ԱՂԲԻՒՐ՝ ԱՌԱՆՑ ՋՈՒՐԻ
Շատ անգամ կեանքի մէջ ապրելով կը կարծենք, թէ «տեղեակ» ենք շատ մը բաներէ, սակայն կեանքը կը փաստէ, որ կան ճշմարտութիւններ, որ գիտնալու համար պէտք է անպայման տեսնել: Անոնցմէ մէկն է աղքատութիւնը:
Ինչպէս ամէն մարդ, ես ալ գիտէի, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի աղքատութիւն. գիտէի, որ հայերու մէջ եւս կան համեստ պայմաններով ապրող հայորդիներ, սակայն այդ բոլորը շատ աւելի պարզ ու յստակ դարձաւ, երբ մարդասիրական յանձնախումբի մը որպէս անդամ սկսանք Լիբանանի մէջ աղքատ հայորդիներու տուները այցելել: Այդ օր փաստեցի, որ աղքատութիւնը շատ աւելի տարբեր, շատ աւելի ահաւոր տեսք մը ունի, քան այն՝ ինչ որ կը տեսնենք ժապաւէններու կամ հեռուստատեսութեան ճամբով:
Տակաւին նոր քսան տարեկան, դժուար էր ըմբռնել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ տուներու մէջ գտնուին հայ երեխաներ, որոնք նիւթական դժուարին վիճակներու պատճառով դուրս կը մնան հայկական ԱԶԳԱՅԻՆ վարժարաններէ. դժուար էր ըմբռնել, թէ եկեղեցւոյ կամ կուսակցական ակումբի մը հարեւանութեամբ ապրող ծերուկ մը ինչպէ՞ս կրնար անօթի մնալ. դժուար էր ըմբռնել, թէ ինչպէ՞ս բազմատասնեակ հայորդիներ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով իրենց առողջութիւնը պայմանաւորող դեղերէն կը զրկուէին, երբ ունէինք աւելի քան երկու հայկական բժշկական կենդրոններ:
Բագրատունիներու Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորի հիմնած դպրոցները, հիւանդանոցները, անկելանոցներն ու մարդասիրական այլ կազմակերպութիւններ ի՞նչ ձեւով կը գործէին, չե՛մ գիտեր, սակայն ժողովուրդին կողմէ անոր տրուող «Ողորմած» ու «բարեգործ» յորջորջումները փաստն են անոր, որ անոնք այն չէին՝ ինչ որ են այսօր:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը եկեղեցիին, կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն որպէս հայանպաստ հիմնարկներ տեսնելու փոխարէն որպէս դրամատիրական կազմակերպութիւններ կը տեսնեն:
Եթէ շատեր պիտի յանդգնին յիշել անցնող մի քանի տարիներուն եղած օգնութիւնները, հետեւեալ օրինակը թող վերցնեն. մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ Թիֆլիզի նպաստի յանձնաժողովը կ՚որոշէ աղքատութեան մէջ տառապող մեր հայորդի Խաչենցիներուն օգնութիւն ցուցաբերել. այդ օրերուն Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթը չորեքշաբթի, 17 մայիս 1906-ի իր թիւին Բ. էջին մէջ կը գրէ. «Թիֆլիզի նպաստամատոյց յանձնաժողովը 1500 պուդ ալիւր եւ 1000 փող յատկացուցած է Խաչենի կարօտեալներուն: Կաթիլ մը՝ ծովուն մէջ»:
Օրաթերթը կը յայտնէ, թէ «աւելի քան երկու հազար ընտանիքներ կը տառապին սովի ճիրաններուն մէջ. հիմնայատակ եղած գիւղերու բնակիչները դուռէ դուռ մուրացկանութիւն կը կատարեն...»: Անցեալին, ինչպէս նաեւ այսօր տարբեր չէ պարագան թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի գիւղերու մէջ ապրող հայորդիներէն շատերուն համար:
Շատ անգամ որոշում կը կայացնեմ երբեք չգրելու եկեղեցւոյ, կուսակցութիւններուն եւ հայկական կազմակերպութիւններու շուրջ, սակայն չեմ կրնար հանդուրժել կարգ մը ճշմարտութիւններ: Չեմ կրնար հանդուրժել, երբ կը տեսնեմ հայ երիտասարդ զոյգեր, Հայ Եկեղեցւոյ պսակադրութեան արարողութեան համար պահանջած գումարը չունենալու պատճառով իրենց պսակադրութիւնը կը կատարեն արաբական եկեղեցւոյ մէջ. եթէ այդ երիտասարդները ի վիճակի չեն ու որպէս զաւակ իրեն ծնողքէն լոկ անտարբերութիւն կը տեսնեն, կը նշանակէ հոն սխալ բան մը կայ: Չեմ կրնար հանդուրժել, երբ հայ ծնողներ նիւթական անտրամաբանական մրցակցութեան որպէս զոհ իրենց զաւակները ստիպուած հանելով հայկական վարժարաններէն արաբական տեղական վարժարաններ կը ղրկեն. պէտք է յստակ վերամշակել. հայկական դպրոցներուն նպատակը նիւթական ապահովե՞լն էր, թէ սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայապահպանման ծառայութիւն կատարելը:
Մեր մէջ հիմնուած են բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք նպատակ ունեցած են հարստացնել ժողովուրդը ու բարելաւել անոնց կեանքը. ժողովուրդը մնացած է նոյնը, մինչ այդ կազմակերպութիւնները տարօրինակ կերպով հարստացած են, Թիֆլիզի նպաստի կազմակերպութեան նման ծովուն մէջ կաթիլ մը տալով ժողովուրդին:
Կ՚ուզեմ հասկնալ, թէ ի՞նչ իմաստ ունի ունենալ հարուստ եկեղեցի, հարուստ կուսակցութիւն, հարուստ կազմակերպութիւններ՝ հազարաւոր կարիքաւոր հայերով: Այդ մէկը կը նմանի պարզապէս շինուած աղբիւրի մը՝ որմէ տակաւին ջուր չի հոսիր. աղբիւրը շինողները զարմացած հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ մարդիկ չեն գար «ջուր խմելու...»:
Մարդասիրութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը այսօր բառարանային բառեր են, հեռու մեր շրջանակներէն, հեռու մեր ընկերային կեանքէն ու առօրեայէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԱՆՈՒԷԼ ՋԱԽՋԱԽԵԱՆ
(1770-1835)
Մեր թուականէն 252 տարիներ առաջ՝ 25 մարտ 1770-ին Կիւմիւշխանէի մէջ ծնած է բանաստեղծ, թարգմանիչ, բառարանագիր եւ խմբագիր Մանուէլ Ջախջախեան:
Ջախջախեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա մեկնած է Վենետիկ, ուր 1791 թուականին դարձած է Մխիթարեան միաբանութեան անդամ: Ջախջախեան քարոզխօսութեան կողքին զբաղուած է նաեւ մանկավարժական եւ գիտական գործունէութեամբ. 1815-1816 թուականներուն խմբագրած է «Դիտակ Բիւզանդիոն» պարբերականը:
Ջախջախեան գրած է բանաստեղծութիւններ ու հրապարակախօսութիւններ, որոնք շատ անգամ հրատարակուած են «Վահրամ Ռուբինեան» ստորագրութեամբ: Անոր գործերէն շատեր հրատարակուած է «Մխիթարեան Տաղարան» ժողովածուին մէջ:
Ստեղծագործութեան կողքին Ջախջախեան կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք, հայերէնի թարգմանելով Գ. Գոռացցայի «Արհեստ բարւոյ սիրելոյ», Սալոմոն Կենսների «Քերթուածն ի մահն Աբէլի» գործերն ու ուրիշներ:
Ջախջախեանի ամենէն կարեւոր գործը 1804 թուականին հրատարակած «Բառարան յիտալական լեզուէ ի հայ եւ ի տաճիկ» բառարանային աշխատութիւնն է, որ իր մէջ բառերու կողքին ներառած է նաեւ տեղանուններ, անձնանուններ եւ բազմաթիւ փոխառութիւններ. Ջախջախեանի այս գործը արժանացած է բազմաթիւ հրատարակութիւններու:
Ջախջախեան վախճանած է 5 յունուար 1835 թուականին, Վենետիկի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024