ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԶԷՆՔԵՐԸ
Մեծ պահոց 29-րդ օրն է արդէն:
Ճանապրհորդութեան համար շատ չմնաց եւ արդէն սկսանք այն հանգրուանին, ուր այլեւս պիտի դիմաւորենք մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը:
Ճշմարիտ պահեցողութեան համար անհրաժեշտ է ճշմարիտ պատրաստուածութիւն ու ճշմարիտ գիտակցութիւն: Եթէ չկայ ճշմարիտ պատրաստուածութիւնն ու ճշմարիտ գիտակցութիւնը, պահեցողութիւը կը դադրի նպատակի ծառայելէ:
Վստահաբար շատեր ճանապարհորդութեան առաջին օրէն լաւապէս զինուած էին եւ իրենց ընթացքը լաւապէս կ՚անցընեն, որովհետեւ վստահած են Աստուծոյ ողորմութեան եւ զօրութեան եւ իրենց նպատակն է զԱստուած զգալ ու ապրիլ Անոր ներկայութեան մէջ:
Պահեցողութեան վերջին այս հանգրուանին սակայն շատ աւելի զգոյշ եւ զգօն պէտք է ըլլանք, որովհետեւ պահեցողութեան թշնամին՝ սատանան, բազմաթիւ ձեւերով կը փորձէ մինչեւ այսօր մեր ձեռք բերածը ոչնչացնել: Մեզի կը մնայ որոշումը, կա՛մ կը շարունակենք եւ ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդենք մեր պահեցողութիւնը եւ կամ ալ տկարանալով կը յանձնուինք չարին:
Չյանձնուելու ու չտկարանալու համար սակայն պէտք է լաւապէս զինուինք: Լսենք, թէ Ղպտի Եկեղեցւոյ նախկին պատրիարքներէն մէկը ինչ կ՚ըսէ. «Պահեցողութիւնդ ընկերակից թող ունենայ.-
1) Աղօթք։
Եւ 2) Սուրբ Գիրքի, հոգեւոր գրականութեան եւ սուրբերու կեանքէն ընթերցանութիւններ» (Կիւրեղ Զ. Հայրապետ):
Հետեւաբար, պահեցողութեան մնացեալ այս ժամանակահատուածին համար ալ աւելի շատցնենք մեր աղօթքները, Սուրբ Գիրքի, հոգեւոր գրականութեան եւ սուրբերու վարքերու ընթերցանութիւնը, որպէսզի տեղի չտանք չարին մեր վրայ յարձակելու, ընդհակառակը այս զէնքերով զօրանալով քայլ մը աւելի առաջանանք դէպի Աստուած, որպէսզի մաքուր սիրտով կարենանք դիմաւորել զԻնք:
Քսանիններորդ օրուան մարտահրաւէր. Չկարծենք, թէ պահքը արդէն աւարտած է, ընդհակառակը հիմա՛ է, որ կը սկսի, այդ պատճառով ալ աշխատինք զօրաւոր մնալ դիմակայելու համար ամէն տեսակի փորձութիւններու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ