ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ
Արդի գիտութիւնը կը հաւատայ ու կը շեշտէ այն իրողութիւնը, թէ մտահոգութիւն մը, ցաւ մը կը մեղմի ա՛յն ժամանակ, երբ կը բաժնեկցիս այլ անձի մը հետ: Անոնք կը մեղմին, նոյնիսկ երբ անոնց ունկնդիրը անկարող է ոեւէ մէկ ձեւով օգնել, որովհետեւ պատմելով միտքին ու հոգիին մէջ շղթայուած դուռները կը փշրուին եւ անոնց թեթեւութիւնը մարդ կը զգայ:
Մահուան նման հասարակաց գիծ մըն է այդ մէկը թէ՛ մեծին եւ թէ փոքրին համար, թէ՛ հարուստին եւ թէ աղքատին: Շատեր իրենց այդ գաղտնիքներն ու մտահոգութիւնները իրենց կողակիցին, ընտանիքի անդամներուն ու բարեկամներուն հետ կը կիսեն պարզութեամբ ու հանգստութեամբ, սակայն ուրիշներ, հակառակ անսահման վստահութիւն ու սէր ունենալուն կը խուսափին այդ մէկը ընելէ եւ շատ անգամ անոնց համար անծանօթի մը ունկնդրութիւնը կրնայ աւելի հաճելի ու խաղաղեցնող թուիլ, քան ծանօթի մը:
Սակայն այս օրերուն մեծ հարց մըն է. որո՞ւ պատմել... որո՞ւ վստահիլ: Ներկայ ընկերութիւնը մեծապէս ունի վստահելու խնդիրը. հարազատ եղբայրը՝ եղբօր չի վստահիր, որովհետեւ կը մտածէ, թէ տկարութեան մէկ պահուն այդ մէկը որպէս զէնք կրնայ գործածել իրեն դէմ՝ անձնական շահեր ապահովելու յոյսով:
Նման բարեկամ մըն ալ ես ունէի, որ կը զգար պատմելու եւ խօսելու պէտքը, սակայն վստահ չէր, թէ որու կրնայ պատմել իր մէջինները եւ դուրս տալ այն գաղտնիքները, որոնք իր հոգին կը կրծէին: Օր մը մօտեցաւ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներէն մէկուն եւ փափաք յայտնեց խոստովանանք կատարելու, այն համոզումով, թէ եկեղեցականէն աւելի վստահելի ու արդար մարդ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, որ կրնայ թէ՛ գաղտնիք ընդունիլ եւ թէ համապատասխան լուծում տալ:
Խոստովանանքէն օր մը ետք ամբողջ քաղաքն ու ծանօթները տեղեակ էին, թէ անձը առիթով մը արուամոլութեան մեղքին մէջ իյնալով կենակցութիւն ունեցած էր այլ անձի մը հետ, որ նոյնպէս որոշ ծանօթութիւն կը վայելէր քաղաքին մէջ: Ամբողջ մէկ ամիս բոլորին նիւթն էր այդ անձերու մոլութիւնը, որ խոստովանելու եւ հանգստանալու նպատակով ըսուած ու տարածուած էր: Այն գաղտնիքը որ իր սիրտը կը կրծէր, այժմ կրկնապատկուած էր, որովհետեւ գիտէր, թէ սրբակրօն ալ ըլլայ, հրաշքներ գործելու չափ հաւատաք ալ ունենայ միեւնոյնն է. սեւ մուրը դիւրին դիւրին չի՛ սրբուիր անձի մը երեսին վրայէն:
Շատեր մեղադրեցին քահանան, որ իր կոչումին հակառակ չէր կրցած գաղտնի պահել խոստովանանքը. մեծ հաւանականութեամբ «մէկու մը չըսես»ով պատմած էր իր ծանօթներէն մէկուն եւ այս վերջինս իր կարգին դարձեալ «մէկու մը չըսես»ով պատմած էր ուրիշներու եւ ամբողջ ժողովուրդը «մէկու մը չըսես»ով տեղեկացած էր, սակայն երբեք «մէկու մը չըսած»: Ի՜նչ հեգնական կը հնչէ երբ մարդիկ իրար բան մը կը պատմեն «մէկը լուր չունի»ով. որովհետեւ վստահ եմ նոյն այդ «լուր չունի»ով բազմատասնեակ մարդիկ լսած ու գիտցած են: Ուրիշներ մէկ կողմ ձգելով քահանայի «մեղք»ը՝ կենդրոնացած էին արուամոլի մեղքին, որովհետեւ վերջինին վրայ բամբասելը աւելի արձագանգ կը բերէ՝ քան առաջինին:
Վերջերս կը կարդայի աւելի քան դար մը առաջ ապրած մտաւորական, գրող, խմբագիր եւ ուսուցիչ Վրթանէս Փափազեանի «Ենիչերի» պատմուածքը, որ եկաւ համոզելու այն ճշմարտութիւնը, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:
Վրթանէս Փափազեան կը ներկայացնէ մեծահարուստ աղա մը, որ կ՚ուզէ իր մեղքերը խոստովանիլ եւ ազատիլ անոնց ծանրութենէն: Մօտենալով քահանային կը խնդրէ. «Բան մը պիտի խոստովանիմ քեզի, բայց տես, խոստացիր, որ ինչպէս քահանային վայել է, խոստովանանքը մօտդ յաւիտեան գաղտնիք պիտի մնայ»: Քահանան վիրաւորուելով այս խօսքէն կ՚ըսէ. «Այդ ինչ խօսք է որդի, պարապ տեղ կ՚ըսես նման խօսքեր, արդէն ամէն մէկ քահանայի պարտքն է ամէն խոստովանանք յաւիտեան գաղտնիք պահել: Մեր օրէնքին մէջ ողջ-ողջ կ՚այրեն այն քահանան, որ խոստովանանքը կը տարածէ...»:
Աղան կը խոստովանի իրենց տան մէջ կատարուած սպանութիւն մը եւ կը սկսի արտասուիլ։ Քահանան իր կարգին համաձայն թողութիւն կը շնորհէ անոր մեղքերուն եւ Աւետարանի խօսքերուն համաձայն կը հրահանգէ ապաշխարել, վստահեցնելով թէ Աստուած ներող Աստուած է:
Շաբաթ մը ետք աղան նամակ կը ստանայ քահանայէն. «Սիրելի Խաչատուր Աղաս, տուն կը շինեմ եւ առայժմ 100 ոսկիի կարիքը ունիմ. յոյսով կու տաս այդ չնչին գումարը, ի միտի ունենալով որ խոստովանանքդ միշտ գաղտնի պիտի պահեմ: Կրնա՞ս գումարը ղրկել, չէ՞: Խոստովանահայրդ՝ Մարտիրոս Քահանայ»:
Մեղաւորը աղա՞ն է, քահանա՞ն է, արուամո՞լն է, հասարակութի՞ւնն է... բոլո՛րն են: Բոլո՛րս ենք:
Այսօր, ուրիշի սխալներուն դիմաց փոխանակ դարման ներկայացնելու, մենք ինքներս որպէս սուր կու գանք մխրճուելու արդէն իսկ անոնց հոգիին ու սիրտին մէջ գոյութիւն ունեցող վէրքերուն: Ինկածը վերցնելու փոխարէն, այսօր հարուած մըն ալ մենք կու տանք, որ չըլլայ պատահի, թէ ոտքի փորձէ ելլել: Այդ մէկը այսօր կը կատարենք բոլորս, այդ մէկը ըլլայ հարազատներու կամ օտարականներու պարագային:
Այսօր շատ անգամ օտար աշխարհը քեզ աւելի պարզութեամբ ու կարեկցանքով կ՚ընդունի, քան «հարազատ» շրջապատը, որուն «հարազատ» զաւակը ըլլալ կը կարծես:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՌՈՒԶԱՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
(1930-2002)
Մեր թուականէն 92 տարիներ առաջ՝ 11 մարտ 1930-ին Քրասնոտարի մէջ ծնած է քանդակագործուհի եւ Խորհրդային Միութեան Նկարիչներու միութեան անդամ Ռուզան Քիւրճեան (բուն մականունով Մալխասեան):
Ռուզան Քիւրքճեան կինն է Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ Ստեփան Քիւրքճեանին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի մէջ եւ ապա բարձրագոյն ուսումը ստացած՝ Երեւանի Գեղարուեստական եւ թատերական կաճառէն ներս: Ռուզանի մօտ քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան տարրերը սկսած են երեւան գալ 1960-ական թուականներուն:
Ռուզան Քիւրքճեանի ստեղծագործութիւններէն շատեր այսօր կը զարդարեն Երեւանի փողոցները: Անոր ստեղծագործութիւններէն են Կոմիտասի անուան պանթէոնի գլխաւոր յուշապատը, Երեւանի կենդրոնական այգիներէն մէկուն մէջ տեղադրուած «Վերածնունդ» քանդակը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ի պահ դրուած «Վարպետ Օհան»ը, Երեւանի փողոցներէն մէկուն վրայ տեղադրուած Թորոս Թորամանեանի նուիրուած յուշարձանը, Երիտասարդականի կայարանի պատին վրայ տեղադրուած «Երիտասարդութիւն» աշխատութիւնը: Անոր այլ յայտնի գործերէն են Կոմիտաս Վարդապետի դիմաքանդակն ու Գէորգ Բաշինջաղեանի յուշարձանը:
Ռուզան Քիւրքճեան մահացած է 6 դեկտեմբեր 2002 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ