Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Գալֆաեան Տան Զ. դասարանի սաներէն Ալին Սու Եամաչ եւ Եուլիանա Էրտէմ վերջերս մանսակցեցան մրցոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտային խաղերու հիմնարկին կողմէ։ Իրենց ապահոված աստիճանով անոնք իրաւունք շահեցան մասնակցելու այդ մրցոյթի յաջողդ փուլին, որ նախատեսուած է այս ամսավերջին։ Անոնք այս մրցոյթին պատրաստուած էին թուաբանութեան ուսուցչուհի Սիպիլ Ելեկենի հսկողութեան ներքեւ։
Նոյն հիմնարկը Թուաբանութեան միջազգային օրուան առթիւ ալ կազմակերպեց համացանցային մեծ մրցոյթ մը՝ «Թուաբանութիւնը կը միացնէ» կարգախօսով։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն 3200 աշակերտ մասնակցեցաւ այս ձեռնարկին, որու ծիրէն ներս Գալֆաեանի սաներու երկու լուսանկարն ալ ցուցադրուեցաւ։
Շաբաթ, Մարտ 19, 2022