ԴՐԱՄԸ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻ՞ՒՐ
Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ դրամը երջանկութիւն չի բերեր, սակայն գիտութիւնը փաստած է, որ ամէն ինչ այդքան ալ պարզ չէ։
Դրամի եւ երջանկութեան մասին հետազօտութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները բազմաթիւ են։ Քէյմպրիճի համալսարանէն հոգեբաններու փորձերու արդիւնքով՝ դրամը իսկապէս երջանկութիւն կը բերէ, սակայն երբ ծախսուի գիտակցօրէն։
Նոպելեան մրցանակակիրներ՝ Տանիէլ Քահնեմանի եւ Անկուս Տիթընի հետազօտութիւններուն համաձայն, դրամը երջանկութիւն կը բերէ միայն որոշ կէտի մը համար։ Ըստ անոնց ուսումնասիրութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երջանկութիւնը կ՚աճի մինչեւ 75 հազար ամերիկեան տոլար եկամուտով։ Եթէ այդ եկամուտը բարձրանայ, կեանքէն գոհունակութիւնը կ՚աճի, բայց այդ երջանկութիւնը կը մնայ անփոփոխ։ Տուեալ հետազօտութիւնը թէեւ ունի թերի եւ կասկածելի կողմեր, սակայն պատկերը կը յստականայ, երբ զայն համադրենք Հարվըրտի համալսարանի դասախօսներէն Տանիէլ Կիլպըրթի գիրքին հետ՝ «Երջանկութեան վրայ սայթաքիլ» (Stumbling on happiness)։
Շուրջ հազար ամերիկացիներու հետ կատարուած հետազօտութեան համաձայն՝ մասնակիցներու 57 առ հարիւրը կ՚ըսէ, թէ աւելի գոհ է փորձարկութեան համար ներդրուած գումարէն (ճանապարհորդութիւն, համերգ եւ այլն), քան նիւթականը (ինքնաշարժ, ելեկտրոնային սարքեր եւ այլն): Այս բանին պատճառը այն է, որ գնուած նիւթը որքան ալ թանկագին ըլլայ, կարճ ժամանակ յետոյ կը կորսնցնէ իր գրաւչութիւնը եւ առաջին օրուայ հմայքը զգալիօրէն կը նուազի։ Սակայն, երբ փորձառութիւն կը գնուի, կը դառնայ յիշողութիւն եւ նոյնիսկ տարիներ անց երբ յիշուի եւ ընկերային շրջանակի հետ բաժնուի, կարծէք նոյն երջանկութիւնը կրկին կ՚արթըն-նայ։ Խորհինք տարիներ առաջ մեր կատարած ճամբորդութեան կամ մասնակցած համերգի մը եւ գնած իրի մը մասին։ Արդեօք տարիներ առաջ մեր գնած բջիջային հեռաձայնի՞ մասին աւելի ոգեւորութեամբ ու երջանկութեամբ կը խօսինք, թէ՞ մեր ամբարած «փորձառութեան»։
Ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են նաեւ, որ մեր դրամը ուրիշներուն համար կամ ուրիշներուն հետ ծախսելը մեզ կ՚երջանկացնէ։ Որովհետեւ ընկերային կապի պատճառով, ձեր ընտանիքի կամ ընկերներու հետ ծախսած դրամը շատ աւելի երջանկութիւն կը պարգեւէ։
Երջանկութիւնը, միւս կողմէ, ընկալում մըն է, որ կը ձեւաւորուի կեանքի նկատմամբ դրական վերաբերմունքով։ Անփոփոխ իրավիճակներու կամ իրադարձութիւններու եւ չունեցածներու վրայ կեդրոնացող մարդու բաղդատմամբ՝ ունեցածներու եւ ապագային վրայ կեդրոնացող անհատը աւելի երջանիկ է։
Բաց աստի, անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ հասարակութիւններու երջանկութիւնը կախուած չէ տնտեսական զարգացումէն, կարեւոր մօտեցում մը ունին։ Ըստ անոնց, մեր մոլորակի ապագան վտանգուած է։ Բարեկեցութեան աճի արդիւնքով ածուխի եւ այլ թունաւոր կազերու արտանետումներու աւելացումը վտանգ կը սպառնայ Երկրին, սակայն ջութակ նուագելը կամ պարելը, որոնք բարգաւաճման այլ միջոցներ են, նման վտանգ չեն ներկայացներ։ Սա ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն բազմակողմանի է այս նիւթը։
Ըստ հոգեբաններու, մարդիկը գործի կը մղէ առաջնահերթօրէն ո՛չ թէ երջանիկ ըլլալը, այլ պատրաստակամութիւնը այն «վարքագիծի», որ «յաջող» արդիւնքներ կու տայ։ Օրինակ՝ բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան համար կատարուած աշխատանքը եւ անոր ապահոված յաջողութիւնը յարաբերութիւն մը ունի «ջանքի եւ պարգեւի» հետ, ուստի մարդ ինքզինք երջանիկ կը զգայ եւ մեծ եռանդով կը գործէ իր նպատակին հասնելու համար։
Թէեւ դրամը եւ երջանկութիւնը պէտք է աւելի խոր եւ մանրամասն ուսումնասիրուին, սակայն անուրանալի է, թէ չքաւորութիւնը կրնայ ապերջանիկ դարձնել մարդը։ Ի հարկէ, դրամը ուղղակիօրէն երջանկութիւն չի բերեր, բայց բաւականաչափ գումարը կը հեշտացնէ կեանքը։ Ինչպէս վերեւ նշեցինք, երբեմն մեր ունեցածները եւ այն ինչ որ հասանելի է, կրնան աւելի հաճելի ըլլալ՝ քան այն վայրերը, որոնք շատ փափաքած ենք այցելել՝ բայց առիթը չէ ներկայացած, այն սնունդը՝ որ չենք կրցած ուտել, այն իրը՝ որ չենք կրցած գնել…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ