ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅՈՅՍԸ

Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին Ուքրայնայի կարգ մը թէժ ճակատներու երկայնքով, անդին Ռուսաստանի կողմէ յայտարարուած հրադադարը այս առաւօտ հասաւ իր աւարտին։ Արդարեւ, Մոսկուա աւելի վաղ տեղեկացուցած էր, որ զուտ մարդասիրական նպատակներով հրադադար մը կը հաստատէր (միայն 12 ժամուան համար եւ բացառապէս որոշ շրջաններու մէջ)։ Այս հիմքով ալ մայրաքաղաք Քիեւէն եւ տարբեր շրջաններէ Ուքրայնայի քաղաքացիներ հնարաւորութիւն ունեցան դուրս գալու իրենց բնակավայրերէն։ Կ՚արժէ նշել, որ ռազմական վերջին իրադարձութիւնները դարձեալ կը կեդրոնանան մայրաքաղաք Քիեւի շուրջ եւ քանի մը վերլուծական հարթակներ կը տեղեկացնեն, որ Քիեւ հասնելու համար ռուսական զօրքերուն մնացած է ընդամէնը 20 քմ։

Ըստ Ուաշինկթընի Պատերազմի ուսումնասիրման կաճառին (Institute for the Study of War), Քիեւի վրայ Ռուսաստանի «քաոսային» յարձակման հետեւանքով հազարաւոր զինուորներ եւ հարիւրաւոր ինքնաշարժներ մի քանի օր շարունակ մնացած են հիւսիս-արեւմուտքի ճանապարհներուն վրայ։ Սակայն, ռուսական բանակը մինչեւ այս պահը դէպի Քիեւ իր սկսած «արշաւ»ին մէջ յապաղած կը նկատուի։ Կը նշուի նաեւ, որ ռուսական զօրքերը այժմ կեդրոնացած են Քիեւի արեւելեան, հիւսիս-արեւմտեան եւ արեւմտեան ծայրամասերուն մէջ՝ նախապատրաստուելով մայրաքաղաքի վրայ մեծ յարձակման մը, որ տեղի կրնայ ունենալ առաջիկայ ժամերուն կամ օրերուն։ Ամերիկեան կեդրոնը նաեւ նշած է, որ ռուսական զօրքերու յաջորդ հաւանական յաջողութիւնը կախուած պիտի ըլլայ այն հանգամանքէն, թէ անոնք ինչքանով պիտի կարողանան վերալիցքաւորուիլ, վերակազմաւորուիլ եւ ծրագրաւորուիլ՝ սկզբնական ներխուժումէն յետոյ։ Կարգ մը փորձագէտներու կարծիքով, այս սկզբնական ներխուժումը ձախողած է (կամ յապաղած), որոշ թերութիւններու պատճառով:

Այս բոլոր տուեալները աչքի առջեւ ունենալէ ետք կը պարզուի, որ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր, ճիշդ է, որ ռուսական զօրքերուն համար «խաղ ու պար» չեղան այս գործողութիւնները, սակայն, մեծ հաշուով, անոնք նաեւ ցոյց տուին, որ Ռուսաստանի բարձր զօրահրամանատարութեան կողմէ առնուած որոշումները՝ պատերազմին առընթեր երթալու մինչեւ վերջ, ի զօրու են եւ կը մնան անխախտ։ Կ՚արժէ կրկնելով շեշտադրել, որ ռուսական զօրքերու Քիեւ հասնիլը ընդամէնը ժամանակի հարց է ու միայն այդ բանէն վերջ ընթացք պիտի առնէ նոր հոլովոյթ մը, ինչ որ բեկումնային պիտի դառնայ այս պատերազմին տեսակէտէ։ Չի բացառուիր, որ ռուսական բանակը ունեցած ըլլայ կամ ունենայ մեծ վնասներ, սակայն, ասոր դիմաց կը նկատուի, որ Ուքրայնայի ռազմական կարողութիւնները, անոր բանակի «կուռ» վիճակը այսօր կը պատկանին արդէն անցեալին։ Ինչպէս ռուսական բանակի հզօրութիւնը անհամեմատելի է Ուքրայնայի ռազմական ուժին եւ բանակի ներուժին հետ, այսօր նոյնպէս անհամատեղելի են ռուսական կողմի կրած կորուստներն ու Ուքրայնայի անմխիթար ու աւերուած վիճակը, որ հասած է աղէտալի պատկերի մը։

«ՄԵԾ ԹԱՔՍՏՈՑ»Ի ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄԸ

Կարեւոր բացայայտում մը կատարուեցաւ երէկ, երբ Ռուսաստանի բանակի բանբերը յայտարարեց, որ յատուկ զօրքեր յաջող գործողութիւն մը կատարած են Զապարոժիա կոչուած շրջանէն ներս ու կարողացած են բացայայտել Ուքրայնայի բանակի թաքստոց մը, ուր յայտնաբերուած են ո՛չ միայն մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք, այլեւ՝ քարտէսներ ու ծրագրային արձանագրութիւններ, որոնց հիմքով Ուքրայնա կը պատրաստուէր ռազմական լայնածաւալ գործողութիւն մը իրականացնել Տոնպասի ուղղութեամբ։ Այս նիւթին շուրջ կատարուած յայտարարութեան մէջ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօրավար Իկոր Քոնաշենքով մասնաւորապէս ըսած է. «Յայտնաբերուած փաստաթուղթը հասցէագրուած է Ուքրայնայի ազգային զօրքի հիւսիսային Քիեւի, հարաւային Օտեսայի եւ արեւմտեան տարածքային վարչութիւններու ղեկավարներուն։ Եւ այդ փաստաթուղթերը սերտելէ ետք մեզի համար արդէն պարզ է, որ Քիեւ կը պատրաստուէր ռազմական մեծ գործողութիւն մը կատարել Տոնպասի ուղղութեամբ»։

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամէն պարագայի տակ եւ հակառակ գետնի վրայ նկատուած ծանր իրադարձութիւններուն (փախստականներ, տնտեսական տարողունակ պատժամիջոցներ Ռուսաստանի դէմ եւ անոնց հաւանական հետեւանքները), տակաւին նօսր յոյսեր կան, թէ այս փուլին զուգահեռ կողմերը ի վերջոյ քով-քովի գան եւ ընթացք տան բանակցութիւններու։ Այս առումով ռուսական կողմը յայտնած է ամբողջական պատրաստակամութիւն։ Քրեմլին հաշտ աչքով կը դիտէ Անթալիայի մէջ նախատեսուած Սերկէյ Լաւրով-Տիմիթրօ Քուլեպա հանդիպումը։ Ճիշդ է, որ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարարը մեծ յոյսեր չի փայփայեր իր ռուս պաշտօնակցին հետ հանդիպումէն եւ այս մասին արտայայտուած է ընկերային ցանցերու վրայ, սակայն նոյն առումով Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի վերջին օրերուն մէկէ աւելի առիթներով բանակցութեան սեղան վերադառնալու մասին շեշտադրումներ ըրաւ, իսկ երէկ՝ մասնաւորապէս ըսաւ, որ եկած է ճիշդ ժամանակը բանակցելու համար Ռուսաստանի հետ։

Ի դէպ, նոյն առումով ալ, Ուքրայնայի մէկէ աւելի պաշտօնատարներ աւելի վաղ յայտնած էին, որ իրենք պատրաստ են վերանայելու իրենց դիրքորոշումը Տոնպասի շրջանի պարագային եւ աւելի կարեւորը՝ պատրաստ են ընդհանրապէս հրաժարելու ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու գաղափարէն։ Ուքրանացիք այս տեսակէտները արդեօք կը յայտնեն պարզապէս ճնշուա՞ծ ըլլալու պատճառով, թէ իրենք իրապէս ջատագով են բանակցութիւններու սեղան նստելու։

Պատասխանը դժուար չէ, միայն խրթին է, որովհետեւ կողմերուն միջեւ չկայ վստահութիւն։ Յստակ է նաեւ, որ այսքան մեծ զոհողութիւններ ընելէ ետք Ռուսաստանի համար երբեք ալ ձեռնտու չէ արեան գնով, տնտեսական մեծ կորուստներու գնով եւ Արեւմտեան պլոքին «դէմ դնելու» գնով առնուած մեծ քայլերը գրչի մէկ հարուածով զերոյի հաւասարեցնել։ Ռուսաստանի տեսակէտէ պատահածը արդար գործողութիւն մըն է եւ այդ նահանջ չունի։ Իսկ Ուքրայնայի տեսակէտէ հիմնական գրաւը այս աղէտալի պատերազմին մէջ ՆԱԹՕ-ն ներգրաւելու ջերմ փափաքն էր, սակայն, այդ մէկը արդէն վաղուց ինկած է ջուրերուն մէջ։

Կը մնայ հասկնալ, թէ Արեւմուտքի խուսանաւումներէն հեռու կատարուելիք բանակցութիւնները տեղ մը ծայրերը քով քովի պիտի բերե՞ն, թէ ոչ այս փուլին պատերազմի շարունակութիւնը դեռ «ձեռնտու է» խաղի իրական տէրերուն համար։

*

ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր հեռախօսազրոյց մը կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Ամենայն հաւանականութեամբ երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն շօշափեն Ուքրայնայի պատերազմին ընթացքը։

Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Պայտըն տեսակցութիւնը նախատեսուած է Թուրքիոյ ժամով 18.30-ին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022