ՍՏԵՂԾՈՒԵՑԱՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ
Զբօսաշրջութեան հայկական հիմնարկին մէջ ստեղծուեցաւ գիտական զբօսաշրջութեան բաժին մը։ Նիւթին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեց Զբօսաշրջութեան հայկական հիմնարկի վերատեսուչ Ռոպէրթ Մինասեան, որ ըսաւ, թէ յիշեալ կառոյցը ստեղծուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ եւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանատան համագործակցութեամբ։
Ան այս առթիւ նշեց, թէ առանց գիտութեան անկարելի է, որ զարգանայ որեւէ ոլորտ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութիւնը։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ է, որ նոր մօտեցումներով, նոր մտայղացումներով մարդիկ ըլլան, որպէսզի Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտը համապատասխանէ համաշխարհային պահանջներուն։
Հայկական Աստղագիտական ընկերութեան համանախագահ Արեգ Միքայէլեանն ալ նշեց, թէ աշխարհի վրայ հազուագիւտ երկիրներու մէջ միայն կը զբաղին գիտական զբօսաշրջութեամբ։ Օրինակ բերելով Բիւրականի աստղադիտարանը՝ Արեգ Միքայէլեան նշեց, որ թէեւ ան Հայաստանի ամենաշատ այցելու ընդունող վայրերէն մէկն է, սակայն դուրս կը մնայ զբօսաշրջական ընկերութիւններու ուղեցոյցներէն։ Ան ըսաւ, որ գիտական զբօսաշրջութեան թիրախը պէտք է ըլլան ո՛չ միայն արտասահմանէ ժամանած հիւրերը, այլ նաեւ՝ երկրի քաղաքացիները։
Իսկ Ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան անդրադարձաւ դէպի հնավայրեր զբօսաշրջային հոսքերու ապահովման խնդրին։ «Մամուլի մէջ երբեմն լուրեր կը յայտնուին Հայաստանի այս կամ այն հնավայրին մէջ կատարուած հետաքրքրական յայտնագործութիւններու վերաբերեալ։ Առանց մեր հնագէտներուն, ես անգամ պիտի չայցելէի Հայաստանի բաւական հետաքրքրաշարժ վայրերը։ Այդ առումով շատ կարեւոր է զարգացնել գիտական զբօսաշրջութիւնը, որ երկիր պիտի բերէ զբօսաշրջիկներու նոր հոսք մը», ըսաւ ան։