ՆՈՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ հայկական հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան այս կապակցութեամբ վերջերս հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի «Առաջին լրատուական»ին։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ դասական պայմանները այժմ դարձած են երկրորդական։ Անգարայի տեսակէտէ կարեւոր դարձած է Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու սկսիլը։

Ըստ Շահան Գանտահարեանի, Անգարա ամէն ինչ կը համաձայնեցնէ Պաքուի հետ. սա իր դասական մօտեցումն է։ Ըստ էութեան, սա կապ ունի նախապայմաններու հետ։ Հիմնականին մէջ, առաջին նախապայմանն է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը։ Դասական նախապայմանները մղուած են երկրորդ փլան։ Հիմա Թուրքիոյ համար Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններու սկիզբն է կարեւորը։ Այլ խօսքով՝ սահմանազատումը, սահմանագծումը, տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն ու Նախիջեւանի ցամաքային կապը Ատրպէյճանի հետ։ Այս ուղղութիւններով կը պայմանաւորուի Անգարա-Երեւան բանակցութիւններու գործընթացը։

Հարցազրոյցի ժամանակ Շահան Գանտահարեան մեկնաբանած է Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի վերջին յայտարարութիւններէն մին, ըստ որու, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բանակցութիւններուն մէջ երրորդ կողմի մը մասնակցութիւնը անհրաժեշտ պէտք չէ ըլլայ, անոնք պէտք է նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ ու միասնաբար քննարկեն։ Գանտահարեանի մեկնաբանութեամբ, Չավուշօղլուի այս յայտարարութիւններուն մէջ հիմնական մեխը կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ին եւ Մոսկուային։ «Երբ Չավուշօղլու կ՚ըսէ, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ երրորդ կողմ մը պէտք չէ ըլլայ, սա պարզ խօսքով Մոսկուան դուրս մղելու մասին է։ Բնականաբար կը վերաբերի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան։ Անգարա ինքզինք կ՚առաջադրէ իբրեւ միջնորդ, երբ կ՚ըսէ, որ անհրաժեշտութեան պարագային Թուրքիա պատրաստ է աջակցելու։ Սա միջնորդելու պատրաստակամութեան պատգամի փոխանցումն է։ «Բոլորիս շահերէն բխելու» տեսութիւնը պէտք է ընկալել թուրք-ատրպէյճանական շահերէն։ Չմոռնանք, որ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներու Անգարայի հայեցակարգը հիմնուած է Շուշիի հռչակագրին վրայ։ «Բոլորի շահերը»ը այս պարագային կը փոխկապակցուի Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման եւ Անգարա-Երեւան բանակցութիւններուն, ինչ որ թրքական կողմի վաղեմի մօտեցումն է ու առաջադրանքը», նշած է Շահան Գանտահարեան։

Թէ որքանո՞վ Հայաստան առհասարակ կրնայ այս վիճակէն շահաւոր դուրս գալ։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Գանտահարեան դիտել տուած է, որ հայկական կողմին տեսակէտէ իրողութիւնը բարդ է, պատերազմէն յետոյ թուլացած են անոր բանակցային դիրքերը։ «Բայց, կը կարծեմ, թէ Երեւանի պաշտօնական պատասխանը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին դիմելու, ճիշդ կողմնորոշում է։ Սա համահունչ է նաեւ Արցախի խորհրդարանի ընդունած ապաբռնագրաւման օրէնքին եւ անոր զուգակցուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերագործարկման։ Այս պայմաններուն ներքեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերագործարկումը կը բխի հայկական կողմի շահերէն։ Դժուար է պատկերացնել, թէ այս պայմաններուն ներքեւ ԱՄՆ եւ Ռուսաստան կը համագործակցին։ Այդուհանդերձ, սա միակ ճանապարհն է Անգարայի գերակայութիւնը հակակշռելու առումով։ Քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ չեն բացառուիր կտրուկ փոփոխութիւնները։ Ուքրայնայի պատերազմի արդիւնքները կրնան ըլլալ շրջադարձային եւ ազդել տարածաշրջանային գործընթացներուն վրայ՝ ներառեալ հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական բանակցութիւնները», եզրափակեց Գանտահարեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2022