ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ
Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր ջանքեր կը գործադրէ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ղեկավարները մէկտեղելու համար։
Արեւմտեան պլոքը, որ Մոսկուայի դէմ խիստ պատժամիջոցներ սահմանած է, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ելքեր կ՚որոնէ յառաջացած խնդիրները լուծելու համար։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուի աւելցնել դէպի Եւրոպա բնական կազի առաքումները։ Առկայ ծանր իրադրութեան մէջ Եւրոմիութեան օրակարգին վրայ հրատապ առաջնահերթութիւն դարձած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խնդիրները։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Արեւմուտքը համընդհանուր պատերազմ մը հռչակած է իր երկրին դէմ։ Քիեւի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Ուքրայնայի 14 քաղաքներու քաղաքապետներ գերեվարուած են Ռուսաստանի կողմէ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովն ալ երէկ երկրորդ բանաձեւ մը ընդունեց Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի բռնագրաւման շուրջ։ Համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն 140-ը կոչ ուղղեց, որպէսզի բռնագրաւումը ժամ առաջ դադրի։ Այդ բանաձեւով Ռուսաստանէն պահանջուեցաւ բոլոր զօրքերը դուրս բերել Ուքրայնայի տարածքէն։
Քիեւի կողմէ առաջարկուած այս նախագիծը պատրաստուած էր Ֆրանսայի եւ Մեքսիկայի նախաձեռնութեամբ։ Միջազգային լրահոսին վրայ արձագանգ կը գտնէ, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնն ալ կը պատրաստուի հերթական հեռախօսազրոյցը ունենալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։