ԱՅՍՕՐ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻ ՕՐՆ Է
Ո՞վ է մեր ժամանակներուն հերոսը: Սերունդներ կրթող ուսուցի՞չը, ախտերով լեցուն այս դարաշրջանին մարդը դարմանող բժի՞շկը, սահմանին կեցած զինուո՞րը… Շարքը կարելի է շարունակել: Վերջերս, մեր օրերու հերոս դարձած է նաեւ գործարարը: Անոր դերը այսօր առանձնայատուկ կերպով ընդգծուած է, քանի որ բոլոր ասպարէզներէն ներս կը սպասուի գործարարին ներդրումը եւ իր բարի կամքը՝ վաստակէն ու շահէն մաս մը ներդնելու հասարակութեան զարգացման, շրջապատին բարեկեցութեան ի նպաստ: Այսօր Գործարարի օր է:
2017 թուականէն ի վեր Մարտ 3-ը կը նշուի իբրեւ գործարարի օր՝ նկատի ունենալով, որ այդ օրը ծնած է հայ նշանաւոր գործարար ու բարերար, քարիւղի աշխարհահռչակ արդիւնաբերող Ալեքսանդր Մանթաշեանց (Մանթաշեւ, նաեւ՝ Մանթաշով):
Գործարարին օրը կը նշուի Հայաստանի մէջ, բայց մենք այս օրը տօն կը նկատենք ընդհանրապէս հայ գործարարին համար, ո՛ր երկրին մէջ ալ բնակի:
Հայ գործարարներուն ուշադրութիւնը ժամանակ առ ժամանակ կ՚ուղղուի դէպի Հայաստան եւ յաճախ անոր քայլերը զայն կը բերեն հայրենիք: Սփիւռքի մէջ բնակող շատ հայ գործարարներ ներդրումներ կատարած են հայրենիքի մէջ, ոմանք կը պատրաստուին նման ձեռնարկներու: Թերեւս հիասթափութիւններ կան, բայց աւելի մեծ է առաջ նայելու, սխալներն ու բացթողումները շտկելու կամքը: Հայ գործարարը սովորաբար նաեւ բարերար է եւ բարեսէր, լայնախոհ գործարարին օրակարգին մէջ կայ Հայաստանին, հայրենական ծրագիրներուն աջակցելու, բարեգործութիւն կատարելու կէտը:
Մանթաշեանց ալ հայաստանցի չէ եղած: Թիֆլիզ ծնած եւ կարգ մը երկիրներու մէջ գործած է՝ ամէնուր փնտռելով հայկական նախաձեռնութիւն մը՝ իր նպաստը բերելու եւ օժանդակելու հայ կարիքաւոր մարդուն, կառոյցին, մշակութային կեդրոնին, ուր որ ըլլայ: Աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ բարերարութիւն կատարած է, բայց հայրենիքն է, որ այսօր կը յիշէ Մանթաշեանցը, իբրեւ հայ ամենամեծ բարերարներէն մին եւ 19-րդ դարու մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան եւ կրթութեան անտրտունջ հովանաւոր:
ԱԲՈՎԵԱՆ ՓՈՂՈՑԻՆ ՎՐԱՅ
Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ վեր կը խոյանայ Ալեքսանդր Մանթաշեանցի արձանը: Սուրբ Կաթողիկէ եւ Սուրբ Աննա եկեղեցիներուն հարեւանութեամբ, ուղիղ տասը տարի առաջ՝ 2012 թուականին տեղադրուած այս արձանին հեղինակը հայրենի քանդակագործ Տիգրան Արզումանեանն է: Բացումին ներկայ եղած են Ալեքսանդր Մանթաշեանցի անուանակից թոռը՝ Ալեքսանդր Մանթաշեանցը եւ ծոռը՝ Միքայէլ Մանթաշեանցը, հայրենի եւ սփիւռքահայ գործարարներ, բարերարներ, իշխանութեան ներկայացուցիչներ, արուեստի գործիչներ:
Խորհրդանշական է այդ արձանին դրուիլը համայն հայութեան մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ: Մանթաշեանց գաւազանը յենած է մայր հողին եւ հայեացքով կը դիտէ հեռուն… Այս նշանները շատ իմաստներ ունին:
Այսօր կրկին ծաղիկներ կը դրուին արձանի պատուանդանին, Հայաստանի գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու միութիւնը եւ ուրիշ գործարարներու միութիւն մը, որ իր՝ Մանթաշովի անունը կը կրէ, անհատներ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն հայ նշանաւոր գործիչին, որ հռչակ վայելած էր համայն աշխարհի մէջ:
180-ԱՄԵԱԿԸ
Այսօր կը լրանայ քարիւղի հսկային 180-ամեակը: Ալեքսանդր Մանթաշեանց իր առեւտրական գործունէութիւնը համադրած է ո՛չ միայն բարեսիրական գործին հետ, այլ նաեւ՝ հասարակական: Մինչեւ 1895 թուականը ան եղած է Թիֆլիզի Բարեսիրական ընկերութեան փոխ-նախագահը, այնուհետեւ ցմահ դարձած է անոր պատուաւոր նախագահը։ Ան կը հովանաւորէր Կովկասի ամենամեծ որբանոցը, անոր միջոցներով շէնքեր եւ հայկական եկեղեցիներ կառուցուած են Թիֆլիզ, Երեւան, Պաքու, Մոսկուա, Փեթերսպուրկ ու Փարիզ։ Հայկական Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, որ կը գտնուի Փարիզի կեդրոնը՝ Էլիզէի դաշտերուն մէջ, նոյնպէս կառուցուած է Մանթաշեանցի միջոցներով: Յաճախ Փարիզ այցելելով, անոր մէջ ցանկութիւն կը յառաջանայ հոն հայկական եկեղեցի մը կառուցել: Փարիզի կեդրոնը՝ Ժան Կուժոն փողոցին վրայ, 450 հազար ֆրանքով հողատարածք կը գնէ, խոշոր միջոցներ կը տրամադրէ շինարարութեան, իսկ եկեղեցին կառուցելէ ետք, զայն կը նուիրաբերէ հայ գաղութին՝ լրացուցիչ վճարելով 120 հազար ֆրանք նօտարական ծախս:
Երբ ցարական կառավարութիւնը որոշում մը հրապարակեց հայկական եկեղեցական ունեցուածքի առգրաւման մասին, զրկելով հայկական դպրոցները, կաճառները եւ մշակութային-լուսաւորական միւս օճախները նիւթական աջակցութենէ, Մանթաշեանց հովանաւորեց Թիֆլիզի Ներսիսեան հոգեւոր ճեմարանի նոր շէնքին կառուցումը։
Ծանօթ է, որ Մանթաշեանցի նուիրական իղձն էր՝ մեծ նուիրաբերում կատարել Սուրբ Էջմիածնին։ Իր առաջարկով կը կազ-մըւի նոր վեհարանի նախագիծ՝ ընդարձակ սրահներով եւ ընդունարաններով։ Այդ աշխատանքներուն համար Մանթաշեանց կը տրամադրէ 250 հազար ռուբլի:
ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԸ
Անթիւ են այն բարերարութիւնները, որ քարիւղի արքան կատարած է հայ մշակոյթին, արուեստին, կրթութեան գործիչներուն, ինք եւս հանճար մը ըլլալով, բայց՝ տնտեսական հանճար, ինչպէս զայն կը կոչեն ուսումնասիրողները: Գիտնալով որ Կոմիտասը սեփական դաշնամուր չունի, ան կարգադրած է, որ Գերմանիայէն անոր համար բերուի երաժշտական գործիքը։ «Շրոտեր» րոյալը այսօր պատուաւոր կերպով կը ցուցադրուի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ: Բայց մինչեւ հոն հասնիլը երկար ճանապարհ անցած է: Մանթաշեանցին գումարով գնուած այդ թանկարժէք իրը դարձած էր Կոմիտասի համերգային գործիքը: Նախքան այս դաշնամուրը ունենալը՝ Կոմիտաս այլ, փոքրիկ գործիքով մը՝ «ֆիզհարմոն»ով կ՚աշխատէր, որ աւելի սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունէր: 1907 թուականին, երբ Ալեքսանդր Մանթաշեանց կը նուիրաբերէ այս իրը, կը տանին Կոմիտասի Պոլսոյ բնակարանը: Յետագային երգչուհի, դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանին հասցէագրած նամակին մէջ Կոմիտաս կը գրէ. «…Աչքերուս չեմ հաւատար, որ վերջապէս ես ալ մարդահաշիւ կը դառնամ, յարմարութիւն պիտի ունենամ աշխատելու, նորէն՝ աշխատելու…»:
Կոմիտասի մահէն շատ տարիներ անց, տասնեակ տարիներ վայրէ վայր փոխադրուելէ ետք, դաշնամուրը ի վերջոյ հասած է Հայաստան, նախ տեղ գտած Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի կաճառին մէջ, իսկ երբ բացուած է Կոմիտասի թանգարան-կաճառը, փոխադրուած է հոն: Այս ցուցանմոյշը խօսուն վկան է ո՛չ միայն Կոմիտասի անցած ճանապարհին, այլ նաեւ՝ հայ բարերարին առատաձեռնութեան, որուն առանձնայատուկ հոգատարութեան տակ եղած են տաղանդաւոր, ստեղծագործող մարդիկն ու ընդունակ երիտասարդները։
Մանթաշեանցի միջոցներով Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանած են աւելի քան երկու հարիւր հայ պատանիներ ու աղջիկներ, որոնցմէ շատեր յետագային դարձած են գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան նշանաւոր անուններ: Կոմիտաս Գերմանիա ուսանած է կրկին Մանթաշեանցի միջոցներով:
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵՆՍԱԳԻՐԸ
Մանթաշեանցի կենսագիրը եղած է պոլսահայ պատմաբան, բանասէր, գրող, հասարակական գործիչ Առաքել Սարուխանը: Ան է նաեւ Մանթաշեանցի մասին «Աղեքսանդր Մանթաշեանց, մեծ վաճառականն ու բարեգործը. Յիշողութիւններ իր մահուան 20-ամեակի առթիւ» յուշագրութեան հեղինակը, որ տպագրուած է 1931-ին, Վիեննա: Քանի որ Առաքել Սարուխան եղած է Մանթաշեանցի ընկերութեան մէջ լիազօր ներկայացուցիչ, այնուհետեւ աշխատած է որպէս լիազօր վարիչ, ուստի ուսումնասիրողները մեծ արժէք կու տան այս յուշագրութեան:
Սարուխան կրցած է ներկայացնել նաեւ այն միջավայրը, որուն մէջ ապրած ու աշխատած է ձեռնարկատէրը: Ահաւասիկ ի՛նչ կը գրէ իր յուշագրութեան մէջ.
«Ոսկեղէն կամ ակնեղէն չէր սիրեր ու չէր գործածեր, ո՛չ մատանի, ո՛չ փողկապի վրայ եւ առհասարակ որեւէ զարդ չէր կրեր: Միակ զարդը, որ կը սիրէր կրել, թարմ ծաղիկն էր: Երբեք չուզեց սեփական կառք ունենալ՝ կամ ոտքով կը շրջէր, կամ թրամվայ կը նստէր: Հազուադէպ առիթներով միայն կառք կը վարձէր»: Մանթաշեանց իր ժամանակի ամենէն հարուստ մարդոցմէն մէկը համարուած է: Քարիւղ արդիւնահանելու նպատակով Մանթաշեանց ձեռք բերած է Պաքուի հանքահորերը: Քարիւղի մշակման համար շինած է քերոսինի եւ քսաիւղերու գործատուն մը: Շուտով հորերը սկսան բերել վիթխարի եկամուտներ։ Մանթաշեանց Անգլիայէն ձեռք բերաւ երկու բեռնանաւ, որոնցմով քարիւղ կ՚արտահանէր դէպի Հնդկաստան, Չինաստան, Ճաբոն, նաեւ միջերկրածովեան երկիրներ:
Իսկ 1899-1909 թուականներու միջեւ իր ընկերութիւնը՝ «Ալեքսանդր Մանթաշեւ եւ Ընկ.»ը 20 միլիոն ռուբլի դրամագլուխով կը համարուէր ռուսական արդիւնաբերութեան պատմութեան ամենամեծը: Ընկերութիւնը, 20-րդ դարու սկիզբին կ՚արդիւնահանէր Պաքուի քարիւղի կէսէն աւելին, նոյն ընկերութիւնը ֆինանսաւորած է Պաքու-Պաթում նաւթատարի շինարարութիւնը։ Շուտով Մանթաշեանց ձեռք բերաւ քանի մը համաշխարհային քարիւղի ընկերութիւններ, որոնցմէ մեկը Նոպէլ եղբայրներու ընկերութիւնն էր։ Իր ընկերութեան մէջ կը կեդրոնանար Կասպից ծովու քարիւղի պաշարներու 66 առ հարիւրը: Մահացած է 1911-ին՝ Սեն Փեթերսպուրկ:
ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ՑԱՆԿ
Հայրենի գրող, ուսումնասիրող, Ալեքսանդր Մանթաշեանցի մասին նորագոյն գիրքի հեղինակ Խաչատուր Տատայեան կազմած է Մանթաշեանցի բարերարութիւններուն ոչ ամբողջական ցանկը: Ինչո՞ւ ոչ ամբողջական, քանի որ ամբողջական ցանկը յայտնի չէր նոյնիսկ Մանթաշեանցին՝ ան հաշիւ չէր պահեր: Բարերարութեամբ զբաղած է 24 տարեկանէն մինչեւ մահ՝ 45 տարի:
1881-1911 թուականներուն ան դպրոցական եւ համալսարանական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու շուրջ 1000 սորվողներու որպէս կրթաթոշակ յատկացուցած է 400 հազար ռուբլի:
1881-1895 թուականին Կովկասի Հայոց բարեգործական ընկերութեան՝ 27 հազար 100 ռուբլի:
1887 թուականին Սեմիրեչինսքի մարզի (ներկայիս Ղազախիստան) վարչական կեդրոն Վերնի քաղաքի երկրաշարժէն տուժածներուն՝ 3 հազար ռուբլի:
1897 թուականին տաճկահայ սովեալներու ու գաղթականներու օգնութեան պարէնային կոմիտէին՝ 25 հազար ռուբլի, ատկէ զատ, բոլոր փափաքողներուն Սեւ եւ Միջերկրական ծովերու նաւահանգիստներէն սեփական նաւերով անվճար փոխադրած է Արեւմտեան Հայաստան։
1898 թուականի մայիս 17-ին Անտիժանի մէջ (ներկայիս Էօզպեքիստան) զոհուած 22 ռուս զինուորներու յիշատակին եկեղեցի կառուցելու համար՝ յատկացուցած է 1000 ռուբլի։
1899 թուականի ապրիլ 9-ին Կոյրերը խնամող ընկերութեան Թիֆլիզի բաժանմունքի երեխաներուն յատուկ դպրոց կառուցելու համար նուիրաբերած է 2000 ռուբլի:
1899 թուականի դեկտեմբերին Ավճալայի անչափահաս յանցագործներու արհեստանոցներու ու կացարաններու կառուցման եւ պահպանման համար ղրկած է 40 հազար ռուբլի:
1899 թուականի դեկտեմբեր 20-ին Փեթերսպուրկի վրաց ուսանողներուն յատկացուցած է 100 ռուբլի:
1899-ին Մցխեթի վրաց տաճարի վերանորոգման համար՝ 1000 ռուբլի։
1899 թուականին Պերճ Պռոշեանի գրական գործունէութեան 40-ամեակին առթիւ՝ 300 ռուբլի գրողին, ատկէ զատ խոստացած է որդեգրել անոր զաւակներէն մէկը։
100 հազար ռուբլի՝ Թիֆլիզի Մանթաշեանց առեւտրային դպրոցի կառուցման համար, ուր ուսման տեւողութիւնը եռամեայ պիտի ըլլար եւ պիտի ընդունուէին միայն վաճառականներու 12-16 տարեկան որդիները։ Դպրոցին շէնքը կառուցուած է 1910 թուականին, գործած է մինչեւ 1918, հոն ամէն տարի ուսանած են 250 աշակերտներ։ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն շէնքը վերածուած է թիւ 43 ռուսական միջնակարգ դպրոցի, ուր ուսանած են այնպիսի նշանաւոր անձինք, ինչպէս Ռուբէն Մամուլեանը, Միքայէլ Թարիվերտիեւը, Բուլատ Օկուճաւան, Մարլէն Խուցիեւը եւ այլք։
1900 թուականի երկրաշարժէն տուժած Ախալքալաք ղրկած է 50 հազար ռուբլի:
1901-ին Թիֆլիզի Վանքի եկեղեցւոյ վերանորոգման համար տրամադրած է 65 հազար ռուբլի:
1902 թուականին Ֆրանսական Մարթինիք կղզիի հրաբուխին ժայթքման հետեւանքներուն վերացման համար ալ՝ 30 հազար ֆրանք:
1902-1904-ին կառուցած է Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցին՝ ծախսելով 570 հազար ռուբլի (1 միլիոն 540 հազար ֆրանք):
1903 թուականի նոյեմբերին անվճար բուժօգնութիւն տրամադրող Շուլաւերի մասնաւոր բուժարանին նուիրած է 300 հազար ռուբլի:
1904 թուականին Թիֆլիզի Հայկական տրամաթիքական ընկերութեան օժանդակած է 65 հազար ռուբլիով:
1904 թուականի ռուս-ճաբոնական պատերազմի ժամանակ 15 հազար ռուբլի յատկացուցած է ռուսական նաւատորմին համար:
1908 թուականին կառուցած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրանոցի նոր շէնքը՝ ծախսելով 250 հազար ռուբլի:
1908 թուականին Պաքուի Հայոց մշակութային միութեան՝ 15 հազար ռուբլի։
1909 թուականին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգման համար նուիրած է 50 հազար ռուբլի:
1909-ին Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկոսական վեհարանի կառուցման համար ալ՝ 200 հազար ռուբլի:
1909-ի երկրաշարժէն տուժած Մեսինայի երաժշտական դպրոցին՝ 50 հազար ռուբլի տուած է, իսկ 1910-ին երկրագործական ուսումնարան կառուցելու համար՝ 200 հազար ռուբլի:
Թիֆլիզի բոլոր ծխական դպրոցներուն տուած է 24 հազար ռուբլի:
Թիֆլիզի նախկին Սերպինիի ուսումնարանին՝ 10 հազար ռուբլի:
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ
Ալեքսանդր Մանթաշեանցի անունը ոսկեայ տառերով գրուած է նաեւ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Ան նիւթական մեծ միջոցներով օժանդակած է Մինաս Չերազի «L՚Armenie» թերթին, Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ» ամսագրին, Յովհաննէս Շահնազարի «Հայրենիք» պարբերականին եւ ուրիշ շատ թերթերու, պարբերականներու եւ գիրքերու հրատարակման։
Այս ամենէն զատ, ինչպէս Խաչատուր Տատայեան իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նշէ, գործարարը նուիրատուութիւններ կատարած է իր սեփական հաստատութիւններուն անունէն։ Այսպէս, ընկերութեան անունէն 1885-1911 թուականներուն Պաքուի Հայոց մարդասիրական ընկերութեան «Ա. Հ. Մանթաշեանց եւ ընկ.» հաստատութեան կողմէ տրուած է տարեկան 600 ռուբլի (ընդ. գումարը՝ 9.600 ռուբլի):
1897 թուականին Թիֆլիզի Առեւտրային դրամատան հիմնադրման 25-ամեակին առթիւ ծառայողներու գանձարկղին տրամադրած է 4000 ռուբլի, հայ գաղթականներուն՝ 5000 ռուբլի, ԿՀԲԸ-ին՝ 2000 ռուբլի, «Եապի» ընկերութեան՝ 1000 ռուբլի, Կոյրերու ընկերութեան հոգաբարձութեան՝ 1000 ռուբլի, գիշերային օթեւանին՝ 500 ռուբլի, Ալեքսանդրեան մանկական օթեւանին՝ 500 ռուբլի, Թիֆլիզի քաղաքային ուսումնական հաստատութիւններու օժանդակիչ ընկերութեան՝ 500 ռուբլի, Ջուրի մէջ խեղդուողներու փրկարարական ընկերութեան Թիֆլիզի մասնաճիւղին՝ 500 ռուբլի, Սոլոլակ թաղամասի ձրի ճաշարանին՝ 500 ռուբլի, Նատիեժտինսքի օթեւանին՝ 500 ռուբլի, Անչափահաս յանցագործներու ուղղիչ ընկերութեան՝ 500 ռուբլի (ընդ. գումարը՝ 16.500 ռուբլի)։
Կտակով բարեգործութեան յետմահու յատկացուցած է 200 հազար ռուբլի:
ԵՒ ԿՐԿԻՆ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐԸ
Այսօր դժուար ժամանակներ կ՚ապրի ողջ աշխարհը: Քորոնաժահրին բերած տնտեսական վնասները, պատերազմները, ձեւափոխուող աշխարհը իրենց ազդեցութիւնը ձգած են ամէն ոլորտի վրայ, մանաւանդ՝ տնտեսութեան: Հայ գործարարները նոյնպէս այդ հարուածներուն տակ յայտնուած են, բայց չեն նահանջած՝ իրենց տոկունութեամբ, ճկունութեամբ փորձելով ապացուցել, որ պէտք է դիմագրաւել ամէն տեսակ դժուարագոյն պայմաններ, թոյլ չտալ, որ հիմնադրուածը փլի, տարիներու վաստակը փոշիանայ եւ կեանքը քաոսի վերածուի: Աւելին, հայ գործարարը իր օժանդակութիւնը ունեցած է պատերազմի օրերուն, քորոնայի պատճառով տուժածներուն, բազմաթիւ ընկերային նախաձեռնութիւններով փորձած է փրկել իրավիճակը: Ուրեմն, իրաւամբ կրնանք ըսել, որ մեր ժամանակներու հերոսը նաեւ հայ գործարարն է:
Տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ «Մանթաշով» գործարարներու միութիւնը, որ կը միաւորէ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս գործունէութիւն ծաւալող հայ գործարարները։
«Մանթաշով» միութիւնը ստեղծած են 13 մեծ գործարարներ, բայց անոր անդամներուն թիւը տարուէ տարի կ՚աւելնայ: Այս միութիւնը նպատակ ունի բարձրացնելու ձեռներէցներու ու ձեռներէցութեան վարկանիշը եւ համախմբելու ողջ աշխարհի գործարարները՝ նոր նպատակներու, նոր գաղափարներու շուրջ, քաջալերելու ներդրումները, բարերարութիւնը, բարելաւելու ներդրումներու համար օրէնսդրական դաշտը եւ ընթացք տալու բոլոր գործարար ձեռնարկումներուն՝ ի նպաստ բարեկեցիկ հայ հասարակութեան:
ԶՈՒԱՐՃԱՆՔ
Օր մը Ալեքսանդր Մանթաշեանց կ՚երթայ Թիֆլիզի շուկան: Կը տեսնէ երկու վրացի փերեզակներ, մէկը կանաչեղէն կը վաճառէ, միւսը՝ գլուխին դրած կողովին մէջ՝ հաւկիթ:
Կանաչեղէն վաճառողը միւսին կը հարցնէ.
-Քու կարծիքովդ Մանթաշեանցը որքա՞ն դրամ կ՚ունենայ:
Հաւկթավաճառը կը պատասխանէ.
-Ի՜նչ գիտնամ, չունենայ-չունենայ՝ միլիոն մանէթ մը կ՚ունենայ…
Մանթաշեանցը երբ ասիկա կը լսէ, ձեռնափայտը կ՚երկարէ ու հաւկիթներուն կողովը կը դարձնէ: Հաւկիթները կը թափուին եւ աղմուկով կը կոտրուին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան