ՏԱՐՏԱՆԵԼԻ ՆԵՂՈՒՑԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նշուեցաւ Տարտանելի յաղթանակի 107-րդ տարեդարձը, ինչ որ բնորոշուեցաւ պատմական արարողութիւնով մը։ Այսպէս, հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Տարտանելի նեղուցի կամուրջի բացումը՝ մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Կամուրջին բացումը արդէն բոլորովին տարբեր իմաստ վերագրեց յաղթանակի այս տարուայ տարեդարձին։

2017 թուականին կատարուած էր այս կամուրջին հիմնադրութիւնը։ Հինգ տարուայ շինարարական աշխատանքներէ վերջ երէկ արդէն նորակառոյց կամուրջը յանձնուեցաւ օգտագործման։

Նախագահ Էրտողան բացման արարողութեան ընթացքին ունեցաւ խանդավառ ելոյթ մը, որով շեշտեց, թէ այսպէսով կեանքի կոչուած է մեծ ծրագիր մը։ Էրտողան յայտնեց, որ նորակառոյց կամուրջին համար 2.5 միլիառ եւրօ արժողութեամբ ներդրում մը կատարուած է։ Այս կամուրջին շնորհիւ երկիրը տարեկան 415 միլիոն եւրօ պիտի շահի։ Ազգային եկամուտին յաւելեալ 2.4 միլիառ եւրօ պիտի ապահովէ։ Էրտողան յիշեցուց, թէ սա լոկ կամուրջ մը չէ, այլ՝ հաղորդակցութեան մեծ նախագիծ մը։ Արդարեւ, Իսթանպուլը Ռոտոսթոյի եւ Տարտանելի վրայով պիտի միանայ Պալըքեսիրի հետ։

«Տարտանելի 1915-ի կամուրջ» կոչուած է այս նորակառոյցը, որով Եւրոպան ու Ասիան իրարու միացուած են 6-րդ անգամ։ Վոսփորի երեք կամուրջներուն առընթեր, «Մարմարայ»ով եւ «Աւրասիայի փապուղի»ով ցայսօր հինգ անգամ կապուած էին երկու մայրցամաքները։ Այդ հինգ կէտերն ալ եղած էր Իսթանպուլի մէջ՝ երեքը կամուրջով իսկ երկուքը՝ ընդծովեայ։ Այժմ վեցերորդ կապը իրականութիւն դարձած է Տարտանելի մէջ՝ նեղուցի նորակառոյց կամուրջով։ Նորակառոյց կամուրջի անցքի փոխարժէքը պիտի ըլլայ 200 թրքական լիրա։ Կամուրջի երկարութիւնը կը կազմէ 4 հազար 608 մեթր։ Աշտարակներու երկարութիւնը կը հասնի 318 մեթրի։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022