«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»
Մեծ պահքի 12-րդ օրն է:
Պահեցողութեան այս շրջանը ոմանց համար վախի մթնոլորտ է, որովհետեւ կը մտածեն, թէ արդեօք պիտի յաջողի՞ն ամբողջ ընթացքը պահել, թէ՞ ճանապարհի կէսին պիտի գայթակղին, տկարանան, ճանապարհէն շեղին ու չկարենան հասնիլ մինչեւ վերջ, մինչեւ խաղաղ Նաւահանգիստ:
Այս պարագային կարելի է երկու ձեւով մտածել ու փորձել պատասխան գտնել:
ա) Եթէ մտահոգութիւնը զուտ ֆիզիքական պահքի մասին է, բնականաբար այդ վախը վատ արդիւք պիտի ունենայ թէ՛ պահեցողին եւ թէ ալ իր շրջապատին համար: Որովհետեւ այդպիսին իր պահեցողութեամբ իր ամբողջ շրջապատն ալ իրար կ՚անցընէ իր պահուածքով եւ վարուելակերպով:
բ) Իսկ եթէ մտահոգութիւնը հոգեւոր առումով է, քաջալերելի է եւ միաժամանակ շինիչ, քանի որ այդպիսին կը տքնի, կը ճգնի, կ՚աշխատի ամէն կերպ պահեցողութեան այս ընթացքին իր ընտրած հոգեւոր նպատակին հասնիլ, այլ խօսքով՝ իրագործել զայն: Այդպիսին արդարեւ ամէն կերպ կ՚աշխատի, որ իր կապը ուղիղ՝ Աստուծոյ հետ ըլլայ, ապա հոգեւորականի մը՝ որ որպէս Աստուծոյ պատգամաւոր (Բ. Կր 5.20) այս աշխարհի վրայ կը հսկէ իր ճանապարհորդութիւնը:
Այս երկրորդ խումբին պատկանողներուն համար Մովսէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Քանզի քու Տէր Աստուածդ՝ այն զօրաւոր ու ահարկու Աստուածը՝ ձեր մէջ է» (Բ. Օր 7.21). ըսի, թէ առաջին հերթին մարդուն կապը պիտի ըլլայ Աստուծոյ հետ, իսկ եթէ այդ կապը յաջողած ենք ունենալ, հետեւաբար «զօրաւոր եւ ահարկու» Աստուծոյ ներկայութեամբ բնականաբար վախ գոյութիւն չի՛ կրնար ունենալ: Աւելին, Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս քաջալերելով Իր աշակերտները եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր Իր հետեւորդները՝ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33). եթէ մեր Տէրն ու Թագաւորը յաղթանակած է եւ Իր այդ յաղթութեամբ կը քաջալերէ մեզ եւս, ալ ի՛նչ վախի մասին կրնայ խօսք ըլլալ:
Ի վերջոյ, պատանի Դաւիթը յիշենք՝ երբ հսկայ Գողիաթին դէմ մենամարտելու գնաց: Կը կարդանք, թէ՝ «երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց. քանզի անիկա կարմիր գոյնով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր: Փղշտացին Դաւիթին ըսաւ. "Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս" ու իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց: Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. "Ինծի եկո՛ւր, որ քու մարմինդ երկինքի թռչուններուն ու դաշտի գազաններուն տամ": Դաւիթ ըսաւ Փղշտացիին. "Դուն ինծի սուրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեամբ Տիրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ"» (Ա. Թգ 17.42-45). շարունակութիւնը վստահաբար գիտէք բոլորդ ալ:
Երանի՜ մենք ալ պատանի Դաւիթին նոյն համարձակութիւնն ու վստահութիւնը ունենաք դիմակայելու համար ամէն տեսակ նեղութիւն ու դժուարութիւն:
Երանի՜ մենք ալ պատանի Դաւիթին նման երեւոյթէն չխաբուինք ու չվախնանք, ընդհակառակը ինչ ալ ըլլայ երեւոյթը ապաւինինք Աստուծոյ ամենազօրութեան:
Երանի՜ մենք ալ պատանի Դաւիթին նման ո՛չ թէ մեր անձերուն վստահինք, մեր եսը յառաջ մղենք, այլ՝ Աստուծոյ անունը փառաւորենք եւ Աստուծոյ անունով գործենք:
Ի վերջոյ, երանի՜ մենք ալ պատանի Դաւիթին համարձակութիւնն ու վստահութիւնը ունենալով, համարձակօրէն ըսենք սատանային. դուն մեր վրայ կու գաս «շնութեամբ, պոռնկութեամբ, անբարոյութեամբ, կռապաշտութեամբ, կախարդութեամբ, թշնամութեամբ, կռիւով, նախանձով, բարկութեամբ, հակառակութեամբ, երկպառակութեամբ, բաժանումներով, չար կամեցողութեամբ, սպաննութեամբ, արբեցողութեամբ, անառակութեամբ, եւ ասոնց նման բաներով» (տե՛ս Գղ 5.19-21), «դառնութեամբ, զայրոյթով, պոռչտուքով եւ հայհոյութեամբ» (տե՛ս Եփ 4.31)»: Իսկ մենք քեզի դէմ կու գանք «մեր թշնամիները, անիծողները, մեզի չարիք ընողները սիրելով, օրհնելով եւ աղօթելով» (տե՛ս Մտ 5.43-48) «ողորմութեամբ» (տե՛ս Մտ 6.1-4), «աղօթքով» (տե՛ս Մտ 6.5-13), «ներողամտութեամբ» (տե՛ս Մտ 6.14-15) «ծոմապահութեամբ» (տե՛ս Մտ 6.16-18), «սիրով, ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ, համբերատարութեամբ, ազնուութեամբ, բարութեամբ, հաւատարմութեամբ, հեզութեամբ եւ ժուժկալութեամբ» (տե՛ս Գղ 5.22-23), «արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ» (տե՛ս Եփ 5.9), «աղօթքով, հսկումով, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ» (տե՛ս Կղ 4.2), «սրութեամբ եւ ուրախութեամբ» (տե՛ս Ա.Թս 4.3, 5.16):
Տասներկրորդ օրուան մարտահրաւէր. սորվիլ վստահիլ ու ապաւինիլ միայն Աստուծոյ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ