«ՄԻ՛ ՇՆԱՐ»

Երեմիա մարգարէին գիրքին 3-րդ գլուխին մէջ շատ հետաքրքրական բացատրութիւն մը կը գտնենք շնութեան մասին: Շնութիւնը առօրեայ մեր բառապաշարին մէջ համազօր է անբարոյութեան, պոռնկութեան: Սակայն, երբ ուշադրութեամբ կարդանք Երեմիայի մարգարէութեան 3-րդ գլուխը, այնտեղ մեր դիմաց կը պարզուի շնութեան այլ տեսակ մը:

Այսպէս, Տէրը Երեմիայի բերանով կ՚ըսէ իր ժողովուրդին. «Բայց դո՛ւն, թէեւ շատ հոմանիներու հետ շնութիւն ըրիր, նորէն Ինծի դարձիր, կ՚ըսէ Տէրը» (Եր 3.1): Այստեղ շնութիւն եւ հոմանի բառերը պէտք չէ հասկնալ բառացիօրէն: Այստեղ «շնութիւն ըրիր» ըսելով կը հասկցուի այն, թէ Իսրայէլի ժողովուրդը ըլլալով Տիրոջ ընտրեալ ժողովուրդը, զԱստուած ձգելով հեռացած էր Աստուծմէ եւ այլ աստուածներ՝ հոմանիներ սկսած էր պաշտել կամ մեծարել: Այլ խօսքով՝ Աստուծմէ հեռանալ եւ կռապաշտ դառնալ կը նշանակէ «շատ հոմանիներու հետ շնութիւն ընել». սակայն, Տէրը կը թելադրէ՝ «նորէն Ինծի դարձիր»: Հակառակ այն իրողութեան, որ հեռացար Ինձմէ, բայց Ես պատրաստ եմ քեզ վերստին ընդունելու՝ «նորէն Ինծի դարձիր»:

Այսօր մենք եւս, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար շնութիւն կ՚ընենք բազմաթիւ հոմանիներու հետ: Մեր ամենէն սիրուած հոմանին սակայն մեր եսն է: Աստուծոյ անունով կը խօսինք, Աստուծոյ անունով կը քարոզենք, բայց մեր եսը միշտ այդ բոլորէն վեր կը դասենք, որով կը պոռնկանանք: Աստուած մեր եսերը չ՚ուզեր, ընդհակառակը՝ Աստուած մեր կոտրուած սիրտը կ՚ուզէ, որպէսզի անով ցոյց տայ իր Մեծութիւնն ու Զօրութիւնը: Եթէ մենք շարունակենք մեր եսին ապաւինիլ եւ Աստուծոյ անունով փորձենք համբաւ-պատիւ ձեռք ձգել, վստահ ըլլանք, որ այս աշխարհին մէջ այդքանն է մեր ստանալիքը, իսկ հանդերձեալին՝ յաւիտենական տանջանքներ:

Կարդանք ու դաս քաղենք Երեմիայի մարգարէութեան 3-րդ գլուխէն, որպէսզի գիտակցինք, ետ մնանք շնութիւն ընելէ եւ վերստին դառնանք Տիրոջ: Որովհետեւ Տէրը միայն չի՛ բաւարարուիր «նորէն Ինծի դարձիր» ըսել, այլ կը շարունակէ, ըսելով՝ «դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ, Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր. քանզի Ես ողորմած եմ, յաւիտեան ոխ չեմ պահեր. միայն թէ քու ունայնութիւնդ ճանչցիր, որ Քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար: Եւ ամէն կանաչ ծառի տակ քու ճամբաներդ օտարներուն տարածեցիր ու Իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիր» (տե՛ս Եր 3.12-13):

Ի՜նչ ողորմած է մեր Տէր Աստուածը, որ ոխակալ չէ, հապա՝ ողորմած: Բարկութիւն թափող Աստուած չէ, այլ՝ ներողամտութիւն: Նոյնիսկ եթէ մեր ճամբաները օտարներուն՝ սատանային եւ անոր արբանեակներուն առջեւ տարածելով ապստամբեցանք Անոր դէմ, այդ բոլորով հանդերձ Տիրոջ ուզածը յստակ է մեզմէ իւրաքանչիւրէն. «Ունայնութիւնդ ճանչցիր, որ քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար»: Ունայն է ան, որ իր եսը աստուածացուցած է: Ունայն է ան, որ աշխարհիկ հաճոյքներով կ՚ուրախանայ: Ունայն է ան, որ յաւիտենականը ձգած անցողիկին մասին կը մտածէ: Ունայն է ան, որ Աստուծոյ անունով կը փորձ իրեն համար անուն շինել: Ունայն է ան, որ Անմահը ձգած մահկանացուին կը ծառայէ ու հաճելի կը փորձէ թուիլ: Եւ Տէրը կ՚ուզէ, որ մեր այս ունայնութիւնը ճանչնանք, որ Իր հանդէպ ապստամբութիւն է, եւ վերադառնանք Իրեն, փառաւորենք զԻնք, օրհնաբանենք Իր Սուրբ Անունը, պաշտենք ու սիրենք զԻնք եւ Իր ներկայութիւնը վայելենք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Տասնմէկերորդ օրուան մարտահրաւէր. պահեցողութեան այս ընթացքին ապստամբի հագուստը հանել եւ հնազանդի հագուստը հագուիլ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022