ՈՒՏԵ՞Լ, ԹԷ՞ ՉՈՒՏԵԼ
«Բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ նեկրայութեան կը բերէ: Ո՛չ ուտելով բան կը շահինք, ոչ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք» (Ա. Կր 8.8): Շատեր Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը կարդալով գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան, ըսելով՝ եթէ այդպէս է, հետեւաբար ի՞նչ օգուտ այսքան չարչարուիլ ու տառապիլ՝ պահք պահելու համար: Ի՞նչ կարիք կայ հետեւաբար պահք պահելու, երբ ո՛չ ուտելը եւ ոչ ալ չուտելը բան պիտի չաւելցնեն, աւելին, երբ «կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ»: Զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ Առաքեալին ըսածները ճիշդ պէտք է հասկնալ:
Առաջին հերթին, եթէ այս համարը իր ամբողջական հատուածին մէջ առնենք, կը տեսնենք, թէ Առաքեալը այդ հատուածին մէջ կը խօսի կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն մասին: Մանրամասնօրէն կը բացատրէ ու կը շեշտէ, թէ Մէ՛կ Աստուած կայ (8.6) եւ Մէ՛կ Տէր Յիսուս Քրիստոս (8.6): Ապա կուռքերուն զոհուած ուտելիքներէն ուտելուն անդրադառնալով է, որ այս նախադասութիւնը կ՚ըսէ: Առաքեալը կը թելադրէ, որ պէտք է զգոյշ ըլլալ, որպէսզի մեր ազատութիւնը գայթակղութիւն չըլլայ ուրիշներուն համար: Աւելին, կ՚ըսէ. «Եթէ իմ ուտելս կը գայթակղեցնէ հաւատակից եղբայրս՝ բնաւ միս չեմ ուտեր, որպէսզի եղբայրս չգայթակղեցնեմ» (8.13): Ա. Կորնթացիներուն ուղղուած նամակին 8-րդ գլուխը ամբողջութեամբ կարդալով՝ կը հասկնանք, թէ ո՛չ թէ ուտել կամ չուտելուն մէջ է հարցը, այլ՝ գիտակցութեան եւ մօտեցումի: Աստուծոյ համար կարեւոր չէ մեր ուտելը կամ չուտելը, այլ՝ կարեւոր է, թէ ինչ վերաբերմունք կը ցուցաբերենք տուեալ պահին:
Վերադառնալով Առաքեալին նախադասութեան՝ «բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ նեկրայութեան կը բերէ: Ո՛չ ուտելով բան կը շահինք, ոչ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք» (Ա.Կր 8.8): Հետեւեալ նախադասութիւնը իւրաքանչիւր պահեցողի համար յստակ թելադրողական եւ միաժամանակ յանդիմանողական նամակ մըն է: Կերակուրը, այլ խօսքով՝ ուտելիքները չե՛ն որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերեն, այլ՝ մեր պահուածքը, մեր վերաբերմունքը, այսինքն՝ մեր հաւատքին պտուղը եղող գործերը, որոնք զԱստուած փառաւորելու միջոց կը դառնան, եւ որով մենք Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգանք ու կ՚ապրինք: Ինչ կը վերաբերի Առաքեալին «ո՛չ ուտելով բան կը շահինք, ոչ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք» արտայայտութեան, այսինքն՝ եթէ պահք չենք պահեր, մեր անձերուն՝ մարմիններուն, առաւել եւս մեր հոգին է, որ կը վնասենք, որովհետեւ պահքը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար պէտք է պարտաւորութիւն ըլլայ. պարտաւորութիւն՝ որ բուժիչ յատկութիւն ունի. այդպիսով, մեր ուտելը պահեցողութեան ժամանակ ի վնաս մեզի է եւ ո՛չ թէ շահ: Իսկ չուտելով ալ բան չենք կորսնցներ, որովհետեւ «մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ՝ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (Մտ 4.4). ուստի, պահեցողութիւնը այն ժամանակամիջոցն է, ուր մարդ առիթ կ՚ունենայ լեցուելու Աստուծոյ խօսքով, զօրանալու Աստուծմով: Արդարեւ, եթէ Աստուած ունինք որպէս մեր առաջնորդն ու պահապանը պահեցողութեան ընթացքին, չուտելը կամ նոյնիսկ սովը մեզ ոչինչով կրնան վնասել: Աստուած գիտէ մեր կարիքները եւ ըստ ատոնց կը հոգայ զանոնք մեզի համար, կը մնայ որ մենք կատարեալ վստահութիւն ունենանք Աստուծոյ նկատմամբ:
Ի վերջոյ, եթէ պահք պահած ենք, մեր պահքը պէտք է Աստուծոյ փառքին համար ըլլայ: Իսկ եթէ պահք չենք պահած, զգոյշ ըլլանք, որ մեր ազատութեամբ չգայթակղեցնենք մեր քոյրերն ու եղբայրները: Եւ ամենէն էականը, Առաքեալին այս նախադասութիւնը մեզ ծայրայեղութեան պէտք չէ տանի, այսինքն՝ պահեցողը ըսէ՝ չէ՛, անպայման պէտք է պահք պահել, իսկ չպահեցողը ըսէ՝ չէ՛, պէտք չկայ պահել, անիմաստ է: Երկու այս մօտեցումներն ալ սխալ են, որով պահեցողութիւնը նոյնինքն մեր Տիրոջ կողմէ հաստատուած է եւ ապա Անոր առաքեալներուն եւ աշխարհի վրայ Իր դեսպանները եղող Սուրբ Հայրապետներուն կողմէ կանոնականացուած է: Եւ դէմ դնել, կը նշանակէ հակառակիլ Քրիստոսի եւ Անոր հաստատած օրէնքներուն:
Քսանհինգերորդ օրուան մարտահրաւէր. դաստիարակենք մենք մեզ հնազանդելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ