ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ՉԱԼՈՆ ԻՄ ՇՈՒՆՆ ԷՐ

Հիմա պիտի խորհիք, թէ այս արցախցին ամէն անգամ կը պատմէ իր կեանքը: Իսկ ի՞նչ ընեմ: Կ՚ապրինք տխուր ու անորոշ ժամանակներ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը շունչը պահած կը հետեւի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն, սրընթաց դէպի անդունդը գլորուող Հայաստանի անցուդարձին, ռուս-ուքրանական պատերազմին, քորոնաժահրին, աննախադէպ թանկացումներուն, տոլարի աճին... Դոյզն ինչ, որոշեցի այս տխուր նոթաներէն քիչ մը շեղել թէ՛ ձեզ, թէ ինձ: Մեզ բոլորիս անհրաժեշտ է կաթիլ մը լիցքաթափութիւն, ցրուածութիւն: Թող աշխարհը սպասէ, իսկ մենք սկսինք…

Քանի մը անգամ մտափոխուեցայ, մինչեւ թուրքագէտի մասնագիտութեան իմ ընտրութիւնը: Պզտիկութենէ ի վեր իմ սէրը կենդանիներու հանդէպ այնքան մեծ եւ հիւանդագին էր, որ որոշած էի դառնալ անասնաբոյժ՝ աւարտելով Մոսկուայի լաւագոյն մասնագիտական համալսարաններէն մին: Այն ատեն այսպիսի նպատակ ունէի: Նախապէս պատմած եմ, թէ իմ մանկութիւնը անցած է կենդանիներու շրջապատին մէջ:

Կը յիշեմ, թէ ինչպէս օր մը, առտու կանուխ մեր առանձնատան առաջին յարկի պարտէզին մէջ մորթեցին մեր ցուլիկը. ես ալ վերեւը կու լայի: Ցուլը կապեցին վարի խոշոր սիւներէն մէկուն, այնուհետեւ քանի մը անգամ ծանր ու մեծ կռանով մը զարկին գլուխին: Հսկայ խեղճ անասունը ուղեղի ցնցում ստանալով՝ կորսնցուց գիտակցութիւնը ու տապալեցաւ գետին: Սկսան մորթելու գործնթացին՝ խոշոր ու սուր դանակով մը: Երբ այլեւս ցուլը վերածուեցաւ մսավաճառներու խանութներու ցուցափեղկին ցուցադրուած մսի կոյտի, մեր տան պարտէզը նմանեցաւ արեան ծովու: Սակայն անմիջապէս ջուրի օգնութեամբ մաքրեցին. Հետքն անգամ չմնաց: Երեկոյեան ո՛չ ցուլը կար, ո՛չ ալ դաժան գործընթացէն նշան մը:

Հիւանդագին սիրով կը սիրէի կենդանիները՝ մեր տան կատուները եւ իմ միակ շունիկը՝ Չալոն.

Չալոն իմ շո՛ւնն էր, չալ-չալ աչքո՛ւն էր,
Չալոն չքնաղ էր, պայծա՛ռ Չալօ.
Ընկնում էր ոտիս, աչքը փակում էր,
Ծածկուում է տատիս հին շալով...
Չալոն քայլում էր պչրուհու նման,
Սլուլուն պոչը բռնած ցից,
Քսուում էր ոտիս, մռռում էր մռայլ,
Մռռում էր հպարտ, հաճոյքից:
Տուն էի բերում մութ փողոցներով,
Շների աչքերից անտես.
Դանդաղ իջնում էր կապոյտ երեկոն
Ու ծածկում սար ու դաշտեր:
Չալոն իմ շո՛ւնն էր, չալ-չալ աչքո՛ւն էր,
Չալոն չքնաղ էր, պայծառ Չալօ,
Ընկնում էր ոտիս, աչքը փակում էր,
Բայց բանը վերջացաւ չարով...

Հայ մեծանուն բանաստեղծներէն՝ Գուրգէն Մահարին իր սիրելի շունը կորսնցուց գաղթի ճանապարհին.

Գաղթի մութ ճամբին կորաւ իմ շունը,
Ո՞վ գիտէ՝ ո՞ր ձին կոխոտեց...
Շուրջը մեռնում էր վերջին աշունը,
Չմնաց ինձ ոչ մի ընկեր...

Իսկ ես իմ անգին Չալոն կորսնցուցի դէպի Երեւան կատարած իմ ճանապարհորդութենէն վերջ: Տասնմէկ կամ տասներկու տարեկան էի, իմ սիրելի զարմուհիի՝ Լիլիթի հետ, որ այդ տարի աւարտեց դպրոցը, ամառնային արձակուրդին մեկնեցան Երեւան: Ան գնաց՝ ինծի ալ տարաւ իր հետ: Շատ ուրախ ու ոգեւորուած էի: Վերջապէս ես ալ պիտի տեսնեմ հայոց մայրաքաղաքը, որու մասին տարիներ շարունակ կը փափաքէի՝ նայելով մեր տան պատուհանէն անդին ու երազելով օր մը անցնիլ այդ պատուհանէն երեւցող սարերը: Ինծի կը թուէր, թէ այդ սարերէն այն կողմ ամբողջ աշխարհն է՝ հանդերձ իմ սիրասուն Երեւանով: Լիլիթը կանուխ վերադարձաւ, իսկ ես քիչ մըն ալ մնացի:

Աւելի քան ամիս մը տատիկիս եղբօր տունը մնալէ վերջ՝ օգոստոսի վերջին վերադարձայ տուն: Սեպտեմբերի մէկը կը մօտենար, ըսել է, թէ կը վերջանային ամառնային արձակուրդները: Չեմ յիշեր ով, զիս ճանապարհին բան մը ուտելու համար տուաւ հազար դրամ՝ երկու տոլար: Այդ երկու տոլարով շատ ուրախացայ: Զսպեցի իմ քաղցը: Փոխարէնը այդ դրամով իմ սի-րելի շունիկի համար գնեցի թխուածքաբլիթ եւ այլն: Անհամբեր կը սպասէի մեր հանդիպումին: Ի դէպ, ան բաւական տխուր աչքերով զիս ճամբած էր։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ՝ Չալոն տխուր ու թախծոտ հայեացքով նայեցաւ այն ինքնաշարժի ետեւէն, որ մեզ բաժանեց:

Ահաւասիկ տունն եմ: Բոլորը եկան զիս դիմաւորելու: Իմ աչքերը փնտռտուքի մէջ էին: Անկարելի է, ան զիս չդիմաւորեց.

-Իսկ ո՞ւր է Չալոս: Ինչո՞ւ չի գար:

Քար լռութիւն էր: Ոչ մէկը կ՚ուզէր պատասխանել իմ հարցին: Հարցումս քանի մը անգամ կրկնեցի.

-Դուրսն է, կու գայ շուտով,- կարծեմ պատասխանեց մայրիկս:

Սպասեցի՝ չկայ: Յետոյ ըսին, թէ մեր բարեկամի տուն ղրկած են: Ես ալ ուզեցի երթալ եւ ետ վերադարձնել իմ շունիկը: Իմ ընտանիքի պարագաները գիտէին, թէ ես որքան շատ կը սիրէի իմ Չալոն, այդ իսկ պատճառով չէին համարձակեր ինծի բօթը յայտնելու...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի...

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022