ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԿԸ ՀԱՍՈՒՆՆԱՅ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեանց հարցի լուծման ուղղութեամբ սպասումներու մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէի գլխաւորութեամբ, բարձրաստիճան դիւանակալներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը հանդիպումներ ունեցաւ փոքրամասնական համայնքներուն հետ։ Փոխ-նախարարն ու իրեն ընկերակից պաշտօնատարները այս ծիրէն ներս այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մուհթերէմ Ինճէին ընկերացան Ներքին գործոց նախարարութեան Նահանգներու կառավարման բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Մեհմէտ Եիւզէր, նոյն բաժանմունքի փոխ-ընդհանուր տնօրէն Քիւրշաթ Քըրպըյըք, Վաքըֆներու փոխ-ընդհանուր տնօրէն Ռըֆաթ Թիւրքէր, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը հիւրընկալեց Գումգաբուի մէջ։ Բացի Պատրիարքարանէ ներս տեղի ունեցած հանդիպումէն, փոխ-նախարարն ու ընկերակիցները տեսակցեցան նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ ի պաշտօնէ կը գտնուի նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) գլուխը։ Հիւանդանոցի հանդիպումէն կը բացակայէր Սվաճըօղլուն։

Փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւնները առկախուած են ինն տարիէ ի վեր։ Այս հարցին լուծումը կախում ունի ընտրութեան նոր կանոնադրութեան մը պատրաստումէն եւ այդ մէկուն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրուելէն։ Ըստ երեւոյթին, ներկայիս լուծման ուղղութեամբ պատրաստութիւնները կ՚ընթանան պատկան մարմիններէ ներս աշխատանքով՝ փոքրամասնութիւններու համայնքային շրջանակներուն հետ պարբերական շփումներով հանդերձ։ Արդարեւ, անցեալ աշնան ալ բարձրաստիճան դիւանակալներէ բաղկացեալ խումբ մը մայրաքաղաքէն Իսթանպուլ փութալով նոյն հարցին շուրջ քննարկումներ ծաւալած էր Պատրիարքարանի եւ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ուստի, պաշտօնատարներու շաբաթավերջի շփումները կը հանդիսանան համապատասխան ձեւաչափով եւ օրակարգով երկրորդ խորհրդակցութիւնը։ Փոխ-նախարար Ինճէի եւ ընկերակիցներու այցելութիւններու լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ նոր կանոնադրութեան նախագիծը հետզհետէ կը հասուննայ։ Մինչ պետական իշխանութիւնները նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացը յառաջ կը տանին՝ համայնքային շրջանակներէն ներս ալ ստեղծուած է կատարելագործեալ համակարգի մը ի վերջոյ հաստատման ուղղեալ սպասումներու մթնոլորտը։

Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, այս յանձնախումբը լիազօրուած էր զանազան փոքրամասնական համայնքներու հետ ընտրութեան կանոնադրութեան պատրաստութեան աշխատանքներուն շուրջ շփումներ ունենալու համար եւ Անգարայէն քաղաքս եկած էր փոխ-նախարարին գլխաւորութեամբ։ Բարձրաստիճան դիւանակալները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց տարած աշխատանքներուն վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ, նաեւ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Փոխ-նախարարը տեղեկացուց, որ բացի քանի մը գործնական հարցէ՝ կանոնադրութեան պատրաստութեան աշխատանքները եզրափակիչ փուլ թեւակոխած կը համարուին։ Ուստի, կը նախատեսուի հնարաւորինս կարճ ժամկէտներու մէջ փոքրամասնական համայնքներու վարչութեանց ընտրութիւններու վերանորոգուիլը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց՝ տեղեկանալով այս գործընթացէն ներս արձանագրուած զարգացումներուն։ Ան այս կապակցութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց փոխ-նախարարին՝ յղելով նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ։

Պատրիարքարանի պաշտօնական հրապարակումներուն առընթեր, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ շաբաթավերջի տեսակցութեան կապակցութեամբ մեզի յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային ընտրութեան մը իրականացման հաւանականութիւնը բարձրացուած կը համարուի։ Իր խօսքով՝ շաբաթավերջի այցելութիւնը ընդհանուր կարծիքի փոխանակումի մը ձեւաչափին մէջ էր։ Պատկան մարմինները բոլոր խնդիրները մանրակրկիտ հաշուի առնել կը ձգտին՝ լաւագոյն լուծումները գտնելու համար։ Այժմ թէեւ զանազան այլընտրանքներ սեղանի վրայ կը գտնուին, սակայն, այդ բոլորին շուրջ խօսելու համար տակաւին վաղ է եւ որոշ նիւթերու շուրջ, ըստ երեւոյթին, վերջնական որոշում մը չէ առնուած։

Գումգաբուի հաղորդագրութեան ոճէն ալ յայտնի կը դառնայ, որ լուրջ հիմքեր կան՝ յուսադրուելու համար, թէ խնդրի լուծումը այլեւս մօտեցած է եւ պատկան մարմինները ձեւ մը կը փնտռեն, որպէսզի գտնեն լուծման եզրեր, որոնք կրնան գոհացնել բոլոր փոքրամասնական համայնքները։

Հարկ է յիշեցնել, որ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, որուն առընթեր կը գործէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, միջոց մը առաջ Ազգային մեծ ժողովէն ներս լսումի մը ժամանակ յայտնած էր, որ մինչեւ ապրիլի վերջը կրնայ պատրաստ ըլլալ նոր կանոնադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022