ԹԻՐԱԽԸ ՄԻՇՏ ՆՈՅՆՆ Է՝ ՔԻԵՒ

Այսօր կը թեւակոխենք Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի ներկայ իշխանութիւններուն դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութեան 7-րդ օրը։ Ինչպէս անցեալ օրերուն, կը փորձենք ներկայացնել ուշագրաւ տուեալները, անկիւն մը առնել դիտելու համար։

Դիտողը, անկախ իր նախասիրութիւններէն, պէտք է ըլլայ անկեղծ ու պէտք է ընթերցողին առիթ տայ, որպէսզի ինք եւս մտորէ, կշռէ, կշռադատէ ու յանգի եզրակացութիւններու։ Ամէն պարագայի, նախքան նիւթին մէջ խորանալը, հարկ է հաշուի առնել, որ այս պատերազմի ընդհանուր տրամաբանութիւնը ուղղուած է հանգուցային կէտի մը, որն է մայրաքաղաք Քիեւի ճակատագիրը։ Արդեօք Ուքրայնայի մայրաքաղաքը պիտի անցնի՞ ռուսական զօրքերու տիրապետութեան տակ։ Եթէ այդպիսի բան մը պատահի, արդէն մենք մօտեցած կ՚ըլլանք բոլորովին նոր փուլի մը, որուն յաջորդելիք իրադարձութիւնները շատ հաւանաբար ըլլան այն  հիմնարար քայլերը, որոնք այս տագնապը հանգեցման պիտի տանին։ Հաշուի առնելով Ռուսաստանի ռազմական գերակայութիւնը՝ տեղ մը պիտի ընդունինք, որ ուշ կամ կանուխ ան պիտի յաղթէ այս պատերազմին։ «Պիտի յաղթէ» ըսելը բաւական պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ, որովհետեւ յառաջիկայ օրերը իրենց հետ կրնան նուազեցնել յաղթանակի քաղաքական դրամագլուխը (յաղթող կողմին տեսակէտէ անշուշտ)։

Ամէն պարագայի, յստակ է նաեւ, որ Ուքրայնայի այս պատերազմը երբեք պիտի չունենայ համաշխարհային պատերազմ մը հրահրելու իրական ներուժը. բան մը, որու մասին ալ կը խօսուէր օրեր առաջ։ Գաղտնիք չէ արդէն, որ Ռուսաստանի բանակի տարբեր ստորաբաժանումներ ուղղուած են դէպի Քիեւ։ Մայրաքաղաքը յայտնուած է ռուսական հրետանիի թնդանօթներու թիրախին եւ այնտեղ կեանքը համարեա անդամալուծուած է։ Այս առումով ամենակարեւոր տուեալը, որ նաեւ խորհրդանշական իմաստ մը ունէր, Քիեւի հեռուստաաշտարակի ռմբակոծումն էր։ Այս հարուածին մասին, շատ հաւանաբար, ռուսական կողմը ընտրած էր «ժամանակը եկաւ, որ այլեւս լռէք» ընդհանուր կարգախօսը։ Անշուշտ, նման «տրամաթիք» քայլով մը Մոսկուա ծանրակշիռ ճիգեր գործի դրած է՝ մտնելու համար նոր եւ վերջնական յաղթանակի ընդհանուր փուլը։

Մինչ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի Եւրոմիութեան կը ներկայացնէր իր զինեալ ուժերուն արարքները՝ զանոնք համարելով հերոսական սխրանքներ, անդին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Շոյկու յայտարարեց, որ իր երկրին ընթացք տուած ռազմական գործողութիւնը պիտի շարունակուի՝ մինչեւ վերջնական նպատակին հասնիլը ու Քիեւի իշխանութիւններու զինաթափ ըլլալը։

Ուշագրաւ է, որ իր արտասանած խօսքէն ժամեր անց Զելենսքի բոլորովին նոր ոճով մը հեռախօսակապ հաստատեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի հետ։ Ան աղերսական շեշտով մը Պայտընէն կը խնդրէր միջամտել, որպէսզի Ռուսաստանի կողմէ շղթայազերծուած այս ռազմական գործողութիւնը դադրի։ Բաւական մեծ հարցականներու տեղի տուած գործիչ մըն է Զելենսքի՝ թէ՛ իր անցեալով ու կերպարով եւ թէ աւելի ուշ՝ իշխանութեան հասնելէ վերջ դրսեւորած ոճով ու մօտեցումներով, բայց, մանաւանդ՝ իրավիճակները ճիշդ չգնահատելու անճարակութեամբ, ինչ որ շատ մը վերլուծաբաններու կարծիքով կը համարուի այս պատերազմի ծագման ամենաազդու գործօնը։ Ուքրանացիք տակաւին երկար ժամանակի վրայ պիտի փորձեն «իրական» դատողութեան մը կանչել իրենց խիղճը, թէ իրենց երկիրը յանձնեցին ի՞նչ տիպի գործիչի մը, որ իշխանութեան հասաւ յանուն ժողովրդավարութեան ու ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի երկիրը յայտնուի այսպիսի խայտառակ իրավիճակի մը մէջ։ Անտեսեց իր հարեւան երկրին ներկայութիւնը, բարեկամութիւն հաստատեց Արեւմուտքի հետ (եւ լաւ ըրաւ), սակայն, տեղ մը մոռցաւ, որ իր վստահած Արեւմուտքը զինք կրնայ լքել ամենավտանգաւոր պահուն։ Ի դէպ, այս ճշմարտութեան մասին ինք ալ ըսաւ բացայայտ կերպով։

Ամէն պարագայի, պատահած դէպքերը, արագ իրադարձութիւնները, պատերազմը եւ Ուքրայնայի մէջ ստեղծուելիք յետպատերազմեան իրադրութիւնը կու գան յառաջացնել ենթադրութիւններ, թէ Ուքրայնա նախ շատ երկար ժամանակի կարիքը պիտի ունենայ վերստին ոտքի կանգնելու համար եւ, անշուշտ, երկար, շատ երկար ժամանակի համար ընդհանրապէս մտքահան պիտի ընէ այն գաղափարը, ըստ որու այդ տարածքը կրնայ «պոկուիլ» Ռուսաստանի ընդհանուր տրամաբանութենէն ու անկէ անդին ալ՝ դառնալ Արեւմտուքի գործիք։

Պատերազմի ողջ տեւողութեան նկատուեցաւ, որ երկու կողմերը (ո՛չ թէ Ռուսաստանն ու Ուքրայնան, այլ Ռուսաստանն ու Արեւմտեան պլոքը) առիթ չփախցուցին իրարու «պատգամներ» ուղարկելու։ Արեւմուտքը հանդէս կու գայ ժողովրդավարութեան պաշտպանի իր հին-նոր դերով, իսկ Ռուսաստան մէջտեղ կը հանէ «նոր նացի»ներու վարկածը, ինչ որ Մոսկուայի տեսանկիւնէն մտավախութեան աղբիւր մըն է։

Այս համայնապատկերին վրայ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով, որ առանց բառերու ետին թաքնուելու դիտել տուաւ, թէ ժամանակը եկած է, որպէսզի Եւրոպա դառնայ այնպիսի ցամաքամաս մը, որ զերծ պիտի ըլլայ կորիզային (հիւլէական) հրթիռագլխիկներէ։ Այսպէսով, ան սեղանի վրայ կը դնէ բաւական կնճռոտ, բայց եւ այնպէս, լուծման կարօտ հիմնախնդիր մը։ Սա ոչ միայն Ռուսաստան-Ուքրայնա տագնապով ջուրի երես ելած է, այլեւ մարդկութեան համար մտատանջութիւն մըն է։ Ամբողջ աշխարհի համար խորապէս մտահոգիչ է հիւլէական սպառազինման հարցը։ Այս առումով ալ ամենամեծ ապացոյցը եղաւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի յայտարարութիւնը, որով ան «զգօն ըլլալու» կը հրաւիրէր իր երկրի հիւլէական զօրքերը։

Ամէն պարագայի, յստակ սկսած է դառնալ, որ այս պատերազմը եթէ տեղ մը նոր սահմանագծումներու փուլը պիտի բանայ, ապա նաեւ սկիզբ պիտի տայ քաղաքական նոր տեսակի մօտեցումներու եւ խաղացողները պիտի դնէ իրենց իրական դերին մէջ։ Մեծ հաշուով, այս պատերազմէն մեծագոյն տուժածը պիտի ըլլայ Ուքրայնայի ժողովուրդը, սակայն, քաղաքական առումով ալ այս պատերազմը մեծ գին մը պիտի ունենայ «ծեր» եւ «յոգնած» Եւրոպայի տեսակէտէ, որուն առջեւ շատ ժամանակ ալ չկայ ճիշդ կողմնորոշուելու կա՛մ ռուս-ամերիկեան եւ կամ ամերիկեան-չինական մեծ պայքարներուն ու մրցակցութիւններուն մէջ դրական իրաւարարի դերը կատարելու։

Եւրոպան «հօրով-մօրով» մտած է Միացեալ Նահանգներու թեւերուն տակ։ Չի բացառուիր, որ Ուաշինկթըն անոր հետ վարուի այնպէս՝ ինչպէս վարուեցաւ Աֆղանիստանի կամ ինչպէս այսօր կը վարուի Ուքրայնայի հետ։

Իրավիճակը այսօր յղի է մեծ իրադարձութիւններու. յղի է ո՛չ միայն մարդկային ճակատագրեր բեկելու, տնտեսական խնդիրներու, նոր տիպի զէնքեր օգտագործելու եւ վաղը անոնց աւելի լաւը հրապարակ հանելու միտումներու, այլ՝ ջրբաժանային է քաղաքական մօտեցումներու յղացքով։

Առաջուան աշխարհը չկա՛յ։ Կայ նոր աշխարհ մը, որուն ծննդաբերութիւնը կը կատարուի «կեսարեան» միջոցներով։ Սա նաեւ կը նախորդէ ԱՄՆ-Չինաստան մեծագոյն պայքարի առաջին փուլին, որու ոչ բոլոր ծայրերուն կրնան զինուորական միջամտութիւններ ըլլալ։ Տարբեր պատկերացումներ կան այդ մեծ պայքարին շուրջ, սակայն, դեռ վաղ է այդ մասին խօսիլ։ Պէտք է ճիշդ դիտարկել Քիեւի մէջ եղածն ու ըլլալիքը եւ աւելի վերջ նոր «տեսարաններ»ու սպասել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022