ՄԱՐԻՔԱ ՆԻՆՈՒ. 100-ԱՄԵԱԿ

Հայ կիներուն միամսեակին առթիւ յիշենք Մարիքա Նինուն՝ յունական քաղաքային երգերու անզուգական կատարող հայ երգչուհի՝ Էվանկելիա Ադամեանը: Մարիքա Նինու անունով ծանօթ երգչուհին այս տարի 100 տարեկան դարձաւ:

Երգչուհին ծնած է 1922 թուականին «Էվանկելիստրիա» նաւուն վրայ, երբ նաւը Եգէական ծովով փախստականներ կը փոխադրէր, որոնց մէջ էր Ադամեաններուն ընտանիքը: Ոչ սովորական պայմաններու տակ լոյս աշխարհ եկած հայուհին յետագային պիտի դառնար Յունաստանի երգարուեստի կնոջական ամենալաւ ձայներէն մէկը, շատ մը երգիչներու, արուեստագէտներու ներշնչանքը եւ այսօր ալ տակաւին Յունաստանի մէջ կենդանի է անոր յիշատակը:

Հակառակ երիտասարդ տարիքին մահացած ըլլալուն՝ Մարիքա Նինուն անջնջելի հետք ձգած է յունական արուեստին մէջ, իսկ իբրեւ հայ նոյնպէս կը յիշուի, քանի որ համայնքային շրջանակներուն մէջ նոյնպէս գործած է: 1983 թուականին նկարահանուած «Ռեպեթիքօ» ժապաւէնին նիւթը ստեղծուած է Մարիքա Նինուին կեանքէն ներշնչումով։

ԾՆՈՒՆԴԸ

Հին աւանդութեան համաձայն, եթէ նաւուն վրայ երեխայ մը ծնի, անոր կնքահայրը նաւապետը կ՚ըլլայ: Ահաւասիկ, նաւապետը այս նորածինին կու տայ նաւուն անունէն ծագած անուն մը՝ Էվանկելիա: Նաւուն վրայ էին Էվանկելիայի մայրը, երկու քոյրերն ու ութամեայ եղբայրը՝ Պարգեւ Ադամեանը: Ընտանիքին հայրը՝ կեսարացի ժամագործ Հայկ Ադամեանը, կը սպաննուի Իզմիրի աղէտալի օրերուն: Երբ նորածինը կը ծնի, կը կարծեն, թէ պիտի չապրի, զայն կը դնեն նաւուն նկուղը, բայց աղջիկը հրաշքով ողջ կը մնայ, եւ գաղթական տէր հայր մըն ալ նաւուն վրայ կը մկրտէ զայն:

Ընտանեօք Քոքինիա կը հաստատուին, Մեղարոն փողոց, թիւ 50։

Քոքինիա լեցուած հայ եւ յոյն գաղթականներուն կեանքը դիւրին չէր, Էվանկելիային ընտանիքը նոյնպէս կը դիմագրաւէ այդ դժուարութիւնները՝ աղքատութիւն, անգործութիւն։ Աղջնակը եօթ տարեկանին կը յաճախէ Քոքինիոյ Ազգային Զաւարեան նախակրթարանը։ Երգի ուսուցիչը կը քաջալերէ զայն կիթառակ (մանտոլին) սորվելու, ու Էվանկելիան քանի մը տարի ետք կը մասնակցի «Զաւարեան» ակումբի նուագախումբին։ Գեղեցիկ ձայնին պատճառով կը մասնակցի նաեւ շրջանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին։

1939 (որոշ տուեալներով՝ 1940) թուականին ան կ՚ամուսնանայ համայնքէն Հայկ Մեսրոպեանին հետ եւ 1943 թուականին կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը՝ Յովհաննէս։

Բ․ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, գերմանացիներուն գրաւման շրջանին, Մարիքա Նինուն եղբօր՝ Պարգեւին հետ կ՚երգէ Քոքինիոյ եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ։ Միաժամանակ յոյն երաժիշտ, հեղինակ, պուզուքիի մեծ վարպետ, երգիչ Վասիլիս Ցիցանիի հետ կ՚երգէ ժողովրդային համբաւաւոր Աթիք երգիչին պարտէզին մէջ, ծանօթ իբրեւ «Մանտրա տու Աթիք»։ Հոն կը համախմբուին այդ օրերու մեծագոյն յօրինողներ, բանաստեղծներ եւ լրագրողներ:

Սակայն Բ․ Համաշխարհային պատերազմին կը յաջորդեն ներգաղթն ու արտագաղթը։ 1947 թուականին միայն Փիրէի նաւահանգիստէն «Չուքոտքա» խորհրդային նաւով կը ներգաղթեն 2000-է աւելի յունահայեր, կէսէն աւելին՝ Քոքինիոյ շրջանէն: Անոնց մէջ կ՚ըլլայ նաեւ Հայկ Մեսրոպեանը, որ կը ձգէ կինն ու որդին ու կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան: Արդէն զոյգին մէջ անհաշտութիւն կար։ Հայկ Մեսրոպեան սակայն, առանց ամուսնալուծուելու, Խորհրդային Հայաստանի մէջ կրկին կ՚ամուսնանայ եւ հինգ զաւակ կ՚ունենայ։

Էվանկելիան 1944 թուականին կը ծանօթանայ Նինոս կեղծանունով Նիքոս Նիքոլայիտիս լարախաղացին հետ։ Երկուքը միասին «Տուօ Նինօ» մականունով կը սկսին շրջապտոյտները գլխաւորաբար Պեղոպոնէզի շրջանը։ Կ՚ամուսնանայ եւ կը դառնայ տիկին Էվանկելիա Նիքոլայիտու։ Հետեւելով սկեսրոջ առաջարկին՝ Էվանկելիա անունը կը փոխէ Մարիքա անունով: Սկեսուրը դերասանուհի ըլլալով, անոր կ՚առաջարկէ Մարիքա անունը, որովհետեւ հանրածանօթ Մարիքա Քոթոփուլի դերասանուհիին հռչակը տեսած էր: 1948 թուականին անոնց կը միանայ հինգամեայ Յովհաննէսը եւ խումբին անունը կը փոխուի՝ «Երկուքուկէս Նինօ»ի։ Այդ ներկայացումներուն ընթացքին Մարիքան ատենը անգամ մը յունական ժողովրդային երգեր կ՚երգէ։

Քանի մը անգամներ կը հրաւիրուին Սալամինայի նաւային խարիսխը, լարախաղերու համար։ Այդ ներկայացումներէն մէկուն ընթացքին, նաւապետը որ արեւելեան եւ յատկապէս թրքական մեղեդիներ սիրող մըն էր, Մարիքայէն երգ մը կը խնդրէ։ Մարիքան երկչոտ կերպով կ՚ընդառաջէ նաւապետին խնդրանքին եւ թրքական երգ մը, որ մօրմէն սորված էր, կ՚երգէ։ Նաւապետը գոհ կը մնայ, սակայն ներկաներէն աւելի կ՚ոգեւորուի Փեթրոս Քիրիաքոս: Ան Մարիքան կը ներկայացնէ ժողովրդային երգի հանրածանօթ Մանոլիս Խիոթիս երգիչին, որ նաեւ յօրինող եւ քնարերգակ էր։

Ուսումնասիրողներ նկատած են, որ Մարիքա Նինուի ասպարէզին ամրապնդման սկզբնական քայլերը կը զուգադիպին Բ․ Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան Յունաստանի տարածքին մէջ ծագած քաղաքացիական պատերազմին՝ համայնավարական եւ հակահամայնավարական ուժերուն միջեւ․ պատերազմը կը վերջանայ 1949-1950 թուականներուն։

1948 թուականի յունիսին, Մանոլիս Խիոթիս հմայուած Մարիքա Նինուէն՝ զայն կը հրաւիրէ եւ հետը երկու երգ կ՚արձանագրէ: Կը թողարկուին «Ժամեր թաքուն կը դիտեմ քեզ» եւ «Գաղտնիքս քեզի պիտի ըսեմ» խորագրերով ձայնապնակները: Այդ առաջին ձայնասկաւառակները այսօր ալ որպէս հնագոյն երաժշտական արժէքներ, ձեռքէ ձեռք կ՚անցնին:

Այդ տարիներուն զուարճանալու տարածուած միջոց մըն էր «կապելա»ն, ուր ժողովրդական բեմէն երգիչները կ՚երգէին մանաւանդ՝ յոյն հասարակութեան մէջ, յատկապէս աշխատաւոր, բանուոր դասակարգերուն համբաւ ունեցող ռեպեթիքօ ժանրի քաղաքային յունական երաժշտութիւն։

Ռեպեթիքօ քաղաքային-ժողովրդային երգը սկիզբ առած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան․ նախ կը զարգանայ Յունաստանի քաղաք-նաւահանգիստներուն մէջ Փիրէ, Սելանիք, Վոլօ, ուր կ՚ապրի ռամիկ բնակչութիւն՝ բանուոր, արհեստաւոր, եւ ապա կը թափանցէ քաղաքային «կապելայ» կոչուած կեդրոնները։

Երգի բնագաւառին դռները լայնօրէն կը բացուին Մարիքա Նինուին առջեւ:

1948 թուականի հոկտեմբերին, Մարիքան կ՚ընդառաջէ առաջարկին եւ կ՚ընկերակցի երգեհոնահար եւ ժողովրդային երգիչ Ստելաքիս Փերփինիատիսին «Ֆլորիտա» կոչուած կապելայ-կեդրոնին մէջ՝ Ալեքսանտրաս պողոտայ, Աթէնք։

1948 թուականի նոյեմբերին Մարիքան կը գործակցի Եաննի Փափայոանուին հետ եւ «Տղուն գլուխը կերար» երգին սկաւառակը կը ձայնագրէ։

Ըստ համայնագիտարանի տեղեկութիւններուն, 1949 թուականին Մարիքա Նինուն յօրինող եւ քնարերգակ Եորղօ Միցաքիսին երգերէն մի քանիին սկաւառակը կը ձայնագրէ։ Նոյն տարուան հոկտեմբերին, կը ձայնագրէ Վասիլի Ցիցանիին երգը՝ «Սիրած աչքերուս համար»։

Երգչուհիի իր ասպարէզին կարեւոր շրջադարձը կը պատահի քանի մը ամիս ետք, երբ կը սկսի երգել Աթէնքի հանրածանօթ «Ծիմի թու խոնտրու» կապելայ-կեդրոնին մէջ, Վասիլի Ցիցանիսին հետ. վերջինս Մարիքային յետագայ յաջողութիւններուն գլխաւոր ուղեկիցը պիտի դառնայ, հակառակ անոր, որ մշտապէս կը վիճին․ երկուքն ալ զօրաւոր նկարագրի տէր էին, եւ վէճը բնական էր նման արուեստագէտներու միջեւ:

Նինուն շուտով Ցիցանիսին մուսան կը դառնայ։ Սակայն ռեպեթիքօ երաժշտութեան բնագաւառին մէջ Մարիքան իր ներկայութիւնը կ՚ամրապնդէ շնորհիւ Փացիֆաս անունով ձեռներէց նորարարի ներդրումին․ ան Մարիքա Նինուին անունը հանրածանօթ կը դարձնէ։

1951 թուականին, Փացիֆաս զուգահեռ կերպով Նինուին 33-նոց երկու սկաւառակներ ձայնագրել կու տայ, առաջինը՝ յենուած Մանոս Խածիտաքիսին երաժշտութեան վրայ, իսկ երկրորդը՝ Ցիցանիսի յօրինած ռեպեթիքոներով։

Նոյն տարին, Ցիցանիսն ու Էվանկելիա Մարղարոնին ելոյթ կ՚ունենան Իսթանպուլի «Քազապլանքա» կեդրոնին մէջ, յաջողութիւնը բացառիկ էր: Ելոյթներուն հասոյթը հետեւեալ կերպով կը բաժնուի․ 3 ոսկեդրամ Ցիցանիսին, 2 ոսկեդրամ Նինուին եւ 1 ոսկեդրամ Մարղարոնին։ Իր վարձատրութեան ոսկեդրամով, Մարիքան Էղալէօ քաղաքին մէջ (Քոքինիոյ հիւսիս-արեւմուտքը), կը ձեռնարկէ իր բնակարանի շինութեան։ Սակայն իր ու Ցիցանիսի ճամբաները կը բաժնուին, կ՚որոշուի ամէն մէկը երթալ իր ճամբով:

Յունաստանի քաղաքացիական կռիւները կ՚աւարտին ձախակողմեան ուժերու պարտութեամբ։ Երկրին մէջ արուեստը տագնապի առջեւ կը կանգնի, այդ կարգին՝ ռեպեթիքօ ժանրը։ 1952-1955 թուականներուն համբաւի արժանացած մեծագոյն աստղերը՝ ժողովրդական երգահաններ կամ պուզուքիի ճարտար նուագածուներ, շատ մեծ դժուարութեամբ գործ կը գտնեն։

Այդ տարիներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ յունական երգերու մեկնաբանութիւններէն հասոյթը շատ մեծ էր: Հոն ձեւաւորուած յունական հսկայ գաղութը կարօտ ունէր յունական երգերու, մանաւանդ ռեպեթիքոյի։ Նինու 1955 թուականին Միացեալ Նահանգներ կը տեղափոխուի՝ հիմնական երկու պատճառներով. եղբօրը քառանդամ ընտանիքը եւ իր զաւակը՝ Յովհաննէսը իր նիւթական հոգատարութեան կարիքը ունէին, եղբայրը՝ Պարգեւը քաղցկեղէ կը տառապէր։

1954 թուականին յայտնի կը դառնայ, որ իր մարմնին մէջ ալ քաղցկեղը բոյն դրած է: Աթէնքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ գործողութեան կ՚ենթարկուի։ Քանի յայտնի էր, որ Ամերիկայի մէջ այդ հիւանդութեան համար բուժման միջոցները աւելի յառաջացած են, կ՚որոշէ մեկնիլ։

Ամերիկա մեկնումին եւ հոն կեցութեան ու բուժման ծախսերուն համար անոր կ՚օգնեն արուեստագէտներ: 1956 թուականին երգչուհին Յունաստան կը վերադառնայ եւ հակառակ անտանելի ցաւերուն, գործի կը լծուի մինչեւ 1957 թուականի փետրուարի սկիզբները։

1957 թուականի փետրուարի 22-ին, Էղալէոյի իր բնակարանին մէջ Մարիքա Նինուն կը մահանայ․ ան հազիւ 35 տարեկան էր։ Կը յուղարկաւորուի Նէափոլիի գերեզմանատան մէջ, եղբօրը Պարգեւի կողքին: Պարգեւ մահացած էր 1955 թուականին՝ 42 տարեկանին։

Մարիքա Նինուի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ խուռներամ պարզ ժողովուրդի ներկայութեամբ։ Ներկայ կը գտնուին նաեւ Ցիցանիս, Խիոթիս, Մերի Լինտա, Աննա Խրիսաֆի, Փոլի Փանու, Սոթիրիա Պելլու, Ծիմի Խոնտրոս, Փափայոաննու, Մարքոս Վամվաքարիս, Ղ․ Ղափլանիս, Քերոմիթիս եւ ուրիշ հանրածանօթ երաժիշտներ։ Մարիքա Նինու գրեթէ ոչինչ կը ձգէ հարազատներուն: Էղալէոյի բնակարանը կը բռնագրաւուի կարգ մը խաբեբաներու կողմէ:

Ընտանիքը ազգագրագէտ Իլիաս Փեթրոփուլոսի օգնութեամբ կը փորձէ Նիքոս Փարասքեւոփուլոս անունով անձին սեփականութեան անցած Նինուին տունէն փաստաթուղթերն ու վաւերագրական առարկաները յայտնաբերել եւ ձեռք ձգել․ քանի մը ձայնապնակ, այդ օրերու թերթերու յօդուածներ, երկու սկաւառակ՝ ուր իր զաւկին կը խօսի, չնչին թիւով լուսանկարներ, անցագիրն ու անձնաթուղթը, արհեստաւորի տետր եւ երկու ձայնաժապաւէններ։ Սակայն անկարելի կ՚ըլլայ։

1974 թուականին միջազգային համբաւի արժանացած յօրինող Մանոս Խածիտաքիս անոր յիշատակին կը նուիրէ իր «Փերիքս» ձայնապնակը։

Մարիքա Նինու մասնակցած է 174 երգերու ձայնագրման, որոնց մեծ մասը ինք երգած է:

Այս երգերէն մէկ երրորդը Ցիցանիին կը պատկանին եւ մնացեալը քսան ուրիշ յոյն յօրինող կամ քնարերգակներու։

174 երգերէն 119-ը իբրեւ առաջին ձայն կ՚երգէ, իսկ մնացեալ 55-ը՝ երկրորդ ձայն։ Ան նաեւ մասնակցած է երեք շարժապատկերի ժապաւէններու մէջ, ուր Ցիցանիին հետ կ՚երգէ:

1954 թուականի ամառը Աթէնքի «Փարնասոս» սրահին մէջ կը ձայնագրէ Ցիցանիին 9 երգը, իսկ 1955-ին «Ծիմի թու խոնտրու» կեդրոնին մէջ՝ 11 երգ։ Առանձին երգած 119 երգերը 78-նոց սկաւառակի մէջ ձայնագրուած են։ Նինու չորս երգերու խօսքերը գրած է․ երկուքը Յունաստան եղած ատեն, երկուքը՝ ԱՄՆ (վերջիններուն նաեւ երաժշտութիւնը)։ Այս ձայնագրութիւններուն մեծամասնութիւնը ԱՄՆ կատարուեցան 1954-1956 թուականներուն, երբ Նինուն հոն էր։ Իր մասին յօդուածներու մէջ կը կարդանք, որ հաւանական է նաեւ, թէ «Liberty»ն վերահրապարակած ըլլայ Նինուին քանի մը հին երգերը, որոնք Յունաստան ձայնագրուած էին։

*

Երգարուեստի բնագաւառէն քանի մը ծանօթ դէմքերու նկարագրութիւնները Նինուի անձին մասին․

- «Բեմին վրայ անմրցելի էր, իր շարժումները ցնցող ուժ մը ունէին, իսկ երբ կ՚երգէր, այնպիսի արտայայտչականութիւն եւ հաղորդակցութիւն կը փոխանցէր ունկնդիրներուն, որ այդ համոզումը կու տային թէ իր նմանը պիտի չծնի երբեք»:

Վասիլիս Ցիցանիս

- «Մարիքա Նինու ճանաչում ստացաւ իբրեւ հնչիւնային մարմնաւորում գոյութիւն ունեցող մարմնի ու ոգիի, ան կը բնակէր այն ժամանակ քաղաքներու ժողովրդային թաղամասերուն մէջ։ Պատահական չէ, որ նման համեմատութիւն ունեցող Պիթիքոցիս եւ Նինու, յունական երգի բուրգի գագաթը կը գտնուին իբրեւ երկու պատմական դէմքեր»։

Երաժշտագէտ Եորղոս Փափատաքիս

- «Մարիքա Նինու գեղեցիկ ու կրքոտ ձայն մըն է, որ ենթարկուած է միշտ ազնուական արուեստի մը հրաւէրներուն, առանց երբեք սահմանները ինքնակամօրէն խախտելու։ Այս արուեստը բնածին քաղաքավարութիւն մը կը պարունակէ, նաեւ՝ ժողովրդային ազնուականութիւն մը»։

Երաժշտագէտ Սոֆիա Սփանուտի, 1951

- «Իր ձայնը կը տիրապետէր մնացեալ ձայներուն։ Մինչեւ այդ օրը կնոջական ձայները միայն ընկերակցելու կը ծառայէին։ Մարիքա Նինուին շնորհիւ երգչուհին դարձաւ տիրող՝ առաջին ձայն... Տեղ մը պալքանեան քէֆով կ՚երգէ, ուրիշ տեղ՝ ներքին արտասուքով։ Թէ՛ Արեւմուտք է, թէ՛ Արեւելք։ Տարբեր ձեւով ըսուած՝ Յունաստա՛նն է ան»։

Ալքիսթիս Փրոթոփսալթի

- «Երգի ֆամ ֆաթալն (ճակատագրական կին) էր՝ յոյզերով լեցուն ու ապրումներով։ Ժողովուրդին ծոցէն ելած՝ իսկապէս մեծահոգի էր... Իր կախարդանքը ձայնին մէջ չի կայանար, այլ իր դրսեւորած հոգիին մէջ»։

Վիքի Մոսխոլիու

- «Հաստատեցի, թէ երգիչ մը կարող է իր ոճը կամ իր խօսելաձեւին մէկ մասը կրկնել, բայց չի կրնար ընդօրինակել իր հոգեկանութիւնը։ Եւ ա՛յս իսկ պատճառով Նինուն անկրկնելի է»։

Ղլիքերիա

- «Փարիզի ձիւնոտ գիշեր մըն էր՝ 1985-ի Յունուարին։ Ականջներուս տակաւին կ՚արձագանգէ Իլիաս Փեթրոփուլոսին հաստատ ձայնը մեր ողջերթի պահուն՝ «Յոյները կ՚անգիտանան, թէ ռեպեթիքոյի մեծագոյն երգչուհին յոյն չէր։ Մարիքա Նինուն հայուհի էր, թէ՛ մօր, թէ՛ հօր կողմէ»։

Եորղոս Ի․ Ալլամանիս

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022