Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՏԷՄԻՐԷԼ ՎԱՂԸ ՀՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան իններորդ նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլի մահը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Սիւլէյման Տէմիրէլի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, պետական արարողակարգով նախատեսուած պատշաճութիւններու շրջագծին մէջ։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տէմիրէլի համար յուշակոթող-դամբարան մը կը պատրաստուի իր ծննդավայրին՝ Սպարթայի մէջ։ Այս յուշակոթողին կառուցման աշխատանքները կը վերահսկուին վախճանեալ նախագահի եղբօր՝ Շեւքէթ Տէմիրէլի կողմէ։
Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015