ՍՄԲԱՏ ԲԻԻՐԱՏԻ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, մարտի 4-ին, նուիրական եւ յուզիչ ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր: Տեղի ունեցաւ արեւմտահայ եղեռնազոհ գրող, պատմաբան, հասարակական գործիչ Սմբատ Բիւրատի «Բանաստեղծութիւններ եւ պոէմներ» հատորին շնորհանդէսը: Այսպէսով, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը եւ «Բիւրատ մշակութային հիմնարկ»ը մեկնարկեցին Սմբատ Բիւրատի 160-ամեակին նուիրուած յոբելենական միջոցառումները։ Հայ նշանաւոր գրագէտին 160-ամեակը կը լրանայ այս տարի. 1862 թուականի մարտի 15-ին Զէյթուն ծնած է Սմբատ Տէր-Ղազարեան բուն անունով գրողը: Ստանալով սկզբնական կրթութիւնը Զէյթունի մէջ, ինն տարեկանէն կը ձգէ ծննդավայրը, եւ կը մեկնի Երուսաղէմ՝ յաճախելով եւ աւարտելով Ժառանգաւորաց վարժարանը, յետոյ մասնակցելով Սորպոնի համալսարանի մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Այնուհետեւ Բիւրատ կը վերադառնայ հայրենիք եւ կը պաշտօնավարէ Մարաշի Կեդրոնական վարժարանին մէջ, նախ որպէս տնօրէնի օգնական, ապա՝ տնօրէն: Իր առաջին բանաստեղծութիւնը ան հրատարակած է Եղիա Տէմիրճիպաշեանի փիլիսոփայական «Երկրագունդ» ամսագրին մէջ։

Սմբատ Բիւրատ հայկական դպրոց մը կը բանայ Սիսի մէջ (այսօր Քոզան), սակայն կարճ ժամանակ ետք կը փակէ եւ կը տեղափոխուի Պոլիս ու կը զբաղի գրականութեամբ։ Առհասարակ, դպրոցներ բանալու ծրագիր ունեցած է, եւ այլ վայրերու մէջ նոյնպէս հիմնած է հայկական կրթարաններ: Եղած է Հնչակեան կուսակցութեան անդամ: Պոլսէն զատ ան այլուր նոյնպէս ապրած եւ գործած է, մանաւանդ Եգիպտոս, ուր խոյս տալով ճնշումներէ, փոխադրած է ընտանիքը՝ հրաժարելով կուսակցութենէն: Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի մէջ հիմնադրած է «Կեդրոնական կրթարան» վարժարանը, հրատարակած «Փիւնիկ» կիսամեայ պարբերականը, ապա՝ «Նոր օր»ը: Աղեքսանդրիոյ մէջ նոյնպէս պաշտօնավարած է՝ ղեկավարելով Աղեքսանդրիոյ ազգային վարժարանը:

Մինչեւ եգիպտոսեան շրջանը Բիւրատ ամուսնացած էր հայուհիի մը հետ, որ նոյնպէս ուսուցիչ էր։ Եւ կրկին մինչեւ եգիպտոսեան շրջանը, իբրեւ քաղաքական գործիչ բանտարկուած եւ երկար տարիներ բանտին մէջ անցուցած է: Բանտին մէջ ծնած է երկրորդ որդին՝ Հայկը, իսկ անդրանիկ որդին՝ Վաղինակը, ծնած էր աւելի վաղ՝ 1886 թուականին: Սմբատ Բիւրատ Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք վերադարձած է Պոլիս, ուր շարունակած է իր մտաւորական գործունէութիւնը, հոս վերահրատարակած է «Փիւնիկ»ը, ապա՝ խմբագրած «Գաղափար» թերթը: Խմբագրած է նաեւ «Մանզումէի Էֆքեար» օրաթերթը, այնտեղ տպագրելով «Բանտէ բանտ» վէպը, որ զատ գիրքով լոյս տեսած է 1910 թուականին։ Հրատարակչութեամբ զբաղած է իր աւագ որդիին՝ Վաղինակին հետ: Բիւրատները Պոլսոյ մէջ հիմնած են «Ժամանակակից մատենաշար» անունով հրատարակչական շարքը: Մինչ իր մահը Սմբատ Բիւրատ տպագրած է իր գիրքերուն մեծ մասը. ինչպէս՝ «Բուրգերէն. Բանաստեղծական երկեր», «Աւարայրի արծիւը կամ Վարդանանք» (ողբերգութիւն), «Ելտըզէ Սասուն», .Զեյթունցի վարդապետը կամ Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Աբարդեանց», «Ազատութեան համար. Զէյթունի վրէժը», «Իննսունվեց (արիւնի մէջէն)», «Տէմիր Մուշլու (մշեցի կնոջ մը կեանքէն)», «Սասունէն ետքը, հատ. Ա. Դիակապուտներըե», «Սասունէն ետքը, հատ. Բ. Դէպի Եըլտըզ», «Ելտըզի պօմպան», «Որդեսպան ծնողքը», «Վերջին բերդը (կտտացող վէրքեր հայութեան սրտէն)», եւ այլն: Որոշ գիրքեր ալ լոյս տեսած են իր մահէն ետք, վերահրատարակուած են հիները եւ Բիւրատի գրականութեան մասին գրուած են նաեւ ուսումնասիրութիւններ:

Բիւրատ նաեւ մամուլի անխոնջ աշխատակից եղած է, իր բազմաթիւ յօդուածները տպագրուած են Հայկ, Լեւոն, Ապտակ, Թաթ, Մտրակ, Խայթոց, Լեռնորդի եւ այլ ծածկանուններով։ Գրողի բազում անտիպ գործերէն «Լեռնականի մը յուշատետրը» լոյս տեսած է «Բազմավէպ»ին մէջ՝ 1935-1938 թուականներուն: Գրողը կոչած են Զէյթունի պատմիչն ու ոգին:

ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Սմբատ Բիւրատի կենսագրութեան եւ գրական գործունէութեան վերոնշեալ մանրամասները եւ ուրիշ հետաքրքրական դրուագներ ալ ներկայացուցեցան Երեւանի միջոցառման ընթացքին: Ձեռնարկը ազդարարուեցաւ «Սմբատ Բիւրատ-160» տեսաժապաւէնի ցուցադրմամբ, այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն, հայագէտ Վահագն Սարգսեան, նոյն թանգարանի նախկին տնօրէն, գրականագէտ Կարօ Վարդանեան, հետազօտող, հայագէտ Միհրան Մինասեան, գրադարանագէտ Տիգրան Զարգարեան, Բիւրատի նորահրատարկուած գրքի կազմող, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի աշխատակից Յասմիկ Հախուերտեան եւ ուրիշներ: Շնորհանդէս-ձեռնարկի ընթացքին տեսաուղերձով Երեւան միացաւ Սմբատ Բիւրատի ամերիկաբնակ թոռնորդին՝ Հայկ Բիւրատը, որու նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ ալ հրատարակուած է «Բանաստեղծութիւններ եւ պոէմներ» ժողովածուն։ Իսկ գեղարուեստական մասին մէջ «Ծագէ նոր օր» խորագրով գեղարուեստական միջոցառմամբ ելոյթ ունեցան Երեւանի Զէյթուն շրջանի Սմբատ Բիւրատի անուան դպրոցի սաները։ Այս դպրոցը Սմբատ Բիւրատի անունով կոչուած է 1997 թուականին: Մինչ այդ, անոր անունը թէ՛ Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ նորանկախ հայրենիքի մէջ գրեթէ մոռացութեան մատնուած էր:

ԹՈՌՆՈՐԴԻՆ

Սմբատ Բիւրատի անունը մոռացութեան դարակներէն տակաւին շատ տարիներ առաջ հանելու սկսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բնակող անոր ծոռը՝ Հայկ Բիւրատը: Ան կը կրէ իր մեծ հօր՝ Վաղինակ Բիւրատի եղբօր անունը: Վաղինակ Բիւրատ Պոլիս մնացած է մինչեւ 1925 թուականը, որմէ ետք բնակած է Լիբանան եւ Սուրիա: Անոր Հայկ եղբայրը գացած է Եգիպտոս, ուր հօր գիրքերը տպած է: 1946 թուականին Վաղինակ Բիւրատ, իսկ 1948 թուականին Հայկ Բիւրատ ներգաղթած են Խորհրդային Հայաստան: Այստեղէն Հայկ Բիւրատ սթալինեան աքսորի տարիներուն աքսորուած է Սիպերիա, ըստ որոշ տուեալներու, վերադարձին մահացած է: Վաղինակ Բիւրատ ապրած է մինչեւ խոր ծերութիւն: Բիւրատները, սակայն, անզօր գտնուելով պայքարիլ խորհրդային կարծր վարչակարգին դէմ, 1980 թուականին գաղթած են Միացեալ Նահանգներ: Հայկ Բիւրատ Վաղինակ Բիւրատի միակ որդիին՝ Սմբատ Բիւրատի որդին է: Ան իր կնոջ հետ հիմնադրած է «Բիւրատ մշակութային հիմնարկ» կազմակերպութիւնը, որ հրատարակած է Վաղինակ Բիւրատի «Իմ կեանքի յուշերէն», «Ընտիր էջեր» հատորները: Վաղինակ Բիւրատ, ինքն ալ գրականութեան սիրահար ըլլալով, կը գրէր, բայց անոր երազանքն էր հայրենիքին մէջ հրատարակուած տեսնել Սմբատ Բիւրատի գործերէն: Ահաւասիկ, Հայաստանի մէջ Սմբատ Բիւրատի առաջին գործը լոյս կը տեսնէ 2001 թուականին, «Երկեր» խորագրով, կը յաջորդէ 2002 թուականին «Սմբատ Բիւրատի վիպաշխարհը» գիրքը: Օրերս լոյս տեսած բանաստեղծութիւններու գիրքին առթիւ գրողին ծոռը կը գրէ. «Ես այժմ հաստատ համոզուած եմ, որ Սմբատ Բիւրատի հոգին հանգստութիւն գտաւ դրախտին մէջ եւ իմ մեծ հայր Վաղինակը կը ժպտի ինծի ուրախ, տեսնելով իր երազանքներուն իրականացումը»։

Անցնող տարեվերջին ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ, «Բիւրատ մշակութային հիմնարկ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է Սմբատ Բիւրատի ստեղծագործութիւններուն անգլերէն թարգմանութիւններու առաջին հատորը։ Ասիկա Բիւրատի գրական ժառանգութեան առաջին օտարալեզու հրատարակութիւնն է։ Հրատարակիչները կը տեղեկացնեն, որ առհասարակ, Սմբատ Բիւրատի գրական ժառանգութիւնը կարելի է ամփոփել աւելի քան քառասուն հատորներու մէջ: Բիւրատ նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ կատարած է ֆրանսերէնէ, իտալերէնէ, լատիներէնէ, թրքերէնէ, արաբերէնէ եւ այլ լեզուներէ:

Բիւրատ ընտանիքի ցանկութեամբ գիրքի ելեկտրոնային տարբերակի վաճառքէն գոյացած ողջ հասոյթը կը տրամադրուի նահատակուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն եւ 2020 թուականի պատերազմի հետեւանքով հաշմանդամ դարձած եւ խնամքի կարիք ունեցող զինուորներուն։

Սմբատ եւ Վաղինակ Բիւրատներուն արխիւը կը պահուի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, արխիւին մէջ են բազմաթիւ անտիպներ, ձեռագիրներ, այդ կարգին՝ Բիւրատի՝ Այաշի բանտէն գրուած վերջին նամակը: Այաշի մէջ ալ ան, բազումներու հետ կը կնքէ իր մահկանացուն…

Յառաջիկային եւս թանգարանի եւ Բիւրատ ընտանիքի համագործակցութեամբ կը հանրայնացուի հայր եւ որդի Բիւրատներուն ձգած ժառանգութիւնը: Իսկ Սմբատ Բիւրատի Պոլսոյ, Եգիպտոսի եւ այլուր տպուած հին գիրքերը թուայնացուած են եւ հասանելի Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուային գրադարանին մէջ:

Բիւրատի վէպերը հիմնականը երկերը՝ մեծ մասամբ ազգավէպ, յեղափոխական կեանքէ են, բայց, ան, 1912 թուականին Պոլսոյ մէջ կը հրատարակէ նաեւ «Հայկական ընդհանուր պատմութիւն» խորագրով պատմաբանական գործը, որուն ներածութիւնը ինք գրած է: Ահաւասիկ, քովի սիւնակներուն մէջ կարդալ սոյն ներածականը, թէ ինչ շարժառիթով ան դիմած է հայոց պատմութիւնը ներկայացնելու:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Քսան տարիներու խղճամիտ ու բաւական տաժանքոտ աշխատութեան մը կը պարտիմ ներկայ հրատարակութիւնը, ինչպէս յիշուած է արդէն Ամեն. Տ. Եղիշէ Սրբազան Դուրեանի պատուական նամակին մէջ, որ ներկայ գործիս գլուխը կը փայլի:

Ո՛չ բանասէր մըն եմ, ո՛չ ալ հմուտ պատմագէտ մը, պարզ աշխատաւոր մըն եմ գրչի, անխոնջ մշակ մը, բոլոր մտաւորական ու բարոյական ուժերս նուիրուած իմ ազնուական ցեղիս, որ քանի՜ դարերէ ի վեր, Ասիոյ ծոցը ծնած, սնած, հո՛ն ապրած, հո՛ն չարչարուած, մինչեւ այսօր կը պահէ իր պատկառելի գոյութիւնը, տեսած ըլլալով մէկիկ մէկիկ անհետացումը մեծ ազգերուն եւ փլուզումը պետութիւններուն, որոնք դարերով վարեցին նախնական մարդկութեան ճակատագիրը: Մեր ազգային պատմութիւնը գրուած է շատերու կողմէ, սկսեալ Ագաթանգեղոսէն, Փաւստոս Բիւզանդէն, Մովսէս Խորենացիէն, Ղազար Փարպեցիէն, Թովմա Արծրունիէն, Վարդան Պատմիչէն, Ներսէս Կլայեցիէն (Շնորհալի), Սամուէլ երէց Անեցիէն, Արիստակէս Լաստիվերացիէն, Առաքել Վարդապետ Դավրիժեցիէն, բոլոր նախնի մատենագիրներէն մինչեւ Հ. Մ. Չամչեան, Գարագաշեան եւ այլն: Երեւցած են նաեւ բազմաթիւ դասագիրքեր եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ թէ՛ օտար եւ թէ՛ մերազնեայ բանասէրներուն կողմէն:

Թէ՛ այս թանկագին յիշատակարաններէն -որոնք ժամանակին հրատարակուած են մասնաւորապէս Մխիթարեաններուն կողմէն- թէ՛ վերջին ժամանակներու մէջ կատարուած գիտական խուզարկութիւններէն, սեպագիր արձանագրութիւններու յայտնութիւններէն եւ ուրիշ վաւերական աղբիւրներէ, մանաւանդ Վիեննայի Մխիթարեանց պատուական պարբերականին -Հանդէս ամսօրեան կ՚ակնարկեմ- մէջ երեւցած մատենախօսականներէն ու բանասիրականներէն ջանացած եմ օգտուիլ, ներկայ երկասիրութիւնս լուրջ ու հաստատուն հիմերու վրայ դնել կարենալու համար:

Սակայն, պէտք է խոստովանիմ, ամէն ազգերու պատմութեան սկզբնաւորութեան եւ վերջաւորութեան մէ՛ջ է, որ պատմագիրը կը հանդիպի մեծ խոչընդոտներու, վարանումներ կ՚ունենայ, թէ ուրկէ՛ - պիտի սկսի եւ ո՛ւր պիտի վերջացնէ:

Պատմութիւն մը գրել՝ թէ՛ դիւրին է, թէ՛ դժուար: Դիւրին՝ անոնց համար, որոնք առասպելներ պիտի ուզեն հրամցնել եւ այդ առասպելներով գգուել ու խանդավառել իրենց պատկանած ցեղին փառասիրութիւնները, արդար թէ անարդար; Դժուար է, երկիւղած պատմագէտներու եւ խղճամիտ բանասէրներու համար, որոնք կը պատկառին ճշմարտութենէն եւ կը փափաքին ապագայ սերունդին աւանդել անջնջելի յիշատակարան մը:

Ինչպէս բոլոր ազգերուն, մերինին ալ ծագումը կը կորսուի մշուշապատ անցեալներու, նախապատմական, առասպելական դարերու թանձր վարագոյրին տակ: Մեր նախահայրը կը ներկայանայ հերոս մը: Ազատութեան նախանձովը բորբոքած, Առաջին Ըմբոստը՝ Առաջին Բռնակալին դէմ. Այսպէ՛ս կ՚աւանդէ մեզի մեր Պատմութեան Հայրը, անմահ Խորենացին, եւ այսպէ՛ս կը գրեն կամ կ՚ընդօրինակեն յաջորդող, յետագայ պատմիչները: Բայց ո՞ր ազգը չունեցաւ իր Հերոս-Նախահայրը:

Աւանդութիւններ կան, որոնք դարերով նուիրագործուած, պէտք է ապրին յաւիտեան, հոգ չէ, թէ այդ նուիրական աւանդութիւնները տապալող գիտութեան անողոք թաթը բարձրանայ եւ յեղաշրջէ պատմութիւնը: Եթէ այդ աւանդութիւնները, այդ առասպելները գոյութի՛ւն իսկ չունենային, ստեղծել պէտք էր զանոնք: Ասիկա ամէն ազգի մէջ, բնական, բնազդային փափաք մըն է: Ասդին, սակայն, կան գիտական հետազօտութիւնները, որոնք բնոյթ ունին լուսաւորելու անյիշատակ անցեալին աղջամուղջները: Սեպաձեւ արձանագրութիւններուն բանալին գտնուած է հիմա, եւ տարուէ տարի նոր յայտնութիւններ պիտի աւելնան, այնպէս որ, դարերէ ի վեր մութ, անմեկնելի, անծանօթ մնացած շատ մը պատմական երեւոյթներ եւ իրականութիւններ պիտի մերկացուին իրենց իսկական նշանակութեամբ: Մենք ո՞րը պիտի ընտրենք այս երկուքէն, որո՞ւն առաջնութիւն պիտի տանք. հո՛ս է հարցը:

Ահաւասիկ մեր ծրագիրը, երկու խօսքով:

«Հայկական ընդհանուր պատմութիւն» երկիս մէջ առաջին մտահոգութիւնս եղած է ատաղձներուն հաւաքումը: Բան մը, զոր յաջողած եմ գլուխ հանել, ամբողջացնել, տարիներու ընթացքին, դիւրըմբռնելի տաժանքներով եւ զոհողութիւններով, երկրորդ՝ բաղդատել, զանազանել, ընտրել աղբիւրները, եւ երրորդ՝ իրենց յատուկ տեղը տալ բանասիրական ու քննադատական վարկածներուն ու վճիռներուն:

Հ. Մ. Չամչեանի եռահատոր պատմութիւնը, ինչո՞ւ չխոստովանինք, 1784-ին տպագրուած միակ վաւերական, լիակատար պատմական երկասիրութիւնը պիտի համարուէր, եթէ զերծ ըլլար ան՝ ժամանակագրական սխալներէ, դէպքերու կարգ մը խեղաթիւրումներէ, մանաւանդ Ռուբինեան Հարստութեան շրջանին վերաբերեալներուն մէջ, եւ մանաւանդ -ինչ որ ազգային դժբախտութիւն մըն է- աղանդամոլ ոգիէ ու ձգտումներէ: Եւ, սակայն, արդար ըլլալու համար կը կրկնենք, Հ. Մ. Չամչեանի «Հայոց պատմութիւն»ը հոյակապ գործ մըն է թէ՛ ազգային եւ թէ՛ օտարազգի հին ու նոր պատմագիրներու ծանօթութիւններովը հարուստ:

Ահա՛, մասնաւորապէս այդ ընդարձակ գործէն ջանացած եմ օգտուիլ, առաջնորդ ընտրելով զայն ներկայ երկասիրութեան պատմական կարգի մասին:

Աւելորդ է ուրեմն ըսել, ես յարգած եմ մեր ազգային ծագման մասին հայ նախնի պատմագիրներուն աւանդութիւնները: Հայկ Նահապետը դէմք մըն է. քառասուն դարերէ ի վեր, մերթ պայծառ, մերթ միգամած երկինքէ մը կը ժպտի: Հայուն Երկի՛նքը. Ոճիր մը պիտի ըլլար հրաժարիլ Հայկի ու Բելի պատմութենէն, առասպել իսկ ըլլար ան: Միայն դեռ, այդ պատմութեան չսկսած, փափաքեցայ մեր ընթերցողներուն ներկայացնել նախնական խիստ կարեւոր գիտելիքներ, որոնք իբր նախադուռ պիտի ծառայեն անշուշտ, եւ որոնք քաղուած են յարգելի ԼԷՕԻ Ս. ՄԵՍՐՈՊ-էն:

«Հայկականց» կոչուած շրջանէն, միայն վաւերական նկատուածները կարգով պատմելէ յետոյ, անցած եմ Մակեդոնական տիրապետութեան, այն շրջանի ժամանակակից յոյն, լատին պատմագիրներուն հետեւելով, յետոյ, մինչեւ ցարդ Արշակունեանց հարստութիւն յորջորջուած շրջանը յարմար դատած եմ կոչել Արտաշէսեան կամ Արարատեան հարստութիւն, ինչպէս պիտի տեսնուի իր կարգին:

Քառեակ հարստութիւններէն վերջ, երբ հայ ազգը վերջնականապէս կը զրկուի իր քաղաքական անկախութենէն, երբ զանազան կողմերէն կը խուժեն թշնամիները, երբ Հայոց Աշխարհը կը մտանուի անիշխանութեան, ա՛յդ թուականէն կը սկսի նոր շրջան մը, որ հինգ վեց դարերէ ի վեր կը տեւէ մինչեւ ցայսօր: Այդ շրջանը ջանացած եմ հնարաւոր մանրամասնութիւններովը պատմել, մանաւանդ երկրագունդիս զանազան կողմերը գաղթած, եւ հոն հաստատուած ու այն տեղերու բնակչութեանց մէջ ձուլուած մեր ազգի հատուածներուն կեանքը պատկերացնել իր բազմապատիկ կողմերովը: Յուսալով, թէ սոյն ձեռնարկս պիտի արժանանայ քաջալերութեան, եւ այս կարգի երկասիրութեանց աւելի կատարեալները տեսնելու անկեղծ փափաքով, կը կնքեմ ներածութիւնս:

ՍՄԲԱՏ ԲԻՒՐԱՏ

1912, Պոլիս

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2022