ԴՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ մասնակցեցաւ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին, հարցազրոյց մը տուած է «Անատոլու» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յիշեցուց նախորդ ամիսներու ընթացքին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցած զարգացումներու կարեւոր դրուագները։ Այսպէս, երկու երկիրներու ղեկավարները՝ նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան հրապարակային յայտարարութիւններ փոխանակեցին՝ Անգարա-Երեւան բանակցութիւններու սկսելու պատրաստակամութիւն յայտնելով։ Աւելի ուշ երկու երկիրները նշանակեցին յատուկ ներկայացուցիչներ, որոնք արդէն երկու հանդիպում ունեցան Մոսկուայի եւ Վիեննայի մէջ՝ պայմանաւորուելով շարունակել առանց նախապայմաններու բանակցութիւնները, որոնք միտ-ւած են յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման։ «Ես Անթալիա այցելեցի եւ մասնակցեցայ ֆորումին՝ անգամ մը եւս վերահաստատելու Հայաստանի կառավարութեան քաղաքական կամքը՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու եւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղ ու կայուն զարգացման դարաշրջան մը բանալու վերաբերեալ», նշած է Միրզոյեան։
«Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Արարատ Միրզոյեան ընդհանուր առմամբ դրական գնահատական տուած է Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին։ «Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու սահմաններու բացման։ Ուրախ էի իմ թուրք պաշտօնակիցէն լսել, որ իրենց կողմէ նոյնպէս կայ քաղաքական կամք՝ գործընթացը այդ նպատակին տանելու համար։ Կը կարծեմ՝ հիմա, երբ աշխարհի իրադարձութիւնները շատ արագ կը զարգանան, մենք պէտք չէ վարանինք յստակ քայլերու ձեռնարկելէ», համոզուած է Միրզոյեան։
Հարցազրոյցին մէջ նախարարը դիտել տուած է, որ մարդիկ արդէն իսկ կ՚օգտուին Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքներէն։ Սահմաններու բացումը դրական ազդեցութիւն պիտի գործէ երկու երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւններու, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու, մարդոց միջեւ շփումներու եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանէ ներս կայունութեան վրայ։ Միրզոյեան ընդգծած է, որ սա Հայաստանէ բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը Թուրքիա առաջին այցելութիւնը եղած է վերջին տասնամեակին մէջ։ Եթէ կարգաւորման գործընթացը հարթ ընթանայ եւ ըլլան դրական արդիւնքներ, ապա կրնան այցելութիւններ փոխանակուիլ։
Հարցազրոյցի եզրափակիչ բաժնին մէջ Արարատ Միրզոյեան նշած է հետեւեալը. «Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բնակչութիւնը կը փափաքի կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ։ Սա արտացոլուած է նաեւ հանրային կարծիքի վերաբերեալ հարցախոյզներու մէջ։ Ի հարկէ, թէ՛ հայկական եւ թէ թրքական հասարակութիւններէն ներս կան խումբեր, որոնք, այսպէս ըսեմ, թերահաւատօրէն կը վերաբերուին այս գործընթացին։ Երկու երկիրներու պաշտօնեաները պէտք է քաղաքական առաջնորդութիւն ստանձնեն այս խնդիրները հասցէագրելու ուղղութեամբ։ Նախարար Չավուշօղլուի հետ իմ տեսակցութեան ընթացքին մենք կարծիքներ փոխանակեցինք կարգ մը զգայուն կէտերու վերաբերեալ եւ ես յոյս ունիմ, թէ անոնք հաշուի կ՚առնուին»։
Միւս կողմէ, Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ ալ այս շրջանին աշխուժութիւն մը կը նկատուի՝ փոխադարձ առաջարկներու ներկայացումով եւ անոնց արձագանգներով։ Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ մեկնաբանեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի վերջին յայտարարութիւնները։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը. «Մենք հարկ չենք համարեր կրկնել այն դիրքորոշումը, որ բազմիցս յայտարարած ենք։ Հաշուի առնելով հակամարտութենէն յետոյ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը՝ Ատրպէյճան համապատասխան առաջարկներ ըրած է ու պատրաստ է յառաջ շարժիլ այդ ուղղութեամբ։ Եթէ Հայաստան լրջօրէն կը վերաբերի այս հարցին, ապա պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները եւ այդպէսով իսկ դրսեւորէ իր պատրաստակամութիւնը՝ սկսելու առարկայական բանակցութիւնները»։
Բաց աստի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննարկելով Հարաւային Կովկասի եւ Ուքրայնայի իրավիճակը։ Նախօրէին Պլինքըն զրուցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։