ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻ՛ՒՆ
Դարձեալ եւ մի՛շտ անկեղծութիւն։ Քանի որ մարդկային յարաբերութիւններու լաւ մշակման համար անհրաժեշտ պայման է, էական տարր մըն է անկեղծութիւնը։ Բարոյագէտներ, ընկերաբաններ, եւ նաեւ հոգեբաններ կ՚աշխատին կանոնաւորել մարդկային յարաբերութիւնները եւ երջանիկ կեանք մը ապահովել մարդկութեան։ Ասոր համար հասարակաց եզր մը ունին անոնք, եւ կ՚ըսեն, թէ սէրն է, որ մարդկային յարաբերութիւններուն առողջ կերպով մշակումը կ՚ապահովէ։ Կրօնքն ալ կարեւորութիւն կու տայ սէր տարրին։
Բայց սէրը ինքնին որքա՞ն ազդու կրնայ ըլլալ, երբ կը պակսի անկեղծութիւնը։ Այս կը նմանի այն իրողութեան՝ թէ նորագոյն գործիքներ թէեւ կը դիւրացնեն կեանքը, բայց եթէ խզուի ելեկտրական հոսանքը, ապա ուրեմն ի՞նչպէս պիտի գործածուին անոնք, քանի որ բոլորն ալ ելեկտրական հոսանքով կ՚աշխատին…։
Սէրը, արդարեւ ազդո՛ւ միջոց մըն է մարդկային յարաբերութիւններու աճմանը համար, եւ սակայն սէրը երբ խաթարուի կամ խախտի անկեղծութեան պակասին պատճառով՝ այլեւս չի՛ կրնար կատարել իր կենսական դերը եւ սիրոյ հանգամանք չ՚ունենար այդ զգացումը, թերեւս խաբէութիւն կամ խարդախութի՛ւն…։
Երբ սիրոյ մասին է խօսքը՝ անկեղծութիւնը անհրաժե՛շտ տարր մըն է այդ սրբազան, աստուածային զգացումին մէջ։
Սիրոյ արտայայտութիւնը կարելի չէ սահմանափակել սեղմ շրջանակի մը մէջ. կան արտայայտութեան ձեւեր՝ որ ըստ երեւոյթի անհաճոյ են, բայց սէր կը բղխի անոնց մէջէն, կան նաեւ արտայայտութիւններ՝ որ անուշ կ՚երեւին, բայց անոնց խորերէն ատելութիւն կը ժայթքէ։ Եւ որքան գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ այս երեւոյթը՝ երբ ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ աւելի նախընտրելի է անկեղծ թշնամիին ապտակը, քան կեղծ բարեկամին սուտ համբոյրը։ Զոր օրինակ, հայրական յանդիմանող ժպիտ մը շատ աւելի անկեղծ սէրը կ՚արտայայտէ, քան նախանձոտ եղբօր մը սուտ փայփայանքը…։
Ուստի անկեղծութիւնը մարդասիրութեան նախապայմանն է՝ անհրաժեշտ տարրը եւ ո՛չ սիրոյ արտայայտութեան կերպը։ Տիրապետելու փառատենչութիւնը սիրոյ մէջ գնործ չունի երբեք. սիրոյ միջոցով տիրապետելու մտադրութիւնը կ՚ապականէ այդ վեհ զգացումը, այլ զայն կը փոխէ ատելութեան։
Եսամոլութիւնը, ինքնասիրութիւնը եւ նախանձը, դժբախտաբար մարդկային բնութեան մէջ քիչ ծաւալ չեն գտած։ Արդեօք համարձակի՞նք ըսել, թէ մարդուս «սեփական ախտ»երէն են ասոնք։ Եւ որքա՜ն աւերներ են գործած այդ նկարագիները կեանքի մէջ։ Մարդուս մէջ արմատացած այս «ախտ»ը չկարծուի, թէ կարելի չ՚ըլլար տկարացնել, ոչնչացնել եւ բոլորովին ջնջել։
Ուստի եսասիրութեան դէմ, նախանձին դէմ պէտք է զոհողութիւն, նուիրականութիւն եւ ծառայելու պատրաստականութիւն կամ կարողութիւն։ Մարդ կարող է, տարողութիւնը ունի յաղթահարելու ամէն վատ զգացում՝ որ պատճառ պիտի ըլլայ իր անկման վերջապէս։
Մարդ եթէ կարող չէ մեծ գործ մը կատարելու, մեծը գործ կատարողին պէտք չէ նախանձի։ Նախանձով ո՛չ ոք կրնայ ուրիշէ մը աւելի մեծ գործ կատարել, բայց միայն սիրով, գործակցութեամբ, իրերօգնութեա՛մբ։
Մարդ փոխանակ նախանձելու՝ պէտք է իր կարելին ընէ իր սեփական կարողութիւններով՝ իր տարողութեան չափով։ Նախանձը, ատելութիւնը մարդկային ընկերային կեանքը անշարժութեան եւ ամլութեան կը մատնեն, արգելք կը հանդիսանան գործողին, աշխատողին եւ բոլոր բարեգործութիւններուն։ Ուստի սիրող սիրտ մը՝ անկեղծ սիրով լեցուած հոգի մը «մարդ»ը կ՚ընդունի ամբողջութեան մէկ մասը, որուն ինքն ալ մաս կը կազմէ, ինքն ալ անդամ է, ուր ո՛չ նախանձ կայ եւ ոչ ալ ատելութիւն եւ ոչ մէկ յոռի նկատողութիւն, կիրառութիւն։
Ուրեմն երբ «սէ՜ր, սէ՜ր…» կ՚ըսենք, պահ մը պէտք է խորհինք. ի՜նչպիսի սէր։ Մակերեսային, ի ցոյց մարդկան ցուցաբերուած սէ՞ր, թէ անկեղծ եւ իսկական սէր։ Անշուշտ մենք ալ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընթայենք սէր տարրին, բայց սիրոյ տրուած արժէքը, սիրոյ ըմբռնումը ըստ իր իսկական իմաստին ընդնունուած «սէր»ն է, որ կ՚արժէ տեսնել եւ ընդուիլ որպէս անհրաժեշտ տարր մարդկային յարաբերութիւններու։
Շատեր սէրը եւ սիրելը «բերնի ծամոց» ըրած են. ամէն առիթով կը կրկնեն այդ «բառ»երը, բայց միայն «բառ» ըլլալով, գործնականի մէջ կ՚ատեն եւ չեն սիրեր։ Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը. քանի հոգիի համար կրնաք ըսել, թէ իսկական, անկեղծ սէր ունին, իրական սիրոյ զգացումը ունին իրարու նկատմամբ։ «Կը սիրեմ» ըսողներ սիրոյ համար ի՞նչ կ՚ընեն։
Երբեք խորհա՞ծ էք. ծնողներ, որ երեւութապէս կը սիրեն իրենց զաւակները, բայց սիրելու համար ո՛չինչ կ՚ընեն, կը սիրեն միայն խօսքով, կը սիրեն, քանի որ անոնք իրենց զաւակներն են, բայց չե՛ն սիրեր անոնք իրենց իսկական ինքնութեամբ։ Այսպիսի սիրոյ կերծ արտայայտութիւն մը համազօր է ինքնայագեցումի, անձնամոլութեան, քանի որ այդպիսիներ կը սիրեն՝ քանի որ իրենց սիրած կարծածը իրենց կը պատկանի, իրենք են անոր «տէր»ը, եւ ո՛չ մէկը կ՚ուզէ, որ իրեն պատկանածը վնասուի…։
Արդարեւ իրենը ըլլալուն համար սիրել՝ սիրել չէ՛։ Իրեն պատկանածը պահել, պաշտպանել բնական զգացում մըն է, բայց պէտք չէ սիրոյ զգացումին հետ շփոթել զայն։ Սէրը շատ աւելի բարձր զգացում մը, առաքինութիւն մը՝ ազնուութեան արտայայտութիւն մըն է։ Սէրը հետաքրքրութեան հետ ալ պէտք չէ շփոթել։ Սէրը «ինքզինք տեսնել» է ուրիշին մէջ…։
Հոս, հարցում մը կարելի է ներկայացնել։
Մարդ ոեւէ մէկը կը սիրէ իրեն մօտ ըլլալո՞ւն համար, թէ ոչ՝ սիրածը մօտ կը զգայ։ Այս իմաստով՝ սէրը պէ՛տք է ունենայ գիտակցութի՛ւն, թէեւ ան զգացում մըն է։ Զոր օրինակ, ծնողներ, անշուշտ, որ կը սիրեն իրենց զաւակները, բնականաբար եւ բնազդաբար։ Բայց կարեւորը՝ այդ սիրոյ տրուած իմաստը եւ գործադրելիութիւնն է։ Իմաստին հասնելու համար ալ գիտակցութիւնը պայմա՛ն է, նաեւ զգացում մը գործադրելիի վերածելու համար ալ խորանալ պէտք է անոր ընդհանուր էութեան մէջ։
Սիրելի բարեկամ ընթերցող, սիրելու համար մարդ պէ՛տք է սէր ունենայ իր սրտին մէջ. քանի որ մա՛րդ իր չունեցածէն ո՛չինչ կրնայ տալ ուրիշին. իսկ ունեցածը տալ զոհողութիւն կը պահանջէ, եւ զոհողութիւն ընել՝ ազնիւ եւ առաքինի, ընտիր մարդու գործ է։
Ուրեմն սիրենք, սիրենք ո՛չ միայն խօսքով, երեւութապէս, այլ ամբողջ սրտով, անկեղծ, սիրել այնպէս, ի՛նչպէս թէ մեր սիրածը մե՛նք ըլլայինք, սիրենք, քանի որ սիրել կը նշանակէ ազնիւ, առաքինի, ընտիր ըլլալ, մէկ խօսքով՝ մա՛րդ ըլլալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 30, 2015, Իսթանպուլ