ՕՏԱՐԱՆԱԼՈՒ ՓՈՐՁԷՆ՝ ԳՈՐԾԻ

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք ուժերու, որոնք կարողութիւնը ունին փշրելու բոլո՛ր շղթաները եւ անձնուիրաբար ծառայելու ա՛յն սրբազան նպատակին, որ կը կոչուի հայրենասիրութիւն: Այդ հայրենասիրութեան եւ մանաւա՛նդ աւելի սարսափելին՝ հայաթափութեան համար ո՞վ պատասխանատու պիտի նշանակուի. այսօր կառավարութիւնը իր գործունէութեան կենդրոն կը դարձնէ իր սահմաններէն ներս ապրող ժողովուրդը (այդ մէկը ինչքանով յաջող կը կատարեն մեր այսօրուան նիւթը չէ). անոնք այսպէս կամ այնպէս կը փորձեն «բարելաւել» իրենց սահմաններուն մէջ ապրող հայրենակիցները. իսկ դուրսիննե՞րը...:

Յաճախ կը շեշտենք մեր հայկական սփիւռքը, կը խօսինք զինք յուզող ու մտահոգող հարցերուն մասին, որովհետեւ ամէ՛ն բան կախեալ է մեզմէ: Յաճախ հայեր կը կարծեն, որ օտարանալու երեւոյթը մարդու կամքէն դուրս կատարուող իրողութիւն մըն է, պայմանաւորուած օտար շրջապատի գոյութեամբ. Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի մէջ առիթը ունեցած եմ հանդիպելու թուրքերու, որոնք օտարութեան մէջ, նոյնի՛սկ եւրոպական երկիրներուն մէջ կը շարունակեն խօսիլ իրենց մայրենի՝ թրքերէն լեզուով. թրքական սփիւռքը, հակառակ մի քանի սերունդ փոխելուն օտար ափերու վրայ, կը շարունակէ խօսիլ իր մայրենիով։ Նոյնն է պարագան նաեւ արաբներուն, որոնք այժմ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ օտարանալու փոխարէն երկիրը արաբացնել կը փորձեն:

Անցնող տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ մեծագոյն խնդիրներէն մէկն էր երկիրին մէջ տարածուող արաբերէն լեզուով յայտարարութիւնները, որովհետեւ արաբը օտարանալու փոխարէն շրջապատը արաբացնել կը փորձէ. նոյնն է պարագան թուրքին:

Իսկ հայը... հայը իր հայրենիքին մէջ անգամ օտարանալ կը փորձէ, ո՜ւր մնաց օտարութեան մէջ հայ պահելու մասին մտածել: Վերջերս ամէն անգամ տունէն դուրս գալուս խանութներու գլխամասը տեղադրուած անունները կը փորձեմ կարդալ. մեծամասնութեամբ անգլերէն տառերով օտար բառեր, իսկ շատեր ալ հայատառ՝ սակայն դարձեալ օտար. օրինակ՝ «Կոլտըն Հաուս». եթէ հայորդիները կը կարծեն որ այսպիսով աղաւաղած պիտի ըլլան անգլերէն լեզուն ու ամերիկացիք պիտի նեղանան իրենց բառերը օտար տառերով գրելու համար... չարաչար կը սխալին:

Անցեալ օր կը կարդայի ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի 1 յուլիս 1912-ի թիւը, որուն 3-րդ էջին մէջ տպագրուած կը գտնենք «Թրքանալու փորձ մը» անունով հաղորդագրութիւն մը: ԺԱՄԱՆԱԿ կը յայտնէ, թէ «Գում Գաբուի բնակող դիւրահաղորդուհի մը՝ Մաննիկ անուն, որ ատեն մը շատ կը յաճախէր Բերայի տուները, մէկ քանի օրեր առաջ թրքանալու փորձ մը կատարեց: Իր պաշտողներէն այլակրօն երիտասարդի մը համոզիչ խօսքերուն վրայ Մաննիկ հաւանութիւն կու տայ թրքանալու եւ երիտասարդին հետ կ՚որոշեն երթալ Պալըքէսիր: Սակայն ծնողքին հետապնդումներուն վրայ այս պարագան կը լսուի եւ Պանտրմայի մէջ երիտասարդներու կողմէ Մաննիկ բռնուելով Պոլիս կը բերուի եւ Պատրիարքարանի միջոցով կը յանձնուի իր ծնողներուն»:

Այստեղ յատկանշական է թերթին կողմէ դրուած «փորձ» որակումը, որովհետեւ այդ ժամանակներուն այդ մէկը պարզապէս կարելի էր «փորձ» մը ըլլալ եւ ո՛չ իրականութիւն: Վստահաբար մամուլը այդ ժամանակ այս մէկը կը բարձրաձայնէր, որովհետեւ սովորականին հակառակ իրողութիւն մը կը պարզէր այդ մէկը. կարդացէ՛ք Զարթօնքի շրջանի մեր գրողները. այդտեղ շա՜տ քիչ յիշատակում պիտի գտնէք նման դէպքերու: Սակայն ժամանակը այնքա՜ն փոխուեցաւ, որ այդ բոլորը սկսան մեզի համար դառնալ սովորական ու փորձի սահմաններէն դուրս գալով դարձան ճշմարիտ իրագործում:

Այսօր այդ մէկը մենք չենք կրնար հաղորդագրութեան ճամբով փոխանցել, որովհետեւ օտարական դրութեամբ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ տարածքին ինչքա՜ն երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ո՛չ թէ օտարանալու փորձ կը կատարեն, այլ ուղղակի կ՚օտարանան: Ի՞նչ գրել անոնց մասին. այդ ո՞ր հայ երիտասարդներն են, որոնք պիտի յաջողին կեցնել օտարացման գործընթացը ու երիտասարդ-երիտասարդուհին Հայոց Պատրիարքարան բերելով վերադարձնեն ծնողքին: Իսկ անդին այդ ո՞ր երիտասարդն է, որ լսելով Պատրիարքին կամ եկեղեցականին յորդորները գամուած պիտի մնայ իր արմատներուն:

«Սէրը ազգութիւն չի ճանչնար» կարգախօսով «ազատամտութիւն» խորագրին տակ օտարացման հրաւէր կը կարդայ այսօր աշխարհը մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք արդէն իսկ բնական կը նկատեն օտարացումը:

Յաճախ մարդիկ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ համար կենդրոնացած կը մնամ հինին. այդ հին ոգին է, որ կը պակսի այսօր մեր մէջ. այսօր ո՛չ թէ միայն ազգութիւն ու կրօնք, այլ նոյնիսկ անունները փոխել յանձն կ՚առնեն հայորդիներ:

Կրնայ ըլլալ կեանքիս ամենէն տխուր վայրկեաններէն մէկն էր տեսնել երիտասարդ հայուհի մը, որ հակառակ հայ ըլլալուն կը մերժէր իր հայ ըլլալը, որովհետեւ ինք կ՚ուզէր եւրոպացի դառնալ. կ՚ամչնար իր հայութենէն ու կ՚ուզէր մարդիկ զինք ճանչնան որպէս օտար, եւրոպացի մը, կեղծ անունով ու կեղծ ազգութեամբ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՄԱՆԹԱՇԵԱՆ
(1842-1911)

Մեր թուականէն 180 տարիներ առաջ՝ 3 մարտ 1842-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է նշանաւոր գործարար ու բարեգործ Ալեքսանդր Մանթաշեան (ծանօթ նաեւ Մանթաշեւ անուանումով):

Մանթաշեան իր կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Գալուստ Վարդապետ Փափազեանցի հիմնած մասնաւոր դպրոցէն ներս, ուր տիրապետած է հայերէն, ռուսերէն, վրացերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Մանթաշեանի հայրը եղած է վաճառական. ան իր հօր հետ միասին շրջած է եւրոպական շարք մը երկիրներ եւ կապեր հաստատած՝ յայտնի վաճառականներու հետ:

Ուսումը աւարտելէ ետք Ալեքսանդր Թիֆլիզի մէջ զբաղած է վաճառականութեամբ. հօրը մահէն ետք ամբողջ ժառանգը վերցնելով հաստատուած է Պաքու եւ այդտեղ զբաղած է նաւթի արդիւնաբերութեամբ: Մեծ յաջողութիւններ արձանագրելով Մանթաշեան իր գործունէութեան ցանցին մէջ առած է Լեհաստանը, Փարիզը, Պէյրութը, Պաղեստինը, Պոլիսը, Իզմիրը, Կալկաթան, Սուտանը եւ բազմաթիւ այլ քաղաքներ ու շրջաններ: Այդ երկիրներուն մէջ ան հիմնած է հանքեր, գործարաններ, կալուածներ, տուներ, հիւրանոցներ եւ եկամտաբեր այլ հաստատութիւններ:

Շնորհիւ առեւտրական յաջողութիւններուն՝ Մանթաշեան դարձած է իր ժամանակուան ամենէն մեծահարուստ մարդոցմէ մին եւ ճանչցուած «Նաւթի արքայ» անունով: Իր դրամական հարըս-տութեան կողքին Մանթաշեան յայտնի եղած է նաեւ իր բարեգործութիւններով. որոշ ժամանակ եղած է Թիֆլիզի Բարեգործական ընկերութեան փոխ-նախագահը: Անոր բարերարութեամբ եկեղեցիներ շինուած են Թիֆլիզի, Երեւանի, Պաքուի, Մոսկուայի, Փեթերսպուրկի եւ այլ շրջաններու մէջ. անոնցմէ մէկն է Փարիզի կենդրոնը գտնուող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին: 

Մանթաշեան եղած է ժամանակուան հայ որբանոցներուն հովանաւորն ու բարերարը: Անոր բարերարութեամբ կառուցուած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանը: Անոր բարերարութեամբ կառուցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վեհարանը:

Բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարած է նաեւ հայ մշակոյթի, գիտութեան, արուեստի ու գրականութեան ոլորտէն ներս:

Մանթաշեան յայտնի է Կոմիտաս Վարդապետին նուիրած իր դաշնամուրով. բարերարը լսելով որ Կոմիտաս Վարդապետ չունի իր սեփական դաշնամուրը, Գերմանիայէն իրեն համար բերել տուած է արժէքաւոր դաշնամուր, որով հաւանաբար Վարդապետը դաշնաւորած է մեր հայկական գոհարներէն շատերը:

Կոմիտասի նման բազմաթիւ երիտասարդներու գումարներ յատկացուցած է, որպէսզի կատարելագործեն իրենց ուսումը եւ այդ ստացած գիտութեան ճամբով ծառայեն հայ ազգին. իր բարերարութեամբ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի մէջ համալսարանական ուսում ստացած են աւելի քան 250 երիտասարդներ, որոնցմէ շատերը ապագային դարձած են յայտնի անձնաւորութիւններ: Ի յիշատակ մեծ բարերարին, Երեւանի կենդրոնը գտնուող Աբովեան փողոցի վրայ ճարտարապետ Լեւոն Ղալումեանի եւ նկարիչ Տիգրան Արզումանեանի աշխատանքով տեղադրուած է Մանթաշեանի արձանը:

Բարերարը մահացած է 19 ապրիլ, 1911-ին, Փեթերսպուրկի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022