ՈՉ ԵՒՍ Է ՆՈՒՊԱՐ ՃԻՎԱՆԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ձեռներէց եւ ազգային գործիչ Նուպար Ճիվանեան։ Սուրիոյ մէջ ծնած եւ երկար տարիներ ապրած Նուպար Ճիվանեան այդ երկրի արտաքին առեւտուրին գծով կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր՝ հայր Էսատի իշխանութեան տարիներուն։ Հայաստանի վերանկախացումէն վերջ, ան Երեւան հաստատուած էր իր ընտանիքին հետ։ Շուրջ քառորդ դարէ ի վեր եղած էր հայրենադարձ եւ այդ ժամանակաշրջանին Երեւանի մէջ ալ առեւտրական-գործարար աշխատանք տարած էր՝ մանաւանդ համբաւ ձեռք բերելով մայրաքաղաքի փոքր կեդրոնին մէջ բացած ճաշարաններու կամ սրճարաններու ուրոյն մթնոլորտով, որակով։

Երէց սերունդէ ազգային գործիչի կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ կը ցաւակցինք այրիին, զաւակներուն եւ համայն ընտանիքին։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022