ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոք այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Հիւր ղեկավարը յետմիջօրէի ժամերուն կը հասնի մայրաքաղաք Անգարա, ուր պետական արարողակարգով կը դիմաւորուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան ընթացքին ծաւալուելիք քննարկումներուն ժամանակ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին բոլոր երեսակներով։ Բանակցութիւններու ընթացքին կը շօշափուին նաեւ այն քայլերը, որոնք կրնան նպաստել երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման։ Կողմերու միջեւ կարծիքի փոխանակումներ ալ տեղի կ՚ունենան միջազգային կամ տարածաշրջանային բնոյթով արդի խնդիրներու շուրջ։

Հերցոքի այցելութեան առթիւ Թուրքիա ժամանած է րաբբի Մարք Շնայըր, որ կը գլխաւորէ Բարոյագիտութեան հիմնարկը, որու կեդրոնը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հերցոքի այցելութեան ընդառաջ ան տեղական մամուլին յայտարարած է, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը նպաստէ նաեւ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ-է ներս թրքական եւ հրէական հաւաքականութիւններու միջեւ անցեալի երկխօսութիւնը խզուած է։ Այժմ այդ մէկն ալ կրնայ վերանորոգուիլ։ Բաց աստի, թրքական կողմը կրնայ նպաստ ապահովել Իսրայէլ-Պաղեստին խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։

Մարք Շնայըր համոզուած է, թէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ տնտեսական առումով կ՚ընթանայ գործընկերութիւն։ Նոր խանդավառութիւն մը եւ յոյս մը կայ, որպէսզի այդ մէկը տեղափոխուի նաեւ քաղաքական հարթութիւն։ Րաբբի Շնայըր կ՚ակնկալէ, որ Էրտողանի եւ Հերցոքի այս օրուան առաջին հանդիպումը պէտք է սկզբնաւորէ տեւական գործընթաց մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022