ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտան։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 2 ժամ 15 վայրկեան։ Էրտողան եւ Տուտա անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Ուքրայնայի իրավիճակը՝ մանաւանդ, որ Լեհաստան գաղթականներու մեծ հոսք մը կը դիմագրաւէ։ Հիւր ղեկավարը Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ խաղաղութեան վերահաստատման ջանքերուն համար։ Տուտայի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ համակարծիք գտնուած են, որպէսզի դիւանագիտական ջանքերը թափ ստանան՝ պատերազմին վերջ տրուելու առաջադրութեամբ։

Մինչ այդ, նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ այսօր Քիեւ այցելելով կը տեսակցի Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Քուլեպայի հետ։ Ան երէկ ալ Մոսկուա այցելելով տեսակցած էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Իր կարգին, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ հաւաքի մը, որու ընթացքին եւս առաջնահերթօրէն քննարկուեցաւ Ուքրայնայի իրադրութիւնը։

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի օրերուն Չավուշօղլու մէկտեղած էր իր ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնակիցները։ Թրքական դիւանագիտութիւնը այժմ խտացեալ աշխատանք կը տանի՝ ապահովելու համար Թուրքիոյ միջնորդութեամբ հանդիպում մը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022