ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու ուղ­ղեալ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ «Խա­ղա­ղու­թիւն աշ­խար­հի ե­րա­խա­նե­րուն» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կը հա­մախմ­բեց բազ­մա­թիւ ե­րա­խա­ներ, ո­րոնք ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Յա­կոբ Պա­րո­նեան» թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս խրախ­ճան­քը, ո­ր իս­կա­պէս իւ­րո­վի էր իր ստեղ­ծած մթնո­լոր­տով։

Տղա­քը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան պա­րե­րով, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Յայ­տա­գի­րը ա­ռանձ­նա­ցաւ տա­րազ­նե­րու ճո­խու­թեամբ ու տե­սա­կա­ւո­րու­թեամ­բ։

 

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015