ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երբ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ դարձեալ Ատրպէյճանի քայլերուն հետեւանքով տագնապալի վիճակ եւ լարուածութիւն, բախումներ եւ շփման գծի խախտումներ տեղի կ՚ունենան Արցախի մէջ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին ներքեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու ներխուժումէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը։ Փաշինեան կացութիւնը որակած է լարուած։ Ան հարցադրում ըրած է՝ տուեալ իրավիճակի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններու հետաքննութեան մասին։ Փաշինեան անհրաժեշտ պահանջ համարած է, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերադարձուին իրենց ելման դիրքերը։ Փաշինեան եւ Փութին համաձայնած են ջանքեր գործադրել Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ։

Այս հեռախօսազրոյցէն առաջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Նիկոլ Փաշինեան ապրիլի երկրորդ տասնօրեակին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ «ԹԱՍՍ»ի հաղորդումներով, քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղէ ներս իրավիճակի կարգաւորման ուղիները։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ խորապէս անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ատրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը հանդէս եկած է համապատասխան յայտարարութիւնով մը։ Աւելի ուշ պետական քարտուղարութիւնը երկրորդ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժը որակելով անպատասխանատու եւ սադրիչ։

Փարիզի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը առկայ լարուածութեան կապակցութեամբ հրապարակեց յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ Քէ տ՚Օրսէի կողմէ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Ատրպէյճան ետ քաշէ իր զօրքերը Փառուխի եւ Հրամորթի շրջաններէն։

Ստեփանակերտի հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերուն հետ ծագած փոխադարձ հրաձգութեան հետեւանքով Արցախի Պաշտպանութեան բանակը տուած է երեք զոհ, նաեւ վիրաւորներ։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ մասնաւորապէս նշուած է հետեւեալը. «Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը չէ յաջողած լուծել իր առաքելութեան շրջանակի հիմնական խնդիրը, որովհետեւ մարտի 24-ին Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղ ու յարակից տարածքներ ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն մնալ իրենց տեղը»։

Իր կարգին, Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Պապայեան երէկ յայտնեց, որ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը շաբաթ մը առաջ Փառուխ գիւղէն հանած էին իրենց դիրքերը։ Ռուսական կողմը այդ ժամանակ ըսած է, թէ որեւէ խնդիր չ՚ըլլար։ Պապայեանի խօսքով՝ դիրքերը հանուած են, բայց, յետոյ պարզուած է, որ Ատրպէյճան եկած այնտեղ նստած է։ Այժմ ռուսական կողմը գացած է այդ հարցը լուծելու։ «Ընդհանրապէս բնագիծ գոյութիւն չունի եւ ոչ միայն այդտեղ, այլեւ բազմաթիւ տեղերու մէջ», ըսաւ Պապայեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Հանդիպման ընթացքին նախարարը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու վերադարձը՝ մարտի 23-ի ելման դիրքեր։ Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ հայկական կողմի դիրքորոշումը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ՝ այդ համատեսքէն ներս ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերը։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022