ՆԵՐԿԱՅ ԱՆՑԵԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿ

Ներկայ անցեալ, թէ անցեալ ներկայ ժամանակ՝ խառնաշփոթ շիլաշփոթ մը: Ո՛չ, ոչ, խօսքը ամենեւին քերականական եղանակներու մասին չէ՝ անցեալ-ներկայ կամ ներկայ-անցեալ ժամանակ: Նորէն շուարեցայ: Խօսքը մեր ներկան ու անցեալը պղտորած, ապագան անորոշութեան մատնածի մասին է:

Հայերէնի բառերը անգամ գերութեան մէջ են ներկայիս: Պղծուած ու անարգուած են, կորսնցուցած՝ իրենց երբեմնի փայլքն ու գեղեցկութիւնը: Ինչո՞ւ... Քանզի անպատեհ պահու մը, երբ հայը կ՚ողբար իւր մատղաշ որդւոց անժամանակ կորուստը, ինչպէս նաեւ իւր աստուածատուր հայրենիքի մեծ մասի յանձնումը, վաճառքը՝ արեան ծովու գնով, այդ բառերը արտաբերուեցան դաւաճանի մը շուրթերէն: Եւ քանի դեռ դեւը կ՚իշխէ հայոց աշխարհի վրայ, այդ բառերը պիտի շարունակեն մնալ գերութեան մէջ:

Հպարտ, նախկին, դժբախտ, տժգոյն, ժողովուրդ...

Մեր երկիր-դրախտավայրը այնքան շատ կոչեցին դժոխք, որ վերածուեցաւ իրական դժոխքի: Անէծք մը ունինք՝ այրուիս դժոխքի կրակներու մէջ կամ դժոխքի բաժին դառնաս: 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին հակառակորդի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հոլովոյթին հայ զինուորը, հայ մարդը անցաւ կրակի մէջէն, դարձաւ կրակի բաժին: Երկինքէն կրակ կը թափէր արցախցիներու գլուխին:

Այն պահուն, երբ անցեալը հրաժեշտ կու տայ մեզի, այլեւս կը կորսնցնէ իւր ստուերը տեսադաշտէն՝ կը դառնայ քաղցր ու ցանկալի: Կը սկսինք զինքը յիշել երանութեամբ: Մինչդեռ երբ անցեալը ներկայ էր, մենք դժգոհ ու ապերջանիկ էինք: Անդադար կը փնովէինք ու կը տրտնջայինք: Բարի: Ինչո՞ւ մարդ չի գնահատեր ներկան: Մշտապէս կը սաւառնի կա՛մ անցեալի կամ ապագայի մէջ: Չէ՞ որ միեւնոյնն է, վերջակէտը ներկան է: Ինչո՞ւ մենք մեր ներկան չենք գնահատեր ու սիրեր: Ինչո՞ւ ներկան կը քաղցրանայ, երբ կը վերածուի անցեալի: Ինչո՞ւ: Կը դժուարանամ պատասխանելու:

Ոչինչ փոխուած է: Տիրոջ հասցուցած ապտակները որոշ ժամանակ կը ցաւեցնեն, այնուհետեւ կը մատնուին մոռացութեան: Այնուհետեւ, մենք կը շարունակենք քշել մեր էշը՝ սիրել մեղքը եւ խորտակուիլ անոր յատակը:

Այժմ շատեր կորսնցուցած են ժամանակի զգացողութիւնը: Աւելի ճիշդ՝ այլեւս ապագայի մէջ շատ չեն սաւառնիր, կ՚ապրին ներկայով, տուրք տալով անցեալին: Ապագան կը թուի անհաս ու անորոշ: Մշուշապատ է, ոչինչ կ՚երեւի: Ոմանց կը թուի, թէ իրենք կ՚ապրին ներկայով, սակայն այս լոկ խաբկանք մըն է: Իրականութեան մէջ ներկայի մէջ է միջուկը՝ համը, հոտը, երջանկութիւնը, ուրախութիւնը: Եթէ սորվէինք ապրիլ ներկայով, սիրել ու գնահատել զայն, այդ պարագային պիտի ըլլայինք շնորհապարտ, գոհ ու երջանիկ:

Ես նոյնպէս չսորվեցայ ապրիլ ներկայով: Պատեհ-անպատեհ առիթի կը լքեմ զայն: Մենք կը սիրենք ազատութիւնը, սակայն չենք սիրեր ապրիլ ազատ: Ազատութեան մէջ կը մոլորուինք, կը նեղուինք, կը ձանձրանանք: Ահաւասիկ, ներկան է, որ կու տայ մեզի ազատութիւն: Թերեւս այս է պատճառներէն մին, որ կը խուսափինք ներկայէն:

Իսկ եթէ պահ մը փորձենք վայրէջք կատարել ներկայի մէջ, առանց շտապելու ո՛չ ապագայ, ո՛չ ալ անցեալ, տեսէք, թէ ինչ հանգստութիւն ձեռք պիտի բերենք: Դրախտային վայելքներ: Մեր հոգին կը սկսի ճախրելու: Լիաթոք հանգստութեան, խաղաղութեան ու բաւարարուածութեան զգացում մը: Տեսնես ինչու գնացքը այս կանգառին մէջ երբեք երկար չի կենար...

Ըսեմ աւելին՝ ներկան միշտ կեցած է, ներկայի մէջ շարժ չկայ: Ներկան կը բուրէ: Աճապարանքի մէջ այդ հոտն անգամ չենք կրնար զգալ: Աճապարանքի մէջ ալ երբեմն կը հիւսենք այսպիսի տողեր.

Կա՛նգ առ ակնթարթ ուզում եմ որսալ
Ամէն բան ինչ կը կատարուի հիմա,
Ուզում եմ յիշել, ուզում եմ հասնել,
Ու ամէն բանի գնալ ընդառաջ:
Բայց դու ակնթարթ, անցար ու չկաս
Գնացիր, չկաս, չես լինի երբեք,
Բայց ես չեմ ուզում ակնթարթ գնաս,
Մնայ մի քիչ էլ ու նորից գնայ:
Բայց վազում ես դու, վազում ամէն պահ,
Չեմ կարողանում որսալ ոչ մի պահ,
Չեմ կարողանում ակնթարթն այդ կարճ,
Վերյիշել յաւէտ ու պահել անվերջ:

Ըստ իս, ակնթարթը միշտ կը կենայ: Այդ մենք է, որ միշտ կը շտապենք ու կը սլանանք անոր քովէն: Եկէ՛ք, սորվինք ապրիլ ներկայով: Զգալ, վայելել ու շնորհապարտ ըլլալ Տիրոջ՝ մեզի զայն ընձեռելու համար:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022