«ՔԵԶ ՔՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎԴ ԿԱՆՉԵՑԻ»
Եսայի մարգարէին միջոցաւ Ամենակալն Աստուած Իր ժողովուրդին կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, վասնզի Ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն Իմս ես» (Ես 43.1): Այս խօսքը սակայն, ո՛չ թէ միայն հրեայ ժողովուրդին ուղղուած էր այն ժամանակ, այլ՝ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն:
Արդարեւ, այսօրուան մեր աշխարհին մէջ շատեր կ՚ըսեն՝ «այսքան բազմամիլիառնոց մարդոց մէջէն, հիմա Աստուած իմ ըրածս պիտի տեսնէ կամ իմ ըսածս պիտի լսէ», եւ նման արտայայտութիւններ ունենալով կը փորձեն խուսափիլ Աստուծոյ ամենակարողութենէն: Սակայն, այս համարով Աստուած կու գայ մեզմէ իւրաքանչիւրին ըսելու՝ «մի՛ վախնար, վասնզի Ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն Իմս ես»: Աստուած մեր անուններով մեզ գիտէ եւ մեզ մեր անուններով կը ճանչնայ, գիտէ մեր ամէն ինչը, բան չկայ որ մեր մասին չիմանայ:
Այսօր, երբ արդէն քառասնորդաց պահեցողութեան 27-րդ օրն է, ո՜վ պահեցող, ականջդ լաւ բաց եւ լա՛ւ լսէ Աստուծոյ սա խօսքը, որ քեզ քու անունովդ կը կանչէ, որ քեզ փրկած է եւ դուն Անորն ես:
Արդ՝
Մի՛ փորձեր խաբել զԱստուած:
Մի՛ փորձեր Աստուծոյ հետ սակարկութեան մտնել:
Մի՛ փորձեր Աստուծոյ անունը օգտագործել քու փառքիդ համար, որովհետեւ Ան քեզ փրկած է քու անունդ իմանալով, ատոր փոխարէն դուն Անոր սուրբ անունը մի՛ անրագեր:
Մի՛ փորձեր մարդոց աչքին յարգի երեւալ, որովհետեւ ատով բան չես շահիր. աշխատէ՛ աւելի յարգի երեւալ Հօր Աստուծոյ աչքին:
Մի՛ փորձեր քու «քրիստոնավայել» արարքներովդ շահած փրկութիւնդ կորսնցնել:
Մի՛ փորձեր քու սնապարծութեանդ պատճառով, անունդ մոռցնել տալ Աստուծոյ:
Այլ՝
Աշխատէ՛ անունդ միշտ ամրագրուած պահել Աստուծոյ Մատեանին մէջ:
Աշխատէ՛ միշտ լսել Աստուծոյ ձայնը, որ քեզ քու անունվդ կը կանչէ:
Աշխատէ՛ պահել փրկութիւնը, զոր ստացար Քրիստոսի զոհագործումով:
Աշխատէ՛ ըլլալ այնպիսին, որու մէջ Աստուծոյ փառքը կը ցոլայ:
Ի վերջոյ, աշխատէ՛ միշտ Աստուծոյ անունը սուրբ պահել ու փառաբանել քու արարքներովդ, առաքինութիւններովդ եւ ունեցած հաւատարմութեամբդ՝ Աստուծոյ նկատմամբ:
Քսանեօթներորդ օրուան մարտահրաւէր. աշխատինք մեր ականջները մաքրել, լսելու համար Աստուծոյ ձայնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ