաս իր եղբօր Բասելի հետ Պոլսոյ ճամբով կ՚այցելէ Երուսաղէմ եւ իր ուխտը կատարելէ վերջ, կ՚ուզէ մեկնիլ ցամաքի ճամբով, կու գայ Էլ-Պիրէհ, որ Միջագետքի հայ ուխտաւորաց կայանն էր, Նապլուսի ճամբուն վրայ: Ահա այդ եկեղեցւոյն մէջ կը գրէ յիշատակարանը…

…Յիշատակարանիս մէջ յիշուած Ծայրեցի երկու եղբայրներու ինքնութեան մասին Ս. Յակոբայ մատենադարանին (Թ. 390) ձեռագիրը ունի հետեւեալ յուշագրութիւնը. «Նուաստ պարտաւոր բանասիրի Աթանասի Ծայրեցւոյ սկսեալ մատենիս սրբոյն Գրիգորի Նիւսացւոյ ընթերցեալ յանկ ածի ՌՃԽԶ (=1697) ի թուին, յորժամ ես եւ իմ եղբայր Բարսեղ վարդապետ Ս. Երուսաղէմ եկաք»:

Էլ-Պիրէհի հայկական եկեղեցին հոյակապ յիշատակարան մըն է քրիստոնէական ջերմեռանդ բարեպաշտութեան մեր պատուական նախնեաց՝ որ գիտցած են արժէքը Երուսաղէմին եւ կարողացած են ըսել Ոսկեբերանի հետ. «Մտածենք մեր Երուսաղէմ քաղաքին վրայ. մշտապէս յիշենք պայծառութիւնը անոր՝ որ յաւիտենական թագաւորին մայրաքաղաքն է»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022